Միջազգային

Միացեալ Նահանգներ-Իրան  Փոխադարձ Յարձակումներ

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխադարձ Յարձակումներ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրան իսկապէս կ՛ուզէ համաձայնութիւն կնքել, եւ անիկա Միացեալ Նահանգներուն եւ մեր կողքին կանգնողներուն համար լաւ համաձայնութիւն մը պիտի ըլլայ»: «Դեմոկրատականները եւ շարք մը հանրապետականներ, որոնք կը թուի, թէ հայրենասէրներ չեն, արդեօք չե՞ն անդրադառնար, թէ ինծի համար շատ դժուար կ՛ըլլայ աշխատանքս ճիշդ ձեւով կատարել ու բանակցիլ, երբ քաղաքական վարձկանները կը շարունակեն աննախադէպ մակարդակներով ժխտական շատախօսութիւն...

Թրամփ. «Ուաշինկթըն Իրանի Հետ  Շատ Լաւ Գործարքի Կը Մօտենայ»

Թրամփ. «Ուաշինկթըն Իրանի Հետ Շատ Լաւ Գործարքի Կը Մօտենայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն Իրանի հետ «շատ լաւ գործարքի» կը մօտենայ, սակայն ընդգծեց, որ բանակցութիւններու տապալման պարագային զինուորական գործողութիւններու տարբերակը սեղանին վրայ կը մնայ: Ան այս մասին յայտնեց «Ֆոքս Նիուզ»-ին: «Ասիկա արդէն իսկ յաղթանակ է: Մենք անոնց բանակը պարտութեան մատնած ենք, անոնց բանակը ըստ էութեան պարտութեան մատնած ենք», ըսաւ Թրամփ իր հարսին` «Ֆոքս Նիուզ»-ի մեկնաբան Լարա...

Փարիզ Սեն Ժերմենի Արձանագրած Յաղթանակէն Ետք,  Ֆրանսական Շարք Մը Քաղաքներու Մէջ Անկարգութիւններ

Փարիզ Սեն Ժերմենի Արձանագրած Յաղթանակէն Ետք, Ֆրանսական Շարք Մը Քաղաքներու Մէջ Անկարգութիւններ

Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի խումբի Պուտափեշտի մէջ Եւրոպայի ախոյեան խումբերու ախոյեանութեան աւարտական մրցումին բրիտանական Արսենալ խումբին վրայ արձանագրած յաղթանակէն ետք, կիրակի արշալոյսին «Փարք տէ Փրենս» մարզադաշտին մօտ հրդեհներ յառաջացան, անկարգութիւններ տեղի ունեցան եւ համատարած իրարանցում տիրեց: Ոստիկանութիւնը միջամտեց` կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու համար, եւ հաւաքուած բազմութիւնը ցրուելու նպատակով օգտագործեց արցունքաբեր կազ: Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Լորան Նունիեզ յայտարարեց, թէ ոստիկանութիւնը...

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխըմբռնման  Յուշագիրի Մը Ձեռքբերումը Մօտալուտ Կը Թուի

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխըմբռնման Յուշագիրի Մը Ձեռքբերումը Մօտալուտ Կը Թուի

Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` «խաղաղութեան հաստատման անոր արտակարգ ջանքերուն եւ շաբաթ օր Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յորդանանի եւ Փաքիստանի ղեկավարներուն հետ արդիւնաւէտ ու չափազանց օգտակար հեռաձայնային զրոյց կատարելուն համար»: «(Փաքիստանեան) բանակի հրամանատար զօր. Ասեմ Մունիր հեռաձայնային այս հաղորդակցութեան մէջ ներկայացուց Փաքիստանը: Խոր գնահատանքս կը յայտնեմ` ամբողջ հոլովոյթին ընթացքին անոր խոր...

Ուրալօղլու. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Մեզի Համար  Անփոխարինելի Նախագիծերէն Է»

Ըստ Ազրպէյճանցի Պաշտօնատարի Մը. Զանգեզուրի Միջանցք-ի Իրագործումը Կը Շարունակուի

«Զանգեզուրի միջանցք»-ի իրագործումը կը շարունակուի», յայտարարած է Ջաբրայիլի, Գուբադլիի եւ Զանգելանի շրջաններուն մէջ Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Վահիտ Հաճիեւ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանցի պաշտօնատարը յայտարարած է. «Այս նախագիծի իրականացումը ոչ միայն Ազրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ ուղղակի ցամաքային կապ պիտի ապահովէ, այլ նաեւ պիտի ստեղծէ միասնական օղակաձեւ երկաթուղային ցանց` տարեկան յաւելեալ 15 միլիոն թոն բեռ տարանցելու...

Իսլամապատ. «Փաքիստանի Վարչապետը Չինաստանի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Եւ Իրանի Պատերազմին  Վերջ Տալու Միացեալ Նախաձեռնութիւն Մը Պիտի Քննարկէ»

Իսլամապատ. «Փաքիստանի Վարչապետը Չինաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Իրանի Պատերազմին Վերջ Տալու Միացեալ Նախաձեռնութիւն Մը Պիտի Քննարկէ»

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թահեր Անտրապի յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ խաղաղութիւնը «Փաքիստանի համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարց է»: Ան նշեց, որ ատիկա կ՛արտացոլայ վարչապետի ղեկավարութեամբ Իսլամապատի թափած ամբողջ ջանքին մէջ: Անտրապի ըսաւ, որ Չինաստան կը զօրակցի փաքիստանեան միջնորդական ջանքերուն եւ Փաքիստանի հետ 5 կէտերէ բաղկացած նախաձեռնութիւն մը պատրաստած է: Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուց, որ իր...

Սուրիոյ Կառավարութիւնը «Ահաբեկչական  Կառավարութիւն» Կոչելով`  Շէյխ Հըժրի. «Սուրիայէն Անջատուելու  Որոշումը Բանակցելի Չէ»

Սուրիոյ Կառավարութիւնը «Ահաբեկչական Կառավարութիւն» Կոչելով` Շէյխ Հըժրի. «Սուրիայէն Անջատուելու Որոշումը Բանակցելի Չէ»

Սուէյտայի մէջ տիւրզիներու հոգեւոր ղեկավար շէյխ Հիքմեթ Հըժրի յայտնեց, որ Ժապալ Պաշանի ինքնակառավարման մարմինի կազմութիւնը Սուրիոյ մէջ Դամասկոսի կառավարութենէն ամբողջովին անջատ է եւ անկէ ետդարձ չկայ: Շէյխ Հըժրի շեշտեց, որ տիւրզիներու պահանջները բանակցելի չեն, եւ «ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկման ուղղութեամբ երթը այլեւս հաստատ քայլերով կ՛ընթանայ` հեռու մնալով տիրապետութենէն խմբաւորումներու, որոնց հետ համակեցութիւնը, ինչպէս իրողութիւնները փաստեցին, անկարելի է»: «Այս լերան վրայ չկայ...

Թրամփ. «Իրանի Հետ Բանակցութիւններու  Վերջին Փուլերուն Մէջ Ենք»

Թրամփ. «Իրանի Հետ Բանակցութիւններու Վերջին Փուլերուն Մէջ Ենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրանի հետ բանակցութիւններու վերջին փուլերուն մէջ ենք»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանը: Ան աւելի ուշ ալ յայտնեց. «Եթէ Իրանէն 100 առ հարիւրով ճիշդ պատասխաններ ստանանք, բաւական ժամանակ, ջանք եւ կեանքեր պիտի խնայենք: Հարցերը կրնան շատ արագ ընթանալ կամ կրնան քանի մը օր տեւել, սակայն նաեւ չափազանց արագ կրնան աւարտիլ»: «Եթէ կարողացանք որոշումը...

Փաքիստանի Վարչապետը 23-էն  26 Մայիս Փեքին Կ՛այցելէ

Փաքիստանի Վարչապետը 23-էն 26 Մայիս Փեքին Կ՛այցելէ

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ շաբաթ օր կը ձեռնարկէ Չինաստան այցելութեան մը, որ կ՛աւարտի երեքշաբթի օր: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Կու Ճիաքուն պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այցելութեան ընթացքին նաեւ իրանեան հարցը պիտի քննարկուի՞, յայտնեց. «Չինաստան կը զօրակցի խաղաղութեան իրագործման եւ պատերազմին վերջ տալու համար Փաքիստանի արդար ու հաւասարակշռուած միջնորդութեան»:

Նախիջեւանի Մէջ «Վերադարձ Արեւմտեան Ազրպէյճան»  Փառատօն-Խորհրդաժողով Տեղի Պիտի Ունենայ

Նախիջեւանի Մէջ «Վերադարձ Արեւմտեան Ազրպէյճան» Փառատօն-Խորհրդաժողով Տեղի Պիտի Ունենայ

Նախիջեւանի մէջ պիտի կազմակերպուի «Վերադարձ Արեւմտեան Ազրպէյճան» երրորդ փառատօն-խորհրդաժողովը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Ռիփորթ» կայքը: Ազրպէյճանական կայքին համաձայն, փառատօն-խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 18-19 յունիսին Օրտուպատի մէջ` Նախիջեւանի մէջ Ազրպէյճանի նախագահի ներկայացուցչութեան, գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան, Նախիջեւանի պետական համալսարանի եւ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի միացեալ կազմակերպութեամբ: Խորհրդաժողովի ընթացքին կը նախատեսուին գիտնականներու, հետազօտողներու եւ հասարակական գործիչներու...

Իսրայէլի Մէջ Արտակարգ Խորհրդարանական  Ընտրութիւններ Կրնան Տեղի Ունենալ

Իսրայէլի Մէջ Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Կրնան Տեղի Ունենալ

Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը նախնական ընթերցումով հաւանութիւն տուաւ ինքնալուծարման օրինագիծին. երկիրը կը շարժի դէպի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: 120 աթոռներ հաշուող խորհրդարանը լուծարելու նախագիծը որդեգրուեցաւ 110 թեր եւ 0 դէմ քուէներով: Օրինագիծի վերջնական որդեգրումը, սակայն, կրնայ շաբաթներ տեւել: Քնեսեթը լուծարելու նախագիծը ներկայացուց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը, երբ Նեթանիահուին աւանդաբար աջակցող ծայրայեղ ուղղափառ կուսակցութիւնները դժգոհեցան, որ...

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Պատերազմը  Շատ Արագ Պիտի Աւարտենք»

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Պատերազմը Շատ Արագ Պիտի Աւարտենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանի մէջ հոյակապ աշխատանք կատարեցինք, եւ անոնք պիտի չկարենան հիւլէական զէնք ձեռք ձգել»: «Իրանի դէմ պատերազմը շատ արագ պիտի աւարտենք, եւ իրանցիները շատ կ՛ուզեն գործարք կնքել», նշեց Թրամփ: «Իրանցիները ձանձրացան հակամարտութենէն, եւ կը յուսանք պատերազմին արագ կարգաւորման հասնիլ եւ զայն աւարտել ազնիւ կերպով», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը: «Քարիւղի գիները շուտով մեծապէս պիտի նուազին, որովհետեւ...

Շի Փութինի Հետ Երկու Երկիրներու  Յարաբերութիւնները Խորացնելու Միացեալ  Յայտարարութեան Ստորագրումը Յայտարարեց

Շի Փութինի Հետ Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւնները Խորացնելու Միացեալ Յայտարարութեան Ստորագրումը Յայտարարեց

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երեքշաբթի երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Փեքին: Ան երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիան պատրաստ է գործընկերներու, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցելու: Նեղ ձեւաչափով հանդիպումէն ետք Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ Փութինի բանակցութիւնները շարունակուեցան ընդլայնուած կազմով. անոնց միացաւ պատուիրակութիւններու հիմնական մասը: Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ Փեքինի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններէն ետք յայտարարեց, որ անոր հետ ստորագրած...

Տմիթրիեւ. «Ուիթքոֆ Մօտ Օրէն  Ռուսիա Պիտի Այցելէ»

Տմիթրիեւ. «Ուիթքոֆ Մօտ Օրէն Ռուսիա Պիտի Այցելէ»

Ռուսիոյ նախագահի արտասահմանեան երկիրներու հետ ներդրումային եւ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տմիթրիեւ յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ «մօտ օրէն» Ռուսիա պիտի այցելէ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Լեյեն. «Անկայուն Շրջանի Մը Մէջ  Թուրքիան Կարեւոր Գործընկեր Է»

Լեյեն. «Անկայուն Շրջանի Մը Մէջ Թուրքիան Կարեւոր Գործընկեր Է»

Անկայուն շրջանին մէջ Թուրքիան կարեւոր գործընկեր է: «Էքս»-ի վրայ այս մասին գրած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն` յայտնելով, որ «շատ լաւ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: «Մեր շահերը կը համընկնին` պահպանելով առեւտրական ուղիներու բաց ըլլալը, ուժանիւթի հոսքը եւ մատակարարման շղթաներու կայունութիւնը: Մենք պիտի շարունակենք սերտօրէն համագործակցիլ այս առաջնահերթութիւններուն շուրջ», գրած է Եւրոպական...

Իրանի Վրայ Յարձակումի Յետաձգումը Յայտարարելով`  Թրամփ. «Իրանի Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ  Չափազանց Դրական Զարգացում Գոյութիւն Ունի»

Իրանի Վրայ Յարձակումի Յետաձգումը Յայտարարելով` Թրամփ. «Իրանի Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Չափազանց Դրական Զարգացում Գոյութիւն Ունի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Քաթարի իշխանը, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահը իրմէ խնդրած են յետաձգել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ ծրագրուած զինուորական յարձակումը, որ երէկ պիտի գործադրուէր, «սակայն ներկայիս լաւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, եւ անոնց` իբրեւ մեծ ղեկավարներ եւ դաշնակիցներ, կարծիքին համաձայն, Միացեալ Նահանգներուն եւ Միջին Արեւելքի եւ անկէ դուրս բոլոր պետութիւններուն համար շատ ընդունելի...

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Քալլաս Պիտի Չկարենայ Ռուսիոյ Հետ  Իբրեւ Բանակցող Հանդէս Գալ

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի. Քալլաս Պիտի Չկարենայ Ռուսիոյ Հետ Իբրեւ Բանակցող Հանդէս Գալ

Եւրոպական Միութեան մէջ յայտարարած են, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս հակառուս դիրքորոշման պատճառով ուքրանական ճգնաժամի կարգաւորման հոլովոյթին մէջ պիտի չկարենայ հանդէս գալ իբրեւ եւրոպական համայնքին կողմէ բանակցող: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ» օրաթերթը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն: «Ցաւօք, ան ինքզինք ջնջած է բանակցողներու ցուցակէն», յայտարարած է Եւրոպական Միութեան անանուն դիւանագէտը: Օրաթերթը կը ներկայացնէ նաեւ...

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի.  Թրամփ Փեքինի Մէջ Առաջարկած Է,  Որ Միացեալ Նահանգները, Չինաստանն Ու Ռուսիան  Միասին Պայքարին Միջազգային  Քրէական Դատարանին Դէմ

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի. Թրամփ Փեքինի Մէջ Առաջարկած Է, Որ Միացեալ Նահանգները, Չինաստանն Ու Ռուսիան Միասին Պայքարին Միջազգային Քրէական Դատարանին Դէմ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկին առաջարկած է, որ Միացեալ Նահանգները, Չինաստանը եւ Ռուսիան Միջազգային քրէական դատարանին դէմ պայքարին մէջ իրենց ջանքերը միաւորեն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով երկու ղեկավարներու բանակցութիւններուն մանրամասնութիւններուն ծանօթ աղբիւրներուն: Բրիտանական օրաթերթին տեղեկութիւններով` Միացեալ Նահանգներու նախագահը այս հարցին մէջ համագործակցութեան մասին յայտնած է Չինաստան իր վերջերս կատարած այցելութեան ժամանակ:...

Ըն. «Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաներու  Սահմանը Պէտք Է Անառիկ Ամրոց Դառնայ»

Ըն. «Հիւսիսային Եւ Հարաւային Քորէաներու Սահմանը Պէտք Է Անառիկ Ամրոց Դառնայ»

Հիւսիսային Քորէայի եւ Հարաւային Քորէայի սահմանը պէտք է դառնայ անառիկ ամրոց: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ըն: Քորէայի կեդրոնական հեռագրական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան նման պահանջ ներկայացուցած է զօրամասերու եւ զօրաբաժիններու հրամանատարներուն հետ հանդիպումի ընթացքին: «Ան մասնաւորաբար անդրադարձած է տարածքի պաշտպանութեան վերաբերեալ մեր կուսակցութեան քաղաքականութեան, որ ուղղուած է հարաւային սահմանը...

Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ի.  Սթարմըր Համաձայն Է Վարչապետի Պաշտօնը Լքելու,  Սակայն Կ՛ուզէ Իր Պայմաններով Հրաժարական Տալ

Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ի. Սթարմըր Համաձայն Է Վարչապետի Պաշտօնը Լքելու, Սակայն Կ՛ուզէ Իր Պայմաններով Հրաժարական Տալ

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր իր մերձաւորներուն յայտնած է, թէ մտադիր է հրաժարիլ: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը: «Ան կը հասկնայ, որ ներկայ քաոսը անկայուն է: Ան պարզապէս կ՛ուզէ ատիկա ընել արժանապատիւ կերպով եւ այնպէս, ինչպէս յարմար կը տեսնէ: Ան ժամակացոյց պիտի կազմէ», աղբիւրները յայտնած են օրաթերթին: Կը նշուի, որ իր լիազօրութիւնները վար դնելու մասին հաւանական յայտարարութեան թուականը...

Page 26 of 881 1 … 25 26 27 … 881

Արխիւներ