Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլ «Նուր» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Հըզպալլան պատրաստ է խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու, ինչպէս քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ»:
«Լիբանանի մէջ մեր ապրած մեծ տառապանքին պատճառը կարգ մը հիմնական պատասխանատուներու ամէն իմաստով արտաքին հոգատարութեան իշխանութեան տակ ապրիլն է», նշեց Խալիլ:
«(Նախարարաց խորհուրդի) 5 սեպտեմբերի նիստը արդիւնք է ազգային երկեակի, խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի եւ ժողովրդային զանգուածի համախմբուածութեան ու բանակի իմաստութեան», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնականը:
«Բանակի հրամանատարին 5 եւ 7 օգոստոսի որոշումներուն գործադրութեան զինուորական ծրագիրի ներկայացման մէջ կեցուածքը շատ աւելի իմաստուն էր, քան կառավարութեան որոշումները, եւ անիկա նպաստեց լարուածութեան մեղմացման», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Արտաքին թելադրանքները 99 առ հարիւր համեմատութեամբ բանաձեւուեցան զէնքի մենաշնորհման խորագիրին տակ»:
«Այն, ինչ որ երդման ճառին եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուած է, այսօր այս հարցով առաջարկուածէն տարբեր է», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնականը:
«Թաէֆի համաձայնագիրը նշեց, թէ անհրաժեշտ է, որ լիբանանեան իշխանութիւնները իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ եւ իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցման համար աշխատին. անոնք այդ ուղղութեամբ ի՞նչ կը կատարեն», հարց տուաւ ան:
«Լիբանանը ապրուստի եւ վերաշինութեան, նոյնիսկ իր բանակի ֆինանսաւորման հարցով հռչակաւոր հնգեակ կոչուած կարգ մը պետութիւններու կողմէ շանթաժի կ՛ենթարկուի», նշեց Խալիլ: