Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Լիբանանեան ինքնաշարժներու եւ զբօսաշրջութեան ակումբին կազմակերպած Լիբանանի միջազգային 47-րդ ռելիի վերջին օրը ներկայացուց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը:
Պայրագտարեան այս առիթով լիբանանցի ախոյեան Ռոժէ Ֆղալիին եւ Ժոզեֆ Մաթարին, ինչպէս նաեւ մնացեալ մրցանակակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը կատարեց:


