Իսրայէլեան Բանակի Սպայակոյտի Պետը Կը Սպառնայ. «Հըզպալլայի Նկատմամբ Մեր Համբերութիւնը Սկսաւ Սպառիլ»
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Այալ Զամիր զգուշացուց, թէ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի արարքներուն նկատմամբ Իսրայէլի համբերութիւնը սկսաւ սպառիլ` շեշտելով, որ իսրայէլեան բանակը «պիտի չհանդուրժէ որեւէ խախտում, որ Իսրայէլի անվտանգութիւնը որեւէ բեմի վրայ վտանգի կ՛ենթարկէ»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը: «Բոլոր բեմերուն վրայ բարձր պատրաստուածութեամբ կը գործենք, եւ կարգ մը բեմերու վրայ դարձեալ անցնող երկու տարուան ընթացքին մեր գիտցածէն աւելի մեծ...




















