Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեանը, որուն կ՛ընկերակցէր Անտքեթի քաղաքապետ, «Թատպիր» միութեան նախագահ, Անտքեթի մարզական ակումբի հիմնադիր ու պատուոյ նախագահ Թանի Հաննան:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Աքքար նահանգին, մասնաւորաբար Անտքեթ գիւղին վերաբերող մարմնակրթական հարցեր:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանին մէջ մարմնակրթական կառոյցներու պարզած պատկերին, եւ շրջանին մէջ մարմնակրթական աշխատանքը ամրապնդող տեղական նախաձեռնութիւններուն աջակցութեան կարելիութիւնները:
Հաննա նախարարը պաշտօնապէս հրաւիրեց ներկայ գտնուելու եւ հովանաւորելու գիւղին մէջ «Թատպիր» միութեան կողմէ վերանորոգուած մարզական դաշտերու պաշտօնական բացումը, ինչպէս նաեւ բացումը հանրային պարտէզին, որ միութիւնը ստեղծեց, որպէսզի Անտքեթ գիւղի եւ մերձակայ գիւղերու բնակիչներուն համար հանդիպման վայր ըլլայ:


