Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Կառավարութեան Նիստին Պիտի Մասնակցինք, Պայմանով Որ Նշանակումները Ըլլան Օրակարգի Առաջին Կէտը»

October 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժըպրան Պասիլ
Ժըպրան Պասիլ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ վեցեակին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը փոփոխութեան պիտի ենթարկէ շրջանին եւ աշխարհին տարազները` աւելցնելով, որ ներկայ հանգրուանին Պէյրութի եւ Թեհրանի միջեւ յարաբերութիւնները, յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ արձանագրուած գործակցութիւնը բաւական բարեբեր կը նկատուի:

«Լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները ամրապնդուած են: Թեհրան մնայուն կերպով օժանդակած է Լիբանանի, յատկապէս Իսրայէլի դէմ անոր մղած պատերազմներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ միշտ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ լիբանանեան բանակին զէնք տրամադրելու եւ նեցուկ կանգնելու լիբանանեան տնտեսութեան», նշեց ան:

Պասիլ աւելցուց, որ յառաջիկային Իրան կատարելիք իր այցելութիւնը առաջինը չէ` աւելցնելով սակայն, որ այս հանգրուանին շրջանին մէջ արմատական փոփոխութիւններ կ՛արձանագրուին եւ Լիբանան անոնցմէ անմասն չի կրնար մնալ:

Պասիլ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ բռնկած պատերազմը համայնքային կամ յարանուանական պատերազմ մը չէ, այլ անիկա ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ է` ընդգծելով ՏԱՀԵՇ-ը, Ժապհաթ Նուսրան, Քայիտան եւ նման ամէն տեսակի խմբաւորումները հարուածելու կարեւորութիւնը եւ աւելցնելով, որ ահաբեկչական այդ կազմակերպութիւններուն մէջ չափաւորականներ չկան:

Անդրադառնալով կառավարութեան նիստերուն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարներուն մասնակցութեան` Պասիլ շեշտեց, որ անոնք պիտի մասնակցին այդ նիստերուն, պայմանով որ նշանակումները ըլլան օրակարգի առաջին կէտը:

Նախորդը

Ուիսամ Հասանի Նահատակութեան Գ. Տարելիցի Նշում

Յաջորդը

Զինուորական Ատեանին Դիմաց Քաղաքացիական Շարժումի Անդամ Երկու Երիտասարդներ Իրենք Զիրենք Հրկիզեցին

RelatedPosts

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն  Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան.  Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան. Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով

March 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 13, 2026
Իսրայէլեան Ազդարարութեանց  Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ.  Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի  Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ազդարարութեանց Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ. Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով

March 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.