Բացի քանի մը պատահական կրակոցներէ, պաղեստինեան հակամարտ կողմերու համաձայնութիւնը յաջողեցաւ դադրեցնել եւ կայունացնել Այն Հելուէ գաղթակայանի ապահովական վիճակը: Արդարեւ, ցերեկային բախումները պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի եւ արմատական «Պիլալ Պատր» խմբաւորումի եւ այլ խմբաւորումներու զինեալներուն միջեւ, հետզհետէ սաստկացաւ` պատճառելով մէկ զոհ եւ վեց վիրաւորներ: Լիբանանեան թէ պաղեստինեան կողմերու վարիչներ փութացին հանդարտեցնել կացութիւնը:
Սայտայի քաղաքապետը կոչ ուղղեց անյապաղ դադրեցնելու կրակոցը, «որու արձագանգները կը լսուին Սայտայի թաղամասերուն մէջ»:
Երեսփոխան Պահիա Հարիրի արտակարգ նիստ մը գումարեց շրջանի պատկան կողմերուն եւ մարդասիրական մարմիններուն միջեւ` կոչ ուղղելով անյապաղ դադրեցնելու բախումները: Որոշուեցաւ այսօր` չորեքշաբթի, բաց գործադուլ յայտարարել, իբրեւ բողոքի բախումներու երեւոյթին դէմ:
Իր կարգին, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ֆուատ Այուպ որոշեց համալսարանի հինգ մասնաճիւղերը փակել շրջանին մէջ: Նախապէս կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ որոշած էր Այն Հելուէի եւ մերձակայ շրջաններու բոլոր վարժարանները փակել: Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Ապպաս խորհրդակցութիւն մը ունեցած էր պաղեստինեան կողներու ղեկավարներուն հետ` քննելով գաղթակայանի ապահովական կայունացման քայլերը: Աւելի ուշ, պաղեստինեան դեսպանատան մէջ գումարուեցաւ պաղեստինեան հակամարտ կողմերու ղեկավարներու ընդլայնուած նիստը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ վերջ տալ բախումներուն:
Այս նիստին կողքին, նմանօրինակ հանդիպում մը տեղի ունեցած էր Սայտայի քաղաքապետարանին մէջ:
Դեսպանատան ընդլայնուած նիստէն բխած միացեալ յանձնախումբը լծուեցաւ ապահովութեան ամրապնդման` գաղթակայանի բոլոր շրջաններուն մէջ: