Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 29, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Նապաթիէի մէջ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամ երկու սուրիացիներ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը մտածէ Լիբանանէն դուրս երկարատեւ արձակուրդի մը մասին` ապահովական լուրջ պատճառներով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ հետեւեալ պատասխանը տուաւ  հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի կողմէ իրեն ուղղուած այն առաջարկին, որ ինք պէտք է իր քաղաքական ուղեգիծը փոփոխութեան ենթարկէ. «Ես համոզուած եմ եւ հաստատ կը մնամ արաբականութեան հակամէտ եւ Իսրայէլի դէմ իմ որդեգրած ազգային ուղեգիծիս վրայ»:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ պատահածը Լիբանանի դէմ սանձազերծուած յուլիսեան պատերազմին շարունակութիւնն է, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան առանցքին դէմ գործուած համաշխարհային պատերազմ մը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայես շեշտեց, որ հաշտութեան ընտրանքը ռազմավարական հաստատուն ընտրանք մըն է, որ քաղաքական շահերէն շատ աւելի բարձր է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի հաստատեց, որ Լիբանանի իրերայաջորդ կառավարութիւններուն օրինականութիւնը խոցելի դարձած է Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութեան առաջին իսկ օրէն:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ փառատօները կը քաջալերեն լիբանանեան ներքին զբօսաշրջութիւնը, ինչպէս նաեւ կը բարգաւաճեցնեն լիբանանեան տնտեսութիւնը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն հաստատեց, որ պէտք է դիմել որոշ նախաձեռնութիւններու` պահպանելու համար կառավարութիւնը եւ ոչ թէ մագլցողական քայլերու դիմելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ քրիստոնեայ եւ տիւրզի համայնքներուն միջեւ հաշտութիւնը կարելի եղած է ամբողջացնել միայն միջքրիստոնէական հաշտութեամբ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Մըքտատ հաստատեց, որ այլեւս արտօնելի չէ Դիմադրութեան եւ անոր զէնքին դէմ պայքարիլ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի հաստատեց, որ լիբանանեան հանրապետութեան համար ամօթ է Աքքարը նուազ բարգաւաճ վիճակի մէջ պահել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ մրցակցութեան մշակոյթը չի նշանակեր, որ միջքրիստոնէական գժտութիւնը պէտք է դարձեալ ինքզինք պարտադրէ: Ան կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստը յատկացնելու օրինականութեան ըմբռնումի բացատրութեան:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ Մերժահիունի եւ Հասպայայի վերեւ թռիչքներ գործեց` հասնելով մինչեւ արեւմտեան Պեքաա եւ Իքլիմ Թուֆֆահ: Իսրայէլեան օդուժը այսպիսով շարունակեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր ոտնձգութիւնները` խախտելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ յոյս յայտնեց, որ համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքին որդեգրումը զուգահեռ ընթանայ Դիմադրութեան ապազինման հոլովոյթին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նպատակը կառավարութեան տապալումը չէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Քերիմ Բագրատունի հաստատեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կարելի է կատարուած իրողութիւն մը նկատել` աւելցնելով, որ այդ որոշումը բոլորին կողմէ պիտի ընդունուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը բարգաւաճած է եւ հսկայ մը դարձած, այն աստիճան, որ թշնամի Իսրայէլ կը վախնայ անկէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարլ Ռըզք յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը Լիբանանի համար տեղական մակարդակի ամէնէն վտանգաւոր թղթածրարն է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ` իր խօսքը ուղղելով Պըրրիին, յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն սիրոյ եւ զօրակցութեան արժանի է, որովհետեւ ան ամէնէն վատ պայմաններուն ընթացքին զօրակցած է Լիբանանին, առանց անձնական շահ հետապնդելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ Քազեմ Խէյր հաստատեց, որ կառավարութենէն հրաժարիլը առաջարկուած ընտրանքներէն մէկն է` աւելցնելով, որ պլոքը վերջնական որոշում մը պիտի տայ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձէն ետք:

 

Նախորդը

Տիգրանակերտի Օդակայանը Հրթիռային Յարձակման Թիրախ. Էրտողան. «Ամէն Ձեւով Պիտի Օգնենք ՏԱՀԵՇ-ը Սուրիայէն Դուրս Վտարելու»

Յաջորդը

Քաուք. «Տարայայի Ազատագրումով Վերջ Կը Գտնէ Սուրիական Վարչակարգը Տապալելու Սէուտական Երազը»

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?