Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ. «Կէս Միլիոն Սուրիացի Տեղահանուածներ Տարեվերջէն Առաջ Իրենց Երկիրը Պիտի Վերադառնան»

Հոկտեմբեր 31, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերային հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հետ գործակցաբար եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարութեան ու Գաղթի միջազգային գործակալութեան աջակցութեամբ հետեւեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու անվտանգ ու կանոնաւոր տունդարձի գործողութեան:

Նախարարը ծանօթացաւ շարք մը սուրիացիներու Հոմս, Հալէպ, Դամասկոս եւ վերջինիս գիւղական շրջան վերադարձին:

Սէյիտ Զահլէ քաղաքէն յայտարարեց. «Սուրիացի տեղահանուածներու կազմակերպ վերադարձը մաս կը կազմէ կառավարական ծրագիրին, որ նախարարաց խորհուրդը որդեգրեց եւ սկսաւ գործադրել յուլիսին` լիբանանեան կառավարութեան, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան, յանձնակատարութեան եւ Գաղթի միջազգային գործակալութեան միջեւ գործակցութեամբ»:

«Այսօր ականատես կը դառնանք կազմակերպուած տունդարձի, որ կու գայ աւելնալու սուրիացի ընտանիքներու հետզհետէ աճող կամաւոր վերադարձին: Մինչեւ հիմա 320 հազար սուրիացի տեղահանուածներ կրցած են իրենց երկիրը վերադառնալ, անոնց անունները լիբանանեան Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հետ համակարգաբար յանձնակատարութեան ցուցակէն ջնջուելէն ետք, ինչ որ տեսակարար ձեռքբերում մըն է, որ նախկին տարիներուն չէ իրագործուած», ըսաւ ան:

«Կան աւելի քան 110 հազար յաւելեալ տեղահանուածներ, որոնք փափաք յայտնած են վերադառնալու, ինչ որ իրենց երկիր վերադարձող սուրիացի տեղահանուածներուն ընդհանուր թիւը մինչեւ տարեվերջ կը բարձրացնէ շուրջ կէս միլիոնի», յայտնեց նախարարը:

Ինչ կը վերաբերի խթաններուն, նախարար Սէյիտ նշեց. «Վերադարձի ծրագիրին մէջ արձանագրուած ընտանիքները Լիբանանի մէջ իւրաքանչիւր անհատի համար 100 տոլարի խթան մը կը ստանան, իսկ Սուրիոյ մէջ 400 տոլար իւրաքանչիւր ընտանիքի համար, ինչպէս նաեւ տուգանքներէ եւ տուրքերէ զերծ կացուցում, սահմանին վրայ դիւրութիւններ, զորս լիբանանեան ընդհանուր ապահովութեան Ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը տրամադրէ սուրիական կողմերուն հետ համակարգաբար»:

 

Նախորդը

Ապի Մունա Ընդունեց Պուխարին

Յաջորդը

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?