Միջազգային

Իրանի Կողմէ «Ափաչի»  Ուղղաթիռի Մը Վար Առնուելէն Ետք.  Միացեալ Նահանգներ-Իրան  Փոխադարձ Յարձակումներ

Իրանի Կողմէ «Ափաչի» Ուղղաթիռի Մը Վար Առնուելէն Ետք. Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխադարձ Յարձակումներ

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ շրջանին մէջ ամերիկեան օդուժի եւ ծովուժի ռազմակայաններուն վրայ հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով լայնածաւալ յարձակում գործած է` հակադարձելով գիշերուան ուշ ժամերուն հարաւային Իրանի տարբեր շրջաններուն վրայ ամերիկեան յարձակումներուն: Պահակագունդը յայտնեց, որ թիրախաւորած է ամերիկեան ռազմակայաններ, որոնց շարքին` Պահրէյնի մէջ ամերիկեան ծովուժի 5-րդ նաւատորմիղի կեդրոնատեղին, Քուէյթի մէջ «Ալի Սալեմ» ռազմակայանը եւ Յորդանանի մէջ «Ազրաք» ռազմակայանը` զգուշացնելով,...

Լիքուտ Կուսակցութիւն. «Նեթանիահուն  Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն  Պիտի Մասնակցի Եւ Պիտի Յաղթէ»

Լիքուտ Կուսակցութիւն. «Նեթանիահուն Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի Եւ Պիտի Յաղթէ»

Իսրայէլի իշխող Լիքուտ կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի եւ պիտի յաղթէ»: Նախքան այդ, ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատասխանելով Նեթանիահուի` իսրայէլեան յառաջիկայ ընտրութիւններուն դարձեալ իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին հարցումի մը, նշած է. «Ատիկա բաց հարցում է: Ես տեղեակ չեմ: Անոր ասպարէզի երթը հոյակապ էր: Կ՛ուզէ՞...

Թալեպան Շարժումը Կը Յայտնէ,  Թէ Աֆղանիստանի Մէջ  Փաքիստանեան Հարուածներուն  Պատճառով 13 Զոհ Արձանագրուած Է

Թալեպան Շարժումը Կը Յայտնէ, Թէ Աֆղանիստանի Մէջ Փաքիստանեան Հարուածներուն Պատճառով 13 Զոհ Արձանագրուած Է

Աֆղանիստանի երեք շրջաններու վրայ Փաքիստանի հարուածներէն ետք արձանագրուած են 13 զոհեր, որոնց շարքին` 11 մանուկներ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն, յայտարարած է Աֆղանիստանի մէջ իշխող Թալեպան շարժումի բանբերը: Զապիհուլլա Մուժահիտիի համաձայն, խաղաղ բնակիչներու տուներու ռմբակոծման պատճառով վիրաւորուած է 14 կին: Փաքիստանէն մեկնաբանութիւն տակաւին չկայ, սակայն ապահովական պաշտօնատարները «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ Իսլամապատը օդային հարուածներ հասցուցած է այն վայրերուն, որոնք, ըստ անոնց,...

Իսրայէլ Կ՛ընդլայնէ Կազայի Մէջ «Դեղին Գօտի»-ն

Իսրայէլ Կ՛ընդլայնէ Կազայի Մէջ «Դեղին Գօտի»-ն

Գահիրէի մէջ միջնորդները յայտնեցին, որ կը շարունակեն իրենց ջանքերը փրկելու Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ գոյացած զինադադարը, որ վերջ տուաւ մեծ բախումներուն, սակայն շարք մը կարեւոր հարցեր առանց լուծումի ձգեց։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա»-ն։ Իսրայէլ եւ Համաս շարժումը շարունակ զիրար կ՛ամբաստանեն զինադադարը խախտելու ամբաստանութեամբ։ Կազայի մէջ գործող առողջապահութեան ոլորտի պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ իսրայէլեան օդային յարձակումները զինադադարին ուժի մէջ մտնելէն ի...

Թրամփ. «Իսրայէլն Ու Իրանը Համաձայնած Են  Կրակոցը Մէկ Շաբաթով Դադրեցնելու»

Թրամփ. «Իսրայէլն Ու Իրանը Համաձայնած Են Կրակոցը Մէկ Շաբաթով Դադրեցնելու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իսրայէլն ու Իրանը համաձայնած են մէկ շաբաթով կամ աւելի ժամանակով դադրեցնելու կրակոցը: Անոր համաձայն, կողմերը կը գտնուին բանակցութիւններու եզրափակիչ փուլին մէջ, եւ համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ յառաջիկայ երկու-երեք օրուան ընթացքին: Թրամփ նշած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ յաջող զրոյցէն ետք կողմերը որոշած են դադրեցնել հարուածները եւ զիրար հանգիստ ձգել: Սպասուող գործարքը...

Կութիերես Կոչ Կ՛ուղղէ Պահպանելու  Հրադադարը Միջին Արեւելքի Մէջ

Կութիերես Կոչ Կ՛ուղղէ Պահպանելու Հրադադարը Միջին Արեւելքի Մէջ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես «խորապէս մտահոգուած է» Միջին Արեւելքի մէջ իրադրութեան սրումով և կոչ ուղղած է «անյապաղ դադրեցնելու» բոլոր յարձակումներն ու պահպանելու հրադադարը: «Լիբանանի, Իրանի եւ Կազայի մէջ հրադադարի դրութիւնը պէտք է լիովին յարգուի: Պէտք է խուսափիլ որեւէ քայլէ, որ կրնայ խաթարել շարունակական դիւանագիտական ջանքերը», յայտարարած է Կութիերես:

Քրեմլին. «Փութինի Եւ Թրամփի Միջեւ  Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան  Ծրագիրներ Չկան»

Քրեմլին. «Փութինի Եւ Թրամփի Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ծրագիրներ Չկան»

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց. «Ներկայիս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կատարելու որեւէ ծրագիր չկայ»: «Ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները կը շարունակեն Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ հաղորդակցութիւնները», աւելցուց ան: «Ուքրանիոյ հարցով միջնորդութիւնը ներկայիս դադրած է: Բայց եւ այնպէս, ամերիկացի երկու բանագնացները կը շարունակեն հաղորդակցութիւնները, եւ առկայ խողովակներու ճամբով մեզի...

Իրան-Իսրայէլ Փոխադարձ  Յարձակումները Դադրեցան

Իրան-Իսրայէլ Փոխադարձ Յարձակումները Դադրեցան

Երէկ Իսրայէլը եւ Իրանը փոխադարձ յարձակումներ կատարեցին, ինչ որ շրջանին մէջ յայտարարուած զինադադարը կը վտանգէ եւ կը սպառնայ ականահարել Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմին վերջ տուող համաձայնութեան մը գոյացման յոյսերը: Իրան Իսրայէլը հրթիռակոծեց` հակադարձելով Իսրայէլի կողմէ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ կատարուած յարձակումին, իսկ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Թեհրանին չհակադարձելու կոչը անտեսելով յարձակումներ շղթայազերծեց Իրանի դէմ: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը թիրախաւորեց...

Թրամփի Եւ Փութինի Հետ  Իր Հանդիպումէն Ետք.  Ճինփինկ Հիւսիսային Քորէա Այցելեց

Թրամփի Եւ Փութինի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Ճինփինկ Հիւսիսային Քորէա Այցելեց

Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ անցեալ ամիս յաջորդաբար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հիւրընկալելէ ետք, երէկ երկօրեայ այցելութեամբ հասաւ Հիւսիսային Քորէա: Ասիկա 2019 թուականէն ի վեր Չինաստանի նախագահի մը Փիոնկիանկ առաջին այցելութիւնն է: Չինաստանի նախագահը Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին պատրաստակամութիւն յայտնեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները նոր մակարդակներու բարձրացնելու համար գործակցելու: «Երկու կողմերը պէտք է ամրապնդեն դիւանագիտութեան, օրէնքի...

Պոլսոյ Մէջ Սկսաւ Ազրպէյճանի, Վրաստանի Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու  Հանդիպումը

Պոլսոյ Մէջ Սկսաւ Ազրպէյճանի, Վրաստանի Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

Պոլսոյ մէջ երէկ սկսած է Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ` Ճէյհուն Պայրամովի, Մաքա Պոճորիշվիլիի եւ Հաքան Ֆիտանի եռակողմ հանդիպումը: Ինչպէս յայտնած է ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, աւելի կանուխ կայացած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ:  

Փաքիստանի Ներքին Գործոց Նախարարը Թեհրանի Մէջ  Փաքիստանի Վարչապետէն Գերագոյն Հոգեւոր Պետին  Ուղղուած Նամակ Մը Յանձնեց

Փաքիստանի Ներքին Գործոց Նախարարը Թեհրանի Մէջ Փաքիստանի Վարչապետէն Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Ուղղուած Նամակ Մը Յանձնեց

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Փաքիստանի ներքին գործոց նախարար Մուհսեն Նաքուի Թեհրան իր այցելութեան ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի յանձնած է Փաքիստանի վարչապետէն Իրանի Գերագոյն հոգեւոր պետին ուղղուած նամակ մը: ԻՐՆԱ շաբաթ օր հաղորդած էր, թէ Փաքիստանի ներքին գործոց նախարարը, որ նոյն օրը Թեհրան հասած է, յայտնած է, որ իրեն հետ բերած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետին...

Չինաստան Թայուանի Մօտ Ռազմածովային  Գործողութեան Սկսած Է

Չինաստան Թայուանի Մօտ Ռազմածովային Գործողութեան Սկսած Է

Չինաստանը Թայուանի արեւելեան ափերուն մօտ սկսած է ծովային յատուկ գործողութեան` Ճափոնի եւ Ֆիլիփինի միջեւ այս շրջանին մէջ ծովային սահմաններու սահմանագծման շուրջ ընթացող բանակցութիւնները որակելով իր գերիշխանութեան կոպիտ խախտում: Փեքին յայտարարած է, թէ գործողութեան նպատակն է սեփական իրաւասութեան հաստատումն ու ազգային շահերու պաշտպանութիւնը: Ի պատասխան, Թայուան հերքած է այդ ջուրերուն մէջ Չինաստանի որեւէ գերիշխան իրաւունք եւ հինգ նաւեր ուղարկած` չինական ուժերու...

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի.  Իսրայէլ Իրանի Հետ Պատերազմի Ընթացքին  Ազրպէյճանի Մէջ Մասնայատուկ Ուժեր Տեղակայած Է

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Իսրայէլ Իրանի Հետ Պատերազմի Ընթացքին Ազրպէյճանի Մէջ Մասնայատուկ Ուժեր Տեղակայած Է

Աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Իսրայէլ Իրանի հետ պատերազմի ընթացքին գաղտնաբար Ազրպէյճանի մէջ զինուորական եւ հետախուզական մասնայատուկ ուժեր տեղակայած է` Իրանի դէմ գործողութիւնները դիւրացնելու համար Միջին Արեւելքի մէջ տարածուած գաղտնի դիրքերու ցանցի ծիրին մէջ: Աղբիւրները պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ այդ ուժերը գործած են Ազրպէյճանի հարաւը Իրանի հիւսիային սահմաններուն սահմանակից շարք մը դիրքերու մէջ, եւ 60 մղոն հեռաւորութեան վրայ...

Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»

Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»

«Ջրային հարստութիւններու պակասը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ ոչ միայն Ազրպէյճանի, այլ նաեւ մեր ամբողջ շրջանին մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օրուան առիթով հրապարակած իր ուղերձին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: «Կասպից ծովու մակարդակի նուազումը, որ կը մօտենայ վերջին երկու հարիւրամեակներու պատմական նուազագոյնին, այս խնդիրի լրջութեան վառ ապացոյցն է», յայտարարած է...

Շեւցով. «Թրամփի Ուղի»-ի Նպատակներէն Մէկը  Իրանի Սահմանին Վրայ Ամերիկեան Զինուորական  Եւ Հետախուզական Ներկայութեան Ապահովումն Է»

Շեւցով. «Թրամփի Ուղի»-ի Նպատակներէն Մէկը Իրանի Սահմանին Վրայ Ամերիկեան Զինուորական Եւ Հետախուզական Ներկայութեան Ապահովումն Է»

Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ալեքսէյ Շեւցով յայտարարած է. «Թրամփի ուղի»-ի նպատակներէն մէկը Իրանի սահմանին վրայ ամերիկեան զինուորական եւ հետախուզական ներկայութեան ապահովումն է»: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Մեր անդրովկիանոսեան գործընկերները լրջօրէն կ՛ապահովեն ամերիկեան բոլոր ներդրումներուն անվտանգութիւնը: Ի՞նչը անոնց կը խանգարէ այդ տարածք սեփական զինուորական ընկերութեան ներկայացուցիչներ ուղարկել: Եւ ակնյայտ է, թէ ատոր ինչպէ՛ս պիտի արձագանգեն իրանցիները», նշած է...

Արաղչի. «Բանակցային Հոլովոյթին Մէջ  Որեւէ Շօշափելի Յառաջընթաց  Չէ Արձանագրուած»

Արաղչի. «Բանակցային Հոլովոյթին Մէջ Որեւէ Շօշափելի Յառաջընթաց Չէ Արձանագրուած»

Ամերիկացիներու հետ կապը չէ ընդհատուած, եւ հաղորդակցութիւններ փոխանակուած են Պէյրութի վրայ յարձակումները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան հաղորդումով այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի: Արաղչի նաեւ ընդգծած է, թէ բանակցային հոլովոյթին մէջ որեւէ շօշափելի յառաջընթաց չէ արձանագրուած: Աղբիւրներ, սակայն, «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Ուաշինկթըն եւ Թեհրան փուլային համաձայնութեան կնքման կը մօտենան: Անոնք նշեցին,...

Դարձեալ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  Փոխադարձ Յարձակումներ

Դարձեալ Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխադարձ Յարձակումներ

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ամերիկեան բանակը «երէկ ուշ գիշերին» Հորմուզի նեղուցի մերձակայքին մէջ թիրախաւորած է իրանեան քարիւղատար նաւ մը, որուն շարժակներու սենեակը վնասուած է: Այդ յարձակումին իբրեւ հակադարձութիւն հրթիռներով թիրախաւորուած է ամերիկեան «Փանայա» նաւը: Յեղափոխական պահակագունդը նշեց, որ ամերիկեան ուժերը Քաշամ կղզիին վրայ իր հաղորդակցութեան մէկ աշտարակին վրայ օդային յարձակում գործած են, որուն իբրեւ հակադարձութիւն թիրախաւորուած...

Ուքրանիա Յարձակում Գործեց  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Գտնուող Ենթակառոյցներու Վրայ

Ուքրանիա Յարձակում Գործեց Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Գտնուող Ենթակառոյցներու Վրայ

Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու անօդաչու թռչող սարքերը յարձակած են Ս. Փեթերսպուրկի Քորնշթատթի, Քիրովի եւ Քրասնոսելսքի շրջաններուն մէջ գտնուող ենթակառոյցներու վրայ` պատճառելով վնասներ: Արձանագրուած են քանի մը վիրաւորներ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է քաղաքի կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ խափանումներ տեղի ունեցած են բջիջային համացանցի աշխատանքին մէջ: Քաղաքի «Փուլքովօ» օդակայանին մէջ չեղեալ նկատուած կամ յետաձգուած են...

Թրամփ. «Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին  Իրանի Հետ Շրջագծային  Համաձայնութիւն Կրնայ Կնքուիլ»

Թրամփ. «Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Իրանի Հետ Շրջագծային Համաձայնութիւն Կրնայ Կնքուիլ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթ կրնայ Իրանի հետ զինադադարի երկարաձգման եւ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման շրջագծային համաձայնութիւն կնքուիլ: Թրամփ «Էյ.Պի.Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ համաձայնութեան կարգ մը կէտերը տակաւին չեն վերջնականացած` աւելցնելով, որ տակաւին անոր վերջնական հաւանութիւն չէ տուած: «Իրանի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կրնայ նոյնիսկ զինուորական յաղթանակէն աւելի լաւ ըլլալ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով, որ...

Ֆիտան. «Իսրայէլն Ու Թուրքիան Կրնան  Առանց Որեւէ Խնդիրի Բնականոն  Յարաբերութիւններու Վերադառնալ»

Ֆիտան. «Իսրայէլն Ու Թուրքիան Կրնան Առանց Որեւէ Խնդիրի Բնականոն Յարաբերութիւններու Վերադառնալ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան ու Իսրայէլը կրնան լիարժէք բնականոն յարաբերութիւններու վերադառնալ, սակայն ատիկա պայմանաւորեց Իսրայէլի` «պաղեստինցիները սպաննելը» եւ «Կազայի մէջ հիմնական մարդկային կարիքներու հասանելիութեան արգելակումը» դադրեցնելով: Այս մասին հաղորդեց «Ռեկա նիուզ»-ը: Ֆիտան նաեւ ըսաւ, որ Իսրայէլ կրնայ Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի կողքին համարկուիլ շրջանային անվտանգութեան նոր հարթակին: Ան, սակայն, յստակ...

Page 25 of 881 1 … 24 25 26 … 881

Արխիւներ