Մինչ Անուղղակի Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին. Իրանի Վրայ Ամերիկեան-Իսրայէլեան Միացեալ Յարձակում Մը Հաւանակա՞ն
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ նշեց. «Իրանցիները անհամբեր կը սպասեն համաձայնութեան կնքման»: Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Փաքիստանի իշխանութիւնները երէկ գիշեր Իրանին յղեցին պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան առաջարկ մը»: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին իրանեան բանակցային պատուիրակութենէն աղբիւր մը վկայակոչելով հաղորդեց, որ Թեհրան փաքիստանցի պատուիրակին 14 կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթ մը յանձնած է: Փաքիստանի ներքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր...




















