Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Շիի Համայնքը Աղէտի Մէջ Է, Եւ Անոր Փրկութիւնը Հըզպալլայի Զինուորական Ու Ապահովական Թեւերու Լուծարման Մէջ Է»

November 1, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «(Խորհրդարանի նախագահ) Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ «համաձայնութեան» մասին կը խօսուի, եւ նախարարաց խորհուրդի վերջին նիստին ատիկա նկատեցինք: Կառավարութեան յառաջիկայ նիստէն առաջ ընտրական օրէնքի քննարկման յանձնախումբի կազմութեան համաձայն գտնուեցանք, եւ հարցերը անոր ծիրին մէջ պիտի քննարկենք, եւ եթէ տեսանք, թէ նշեալ համաձայնութիւնը իրողապէս գոյութիւն ունի, ապա տարբեր կեցուածք պիտի որդեգրենք»:

Պատասխանելով այն տարաձայնութեան, թէ Պըրրին արտերկրի լիբանանցիներուն Լիբանանի մէջ քուէարկութեան վերաբերեալ կախարդական լուծում մը` «գլխարկէն նապաստակ դուրս պիտի բերէ», Ժահժահ ըսաւ. `«Այդ նապաստակը պիտի մորթազերծենք եւ խորովենք»:

«Գոյութիւն ունի լայն դաշինք մը, որ կազմուած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունէն, վարչապետ Սալամէն, Լիբանանեան ուժերէն եւ Փաղանգաւոր կուսակցութենէն, սակայն խնդիրը այն է, որ գործը այլուր է», ըսաւ ան:

«Լիբանանի մէջ շիի համայնքին ի շահ ամէնէն շատ աշխատող կողմը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնն է, եւ այդ համայնքի շահերուն դէմ ամէնէն շատ գործողը Հըզպալլան է», շեշտեց Ժահժահ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը յայտնեց. «Լիբանանի մէջ շիի համայնքը այսօր Հըզպալլայի պատճառով մեծ աղէտի մէջ է, եւ զայն փրկելու միակ միջոցը կուսակցութեան զինուորական ու ապահովական թեւերը լուծարելն է, այլապէս երբեք պիտի չկարենայ փրկուիլ: Մենք անկէ ամբողջութեամբ ձերբազատուիլ չենք ուզեր, այլ միայն անոր զինուորական եւ ապահովական թեւերէն»:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Կրահամ. «Լիբանանեան Բանակին Իսրայէլի Դէմ Կռիւին Մէջ Հըզպալլային Միանալը Կը Վտանգէ Այն, Ինչ Որ Կը Փորձենք Լիբանանին Օգնելու Համար Ընել»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.