Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Մէջ, «Կը Դատապարտենք Բոլոր Անոնք, Որոնք Նիւթապէս Կ՛Օժանդակեն Քանդումին, Սպանութեան Եւ Տեղահանութեան» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

June 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-07-15_rayi_damascusՄարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յետմիջօրէին հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Դամասկոս:

Ժտայտեթ Եապուսի մէջ Ռայի պատրիարքը դիմաւորուեցաւ մարոնի համայնքի Դամասկոսի առաջնորդ Սամիր Նասսար եպիսկոպոսին եւ յոյն ուղղափառ համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Աֆրամ Մաալուլի եպիսկոպոսին կողմէ:

Դամասկոսի ֆրանսական հիւանդանոցին մէջ Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իր այցելութիւնը խաղաղութեան եւ Սուրիոյ հարցին խաղաղ լուծման նպատակով է, որպէսզի կարելի ըլլայ իսլամներն ու քրիստոնեաները պահել իրենց հողերուն վրայ:

Դամասկոսի մարոնի համայնքի պատրիարքարանին մէջ Ռայի պատրիարքը ընդունեց Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը:

Դամասկոսի մէջ իր հանդիսապետած պատարագին ընթացքին Ռայի պատրիարքը արտասանեց քարոզ մը, որուն մէջ շեշտեց տոկալու կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ այս աշխարհը պետեր չունի, այլ անոր միակ պետը Աստուած է:

Ան հաստատեց, որ Արեւելքը կը գտնուի քանդումի վտանգին դիմաց` մէջբերելով Ֆրանչիսկոս պապին այն յայտարարութիւնը, թէ այդ պատերազմներուն նպատակը զէնքի առեւտուրն է, «սակայն Յիսուսի բերած խաղաղութիւնը աւելի հզօր է»:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Անտիոքի եւ համայն արեւելքի հինգ պատրիարքները կը զօրակցին Սուրիոյ ժողովուրդին եւ ջանք չեն խնայեր պաշտպանելու զայն:

Ռայի պատրիարքը խստիւ քննադատեց բոլոր անոնք, որոնք նիւթապէս կ՛օժանդակեն քանդումին, սպանութեան եւ տեղահանութեան:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի այցելէ Մաալուլա:

Նախորդը

Պըրրի – Ժոմպլաթ Հանդիպում

Յաջորդը

«Այս Հանգրուանին Բոլորէն Կը Պահանջուի Զգաստ Ըլլալ` Նուազագոյն Վնասներով Դուրս Գալու Համար» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը  Առանցքը Կազմեցին  Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն
Լիբանանեան

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը Առանցքը Կազմեցին Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն

September 25, 2026
ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ  Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ  Տարբեր Ղեկավարներու Հետ
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ Տարբեր Ղեկավարներու Հետ

September 25, 2026
Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ  Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.