Միջազգային

Թրամփ Եւ Փեզեշքիան Առցանց Ստորագրեցին  Փոխըմբռնման Յուշագիրը

Թրամփ Եւ Փեզեշքիան Առցանց Ստորագրեցին Փոխըմբռնման Յուշագիրը

Իրանի վրայ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմի 111-րդ օրը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Վերսայի մէջ, իսկ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան Թեհրանի մէջ առցանց ստորագրեցին իրենց երկիրներուն միջեւ գոյացած խաղաղութեան փոխըմբռնման յուշագիրը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Փարիզի մէջ Վերսայի պալատէն հեռանալու ընթացքին յայտնեց. «Իրանի հետ փոխըմբռնման յուշագիրը ստորագրեցի»: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն, որ Վերսայի պալատին մէջ ընթրիքի ընթացքին Թրամփի կողմէ յուշագիրի ստորագրման...

Թրամփ. «Նեթանիահու Պատերազմի Կարգ Մը  Երեսներուն Մէջ Տարբեր Նպատակներ Ունէր»

Թրամփ. «Նեթանիահու Պատերազմի Կարգ Մը Երեսներուն Մէջ Տարբեր Նպատակներ Ունէր»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պատերազմի կարգ մը երեսներուն վերաբերեալ այլ նպատակներ ունէր, որովհետեւ Իսրայէլը Իրանին աւելի մօտ է»: «Նեթանիահու հոյակապ անձ է, սակայն երբեմն պէտք եղածէն աւելի առջեւ կը նետուի», նշեց ան: Թրամփ հինգշաբթի Իրանի հետ փոխըմբռնման յուշագիրը ստորագրելէն առաջ յայտարարեց. «Եթէ այլ պետութիւններ հեռահաս հրթիռներ...

«Սուրիան Եւ Թուրքիան Իսրայէլին Իրանէն  Աւելի Մեծ Սպառնալիք Կը Ներկայացնեն»  Կ՛ըսէ Իսրայէլացի Նախարար Մը

«Սուրիան Եւ Թուրքիան Իսրայէլին Իրանէն Աւելի Մեծ Սպառնալիք Կը Ներկայացնեն» Կ՛ըսէ Իսրայէլացի Նախարար Մը

Իսրայէլի սփիւռքի նախարար Ամիխայ Շիքլի «Էֆ. Էմ. 103» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիան եւ Թուրքիան Իսրայէլին Իրանէն աւելի մեծ սպառնալիք կը ներկայացնեն, եւ ուշ կամ կանուխ Սուրիոյ դէմ պատերազմ պիտի մղենք»: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութեան անդամ նախարարը յայտնեց, որ ինք մտահոգ է «Քաթար-Թուրքիա-Փաքիստան առանցքէն»: Անոր համար, այդ առանցքն է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ...

Նախիջեւանի Մէջ Սկսած Է «Վերադարձ  Արեւմտեան Ազրպէյճան» Փառատօնը

Նախիջեւանի Մէջ Սկսած Է «Վերադարձ Արեւմտեան Ազրպէյճան» Փառատօնը

Նախիջեւանի Օրտուպատ քաղաքին մէջ սկսած է «Վերադարձ Արեւմտեան Ազրպէյճան» 3-րդ փառատօն-խորհրդաժողովը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պետական «Ազերթաճ» լրատու գործակալութիւնը: Խորհրդաժողովի կազմակերպիչներու շարքին են Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան մէջ Ազրպէյճանի նախագահի լիազօր ներկայացուցիչի գրասենեակը, Ազրպէյճանի գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութիւնը եւ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք» կազմակերպութիւնը: «Վերադարձ Արեւմտեան Ազրպէյճան» խորհրդաժողովը սկսած է մէկ վայրկեան լռութեամբ` ի յիշատակ...

Սահեր Կը Խզէ Քալլասի Հետ Կապերը

Սահեր Կը Խզէ Քալլասի Հետ Կապերը

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց, որ կը խզէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քայա Քալլասի հետ բոլոր կապերը` վերջինս մեղադրելով Իսրայէլի նկատմամբ «ակնյայտ անարդար վարուելու» յանցանքով: Սահեր ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառումին մէջ քննադատեց Քալլասը` Իսրայէլը ցեղային խտրականութեան (ափարթայտի) դարաշրջանի Հարաւային Ափրիկէի հետ համեմատելուն համար: Սահեր շնորհակալութիւն յայտնեց բազմաթիւ եւրոպացի երեսփոխաններու, որոնք դատապարտած են Քալլասի յայտարարութիւնը: «Սակայն մինչեւ...

Վանս. «Իրանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնութիւնը Շրջանային Խաղաղութեան Համաձայնութիւն Մըն Է, Որ Իսրայէլն Ու Լիբանանը Պիտի Ներառէ»

Վանս. «Իրանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնութիւնը Շրջանային Խաղաղութեան Համաձայնութիւն Մըն Է, Որ Իսրայէլն Ու Լիբանանը Պիտի Ներառէ»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս նշեց, որ ինք եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի հետ ուղղակի բանակցութիւնը անոր վարձատրութիւն չեն նկատեր, այլ արդիւնքներու հասնելու լուրջ քայլ մը: Վանս այս մասին յայտնեց ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Ժընեւի բանակցութիւններուն ներկայ պիտի ըլլամ, ինչպէս որ ներկայ եղայ Փաքիստանի բանակցութիւններուն` իրանցիներու մտադրութիւններն ու լրջութեան տարողութիւնը տեսնելու համար», ըսաւ...

Ալիեւ Լեւոն ԺԴ. Պապը Հրաւիրած Է Ազրպէյճան

Ալիեւ Լեւոն ԺԴ. Պապը Հրաւիրած Է Ազրպէյճան

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Լեւոն ԺԴ. պապին Ազրպէյճան այցելելու պաշտօնական հրաւէր փոխանցած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքը: «Սուրբ աթոռի միջկրօնական երկխօսութեան հարցերու վարչութեան ղեկավար Ճորճ Ճէյքըպ Քովաքատայի հետ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Ալիեւ անոր փոխանցած է Հռոմի պապի` Ազրպէյճան այցելելու հրաւէրով նամակը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ալիեւն ու...

Ալիեւ Եւ Ամերիկացի Քոնկրեսականը Քննարկած Են «ԹՐԻՓՓ Միջանցքի Ստեղծման Կարելիութիւնները»

Ալիեւ Եւ Ամերիկացի Քոնկրեսականը Քննարկած Են «ԹՐԻՓՓ Միջանցքի Ստեղծման Կարելիութիւնները»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է ամերիկացի քոնկրեսական Ապրահամ Քամատէն, որ հեղինակած է Ազրպէյճանի դէմ 90-ական թուականներուն սահմանուած 907-րդ բանաձեւի պատժամիջոցները չեղեալ նկատելու օրինագիծը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Ալիեւ շեշտած է, որ Տանըլտ Թրամփի` իշխանութեան վերադառնալէն ետք ազրպէյճանական-ամերիկեան յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան: Կողմերը քննարկած են «ԹՐԻՓՓ միջանցքի ստեղծման կարելիութիւնները` շրջանային փոխադրութեան կապակցուածութեան...

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Համաձայնութիւնը Առցանց Ժողովի Ընթացքի՞ն Պիտի Ստորագրուի

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխըմբռնման Յուշագիրը Նախաստորագրուեցաւ. Ստորագրութեան Արարողութիւնը` 21 Յունիսին

Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմի սկիզբէն 108 օր ետք, Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւն գոյացած է` աւելցնելով, որ համաձայնութեան ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 21 յունիսին, Զուիցերիոյ մէջ: Ան կիրակի-երկուշաբթի ուշ գիշերին «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարեց, թէ երկու կողմերը բոլոր ճակատներու, ներառեալ Լիբանանի մէջ գործողութիւններու անմիջական եւ տեւական դադրեցում...

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Համաձայնութիւնը Առցանց Ժողովի Ընթացքի՞ն Պիտի Ստորագրուի

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Համաձայնութիւնը Առցանց Ժողովի Ընթացքի՞ն Պիտի Ստորագրուի

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Մինչեւ վերջնական համաձայնութեան գոյացումը, Իրան համաձայն կը գտնուի պահպանելու ներկայ հիւլէական կացութիւնը, ներառեալ իւրանիոմ չհարստացնել կամ հիւլէական կառոյցները չընդլայնել»: Պաշտօնատարը լրատու գործակալութեան ըսած է. «Նախագիծին համաձայն, Ամերիկան կը համաձայնի ապասառեցնել մեր սառեցուած գումարներէն 25 միլիառ տոլար, ներառեալ գումարներու ուղղակի փոխանցումները, շրջանի պետութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը եւ ֆինանսական ապահովագրման գիծերը, եւ Իրան անմիջապէս...

Թրամփ «Եօթներու Խմբակ»-ի Ծիրին Մէջ Պիտի Հանդիպի Միջին Արեւելքէն Ղեկավարներուն Հետ

Թրամփ «Եօթներու Խմբակ»-ի Ծիրին Մէջ Պիտի Հանդիպի Միջին Արեւելքէն Ղեկավարներուն Հետ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս շաբաթ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միջին Արեւելքէն ղեկավարներուն հետ, իսկ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ պիտի մասնակցի աշխատանքային նիստի: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտնած են Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատարները: Անոնք յայտնած են, որ Թրամփը առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Եգիպտոսի, Քաթարի,...

Եւրոպական Միութեան Պետութիւնները Համաձայնած Են Բանալ Ուքրանիոյ Եւ Մոլտովայի Անդամակցութեան Բանակցութիւններու Առաջին Փուլը

Եւրոպական Միութեան Պետութիւնները Համաձայնած Են Բանալ Ուքրանիոյ Եւ Մոլտովայի Անդամակցութեան Բանակցութիւններու Առաջին Փուլը

Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր պետութիւնները համաձայնած են բանալու Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու առաջին փուլը: Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն: «Երկուշաբթի օր տեղի ունենալիք առաջին միջկառավարական խորհրդաժողովին մենք պիտի բանանք Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթի հիմք եղող հիմնարար սկզբունքներուն նուիրուած պլոքը: Ասիկա կը ներառէ Եւրոպական Միութեան կառուցուած հիմնական արժէքներն ու սկզբունքները` օրէնքի...

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Աւարտեցինք»

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Աւարտեցինք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրանի հետ պատերազմը աւարտեցինք, եւ անոնք համաձայն գտնուեցան բացարձակապէս հիւլէական զէնք չունենալու, ինչ որ բան մըն է, որուն վրայ պնդեցինք: Հիմնական նպատակը այդ էր»: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Էն.Էն.»-ը: «Ասիկա համաձայնութեան 95 առ հարիւրն է», ըսաւ ան: Աղբիւր մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը զինադադարի ընթացքին հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններ պիտի վարեն Իրանի...

Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Դեսպանները  Ռուսիա – Ուքրանիա Ուղղակի  Բանակցութիւններու Կոչ Կ՛ուղղեն

Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Դեսպանները Ռուսիա – Ուքրանիա Ուղղակի Բանակցութիւններու Կոչ Կ՛ուղղեն

Ռուսիոյ մէջ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպանները Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինի հետ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած իրենց հանդիպումէն եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի ներկայութեամբ Լոնտոնի մէջ գումարուած վեհաժողովէն օրեր ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ ռուսերուն փոխանցած են լոնտոնեան վեհաժողովի գլխաւոր եզրակացութիւնները, ներառեալ «Զելենսքիի` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ կատարելու փափաքի աջակցութիւնը»: Բրիտանիա այս...

Բրիտանիոյ Վարչապետը Կը Յայտնէ,  Թէ Իր Հեղինակութիւնը Չէ Կորսնցուցած,  Եւ Պաշտօնի Վրայ Մնալու Համար Պիտի Պայքարի

Բրիտանիոյ Վարչապետը Կը Յայտնէ, Թէ Իր Հեղինակութիւնը Չէ Կորսնցուցած, Եւ Պաշտօնի Վրայ Մնալու Համար Պիտի Պայքարի

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր մերժեց այն գաղափարը, թէ իբրեւ վարչապետ կորսնցուցած է իր հեղինակութիւնը: Մինչ կը սպասուի, որ անոր մրցակիցները յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն ընթացքին պիտի ջանան զինք փոխարինել, Սթարմըր ըսաւ, որ պիտի պայքարի իր պաշտօնը պահպանելու համար` աւելցնելով, որ ոեւէ մէկը, որ կ՛ուզէ զինք փոխարինել, պիտի ստիպուի ֆինանսական նոյն սահմանափակումներուն հետ գործ ունենալ: Նշենք, որ մէկ օր առաջ Բրիտանիոյ...

Քոպախիծէ. «Եւրոպական Միութիւնը Զրկած Ենք  Շանթաժի Գրեթէ Բոլոր Գործիքներէն»

Քոպախիծէ. «Եւրոպական Միութիւնը Զրկած Ենք Շանթաժի Գրեթէ Բոլոր Գործիքներէն»

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէի պնդումով` Թիֆլիսը Եւրոպական Միութիւնը զրկած է «շանթաժի բոլոր գործիքներէն` բացի մէկէն»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Խօսքը, ըստ վրացական կառավարութեան ղեկավարին, Վրաստան-Եւրոպական Միութիւն ազատ մուտքի արտօնագիրի չեղեալ նկատուելուն հաւանականութեան մասին է: «Եւրոպական Միութեան ձեռքը մնացած է մէկ, զուտ տեսական գործիք` ազատ մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը: Անոնք կը փորձեն ատիկա օգտագործել վրացական պետութեան եւ վրացի ժողովուրդին...

Հեկսեթ. «Միացեալ Նահանգներ Կը Դիտարկեն  Քուպայի Նախագահը Առեւանգելու Կարելիութիւնը»

Հեկսեթ. «Միացեալ Նահանգներ Կը Դիտարկեն Քուպայի Նախագահը Առեւանգելու Կարելիութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ խոստովանած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը դիտարկեն Քուպայի նախագահ Միկել Տիաս-Քանելին առեւանգելու կարելիութիւնը` ընդգծելով, որ վերջնական որոշումը կախեալ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Բոլոր տարբերակները սեղանի վրայ են», պատասխանած է Հեկսեթ` լրագրողներու համապատասխան հարցումին: Նախարարը աւելցուցած է, որ հաւանական գործողութիւններու մասին որոշումը կու տայ Միացեալ...

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները կը դիտարկեն Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական ծառայութեան հաւանական արմատական բարեփոխումներու տարբերակները` Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան եւ անոր ղեկավար Քայա Քալլասի աշխատանքին մէջ գոյութիւն ունեցող անյաջողութիւններու լոյսին տակ: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն: «Ակնյայտ է, որ Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութիւնը աշխարհի վրայ չ՛աշխատիր այնպէս, ինչպէս պէտք է: Անիկա անգործունեայ է: Խնդիրը...

Թրամփ. «Շահագրգիռ Բոլոր Կողմերը Համաձայն  Գտնուեցան Վերջնական  Քննարկումներուն Եւ Կէտերուն»

Թրամփ. «Շահագրգիռ Բոլոր Կողմերը Համաձայն Գտնուեցան Վերջնական Քննարկումներուն Եւ Կէտերուն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ ամերիկեան բանակին հրամայած է Հորմուզի նեղուցին մէջ գաղտնի գործողութիւն մը կատարել, իսկ Հնդկաստան Նիւ Տելհիի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործավարը իր մօտ կանչեց Օմանի ծովեզերքին մօտ հնդկական նաւի մը թիրախաւորման եւ անոր անձնակազմի անդամ երեք հնդիկներու անհետ կորսուելուն դէմ բողոք ներկայացնելու համար: Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հնդկական երեք նաւեր ամերիկեան ծովուժին...

Կալուզին Եւ Մուսթաֆայեւ Քննարկած Են  Ռուս-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու  Օրակարգային Հարցերը

Կալուզին Եւ Մուսթաֆայեւ Քննարկած Են Ռուս-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Օրակարգային Հարցերը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆայեւի հետ` երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերը քննարկելու համար: «Քննարկուած են ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու օրակարգային արդիական հարցեր, ինչպէս նաեւ շարք մը միջազգային նիւթեր», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:  

Page 24 of 881 1 … 23 24 25 … 881

Արխիւներ