Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Լիբանան շատ աւելի կայուն վիճակի մէջ կը գտնուի, քան այլ երկիրներ:
Իպրահիմ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը պիտի շարունակէ մնալ այս իրավիճակին մէջ, այնքան ատեն որ աշխատանքի այս հոգեբանութիւնը առկայ կը մնայ լիբանանեան ապահովական կառոյցին մօտ:
«Մենք, ապահովական այս կառոյցին ծառայողներս, յանձնառու ենք Լիբանանի ապահովական կայունութեան ամրապնդման եւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան հսկելու», ըսաւ ան:
Իպրահիմ ընդգծեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող պատանդ բանակայիններուն առումով իրենք պատրաստ են ու կը սպասեն նոր բանագնացի մը, որպէսզի լուրջ բանակցութիւններ կատարեն եւ լուծեն այդ թղթածրարը: