Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էլիաս Սքաֆի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Հոկտեմբեր 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Skaff_taghoum_10-15-15

«Ժողովրդական պլոք» կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի մարմինը չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2015-ին, յանձնուեցաւ հողին, պաշտօնական եւ ժողովրդային յուղարկաւորութեամբ մը:

Առաւօտեան «Էյ. Եու. Էյչ.» հիւանդանոցէն Սքաֆի յուղարկաւորութեան շքախումբը ուղղուեցաւ Զահլէ` կանգ առնելով զանազան շրջաններու մէջ, ինչպէս` Քահհալէ, Թաալպայա, Քապ Էլիաս, Հաուշ Ումարա եւ Զահլէի ներքին փողոցները, ուր սուգի իբրեւ նշան անհամար փամփուշտ տեղաց:

Սքաֆի մահը սուգի մատնեց Զահլէն եւ ժողովուրդին կողմէ սիրուած ղեկավարին համար մեծն ու փոքրը արցունք թափեցին:

Զահլէի յոյն կաթողիկէ Սայիտաթ Նաժաթ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Սքաֆի յուղարկաւորութիւնը, որուն նախագահեց Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը` ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Միշել Մուսայի, վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ, նախարար Նուհատ Մաշնուքի, մեծ թիւով նախարարներու եւ երեսփոխաններու, քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներու, անոր ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան:

Սքաֆի յուղարկաւորութեան առիթով Լահհամ պատրիարքը յայտնեց, որ իբրեւ քրիստոնեաներ, իրենց կենցաղը պէտք է սրբութիւն ըլլայ, «իսկ Սքաֆ իր կեանքով սրբութեան օրինակ դարձաւ», յայտնեց ան:

Ան իր խօսքը ուղղելով լիբանանցիներուն յայտնեց, որ պիտի յաջողին հանրապետութեան նախագահ ընտրել, երբ զիրար սիրեն:

Հանգուցեալին կինը` Միրիամ Սքաֆ արտասանեց ընտանիքին խօսքը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ Էլի Սքաֆի բնակարանը բաց պիտի մնայ բոլորին դիմաց եւ ան պիտի մեծնայ ու ընդարձակուի բոլորին սիրով:

Իր խօսքը ուղղելով զաւակներուն` Միրիամ Սքաֆ ըսաւ. «Ձեր հայրը ձեզի կտակած է բարձր արժանիքներ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին սէրը, որ հաւաքուած է եւ վերածուած Ժողովրդային պլոքին», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ ուղղուեցաւ Զահլէ, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալ Էլիաս Սքաֆի ընտանիքին` շեշտելով, որ Սքաֆի մահը կորուստ է Զահլէի եւ Լիբանանի համար, ինչպէս նաեւ աւելցնելով, որ Սքաֆ եղած է բարեսիրտ անձնաւորութիւն մը, որ նուիրումով ծառայած է իր երկրին ու քաղաքին:

 

 

Նախորդը

Շամել Ռուքոզի Նկատմամբ Շնորհակալական Կեցուածքի Արտայայտութիւն

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ . «Լիբանանը Պէտք Է Զերծ Կացուցել Սուրիական Իրադարձութիւններէն» Ըսաւ Ալի Ասիրի

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?