 . «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք, առանց նոր թուական մը ճշդելու, յետաձգեց յառաջիկայ ժամերուն նախատեսուած իր Պէյրութ այցելութիւնը»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք, առանց նոր թուական մը ճշդելու, յետաձգեց յառաջիկայ ժամերուն նախատեսուած իր Պէյրութ այցելութիւնը»:
Աղբիւրներուն համաձայն, Պարրաք նշած է, թէ կը սպասէ, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը իր պաշտօնը ստանձնէ, որպէսզի յառաջիկայ քայլերու համակարգում կատարէ:
«Ախպար» կը նշէ, որ ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս կոչ ուղղած է ամերիկացի նոր դեսպանի ժամանումին վրայ յոյս չկապելու, որովհետեւ «ան բաւարար քաղաքական փորձառութիւն չունի»:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Միշել Իսա յառաջիկայ տասը օրուան ընթացքին պիտի հասնի Պէյրութ:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք Լիբանանի պաշտօնատարներուն հետ հանդիպումի համար չժամադրուեցաւ: Ան Լիբանան այցելելէ հրաժարեցաւ կամ արդէն իսկ այցելութիւնը չէր որոշուած»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Շարմ Շէյխի համաձայնութեան յանգած Կազայի բանակցութիւններուն ընթացքին եգիպտական պատուիրակութեան ականջին հասած են սպառնալիքներ, թէ իսրայէլացի գերիներու դիակներուն տիրանալէն ետք, Իսրայէլ Կազայի բեմագրութիւնը կրնայ հարաւային Լիբանան տեղափոխել»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Գոհունակութիւն կայ Լիբանանի մէջ միջազգային եւ արաբ պաշտօնատարներու բանակցութիւններուն արդիւնքներուն նկատմամբ, որոնք համահունչ են կեցուածքներուն հանրապետութեան նախագահին, որ Շարմ Շէյխի «Խաղաղութեան վեհաժողով»-ի ընթացքին Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւններու կոչ ուղղեց»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի այցելութիւնն ու նախագահական եռեակին հետ հանդիպումները կարելի է մեկնաբանել ճնշումի բանեցմամբ Լիբանանի վրայ, որպէսզի Իսրայէլի հետ կնքէ ապահովական համաձայնութիւն մը, որ 2024-ի զինադադարի եւ 1949-ի զինադուլի համաձայնութիւններէն անդին կ՛անցնի»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Ճիշդ է, որ Օրթէյկըս ուղղակի սպառնալիքներ չուղղեց, սակայն նախագահական եռեակին հետ իր խօսակցութիւններուն ընթացքին իսրայէլեան յարձակումներուն ու շարունակուող մագլցումին վերաբերեալ որեւէ պատասխան չտուաւ, այլ թշնամիին տեսակէտը որդեգրելով Հըզպալլայի զինաթափման վրայ կեդրոնացաւ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս խօսեցաւ ուղղակի բանակցութիւններու մասին: Լաւագոյն լուծումը զայն կատարելն է «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբը քաղաքային անձնաւորութիւններու միացումով ընդլայնելու ճամբով, որուն պաշտօնատարները համաձայն են, առանց որ ատիկա իրենց համար նեղ կացութիւն ստեղծէ, եւ Հըզպալլան եւս կրնայ անոր համաձայն ըլլալ»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան պատրաստակամութիւն յայտնեց անուղղակի բանակցութիւններու ձեռնարկելու, սակայն Իսրայէլի կարծիքը տակաւին ծանօթ չէ: Այդ ամէնը կախեալ է իսրայէլեան մտադրութիւններէն եւ Թել Աւիւի վրայ ամերիկեան ճնշումի մակարդակէն, որպէսզի յարգէ 1949-ի զինադուլն ու 2024-ի զինադադարը»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ գաւառին մէջ Ժարմաքի եւ Մահմուտիէի դէմ օդային յարձակումներ գործեց: Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ թիրախաւորած է Հըզպալլայի պատկանող ենթակառոյցներ, հրթիռարձակման հարթակներ եւ փապուղիի մուտք մը:
. ՆԱԽԱԳԱՀ Աունի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահը այս անգամ դիտաւորեալ կերպով իր խօսքին մէջ նշաձողը բարձրացուց, որովհետեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան քաղաքական ռազմավարութեան դէպքերու բնական ընթացքը խորհրդարանի աշխատանքը խափանելէն նախարարաց խորհուրդի աշխատանքի խափանում կ՛երկարի` հասնելով ամբողջ իշխանութեան խափանման»:
 
			

