Թեհրան. «Ամերիկեան Վերջին Հարուածները Վիժեցուցին Անցնող Ամիսներու Դիւանագիտական Բոլոր Ջանքերը»
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց իրանեան հողերու դէմ ամերիկեան վերջին հարուածները` Միացեալ Նահանգները ամբաստանելով վերջին ամիսներու ընթացքին շրջանին մէջ լարուածութեան թուլացման համար թափուած դիւանագիտական բոլոր ջանքերը «վիժեցնելու» յանցանքով: «Այս վայրագ յարձակումները ոչ միայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներուն բացայայտ խախտում են, այլ նաեւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վտանգաւոր սպառնալիք», նշեց նախարարութիւնը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ աւելցուց,...




















