Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աունի Լաւատեսութեան Առընթեր. Այն Հելուէի Ապահովական Վատթարացումը Փորձաքարի Կ՛ենթարկէ Աունի Իշխանութիւնը

Մարտ 1, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կ՛երազեմ Լիբանանը տեսնել կրօններու երկխօսութեան կռուան», յայտարարեց նախագահ Աուն երէկ, սակայն հակառակ այն լաւատեսութեան, որ նախագահ Միշել Աուն արտայայտեց երկրի կայունութեան ու բարգաւաճման գծով իր իղձին ու երազին մասին` Այն Հելուէ գաղթակայանի ապահովական վատթարացման շարունակումը կու գայ փորձաքարի ենթարկելու նախագահ Միշել Աունի իշխանութիւնը` իր սկզբնական շրջանէն իսկ:

Արդարեւ, այն միջոցին, երբ նախագահ Աուն իր իղձն ու երազը բացայայտեց Լիբանանի կայունութեան եւ «Լայընզ»-ի միջազգային պատուիրակութեան առջեւ կոչ ուղղեց գործակցելու անդորրութեան ու բարգաւաճման ամրագրման համար, անդին Սայտայի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ բախումներու շարունակումը եւ սաստկացումը երէկ դուռ բացաւ զանազան մեկնաբանութեանց, որոնք այնքան ալ «վարդագոյն» չեն:

Փաստօրէն, նախարարաց խորհուրդի երկուշաբթի օրուան նիստին չեղեալ նկատումը, ինչպէս նաեւ երկուշաբթի գիշեր նախատեսուած Հըզպալլա – Մուսթաքպալ երկխօսութեան 41-րդ նիստին յետաձգումը (Հըզպալլայի ներկայացուցիչ Հաժ Հիւսէյն Խալիլի անհանգստութեան պատճառով, որ նախընթաց մըն է), շեշտեցին Այն Հելուէի բախումներով մտահոգ յոռետեսներու վարկածը:

Ըստ յոռետեսներուն, քուլիսներու ետին մեքենայութիւններ կը լարուին հարուածելու իշխանութիւնը եւ երկրին վարիչները «զբաղեցնելու» ապահովական հրատապ հարցերով: Անոնք իրենց տեսակէտը կը հիմնաւորեն վերջերս Լիբանան այցելած ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական Ճոզըֆ Ֆոթելի «առաքելութեամբ»: Վերջինս եկած էր քննելու լիբանանեան հրապարակի բազկերակը շրջանային առումով նախատեսուած ապահովական ցնցումներու լիբանանեան հետեւանքներու դիմակալման ատակութեան գծով: Ամերիկացի զօրավարը նախքան Լիբանան իր այցելութիւնը վերջերս այցելած էր նաեւ սուրիական «տաք» ճակատներ: Յոռետեսներու կարծիքով, ապահովական թոհուբոհերու մէջ տապլտկելով, իշխանութիւնը անկարող պիտի ըլլայ լծուելու եւ իրագործելու սահմանադրական ժամկէտները: Այլ խօսքով` ընտրական նոր օրէնքի մշակումը պիտի ուշանայ եւ խորհրդարանը իր պաշտօնավարութիւնը պիտի երկարաձգէ մինչեւ սեպտեմբեր` կատարուած իրողութեան առջեւ գտնուելով:

Սակայն փոխադարձաբար, պատկան կողմերը նախանձախնդիր են խոչընդոտները ձգելու իրենց սաղմին մէջ, իսկ սահմանադրական ժամկէտները իրագործելու անդրդուելիօրէն:

Ըստ լաւատեսներուն, Սայտայի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանը կը նկատուի Պաղեստինէն դուրս արտերկրի պաղեստինցիներուն «մայրաքաղաքը»: Հոսկէ` անոր կայունութեան ամրապնդման հրամայականը` տրուած ըլլալով, որ դրական թէ ժխտական որեւէ իրադարձութիւն կրնայ իր համապատասխան անդրադարձը ունենալ պաղեստինեան այլ հատուածներու վրայ:

Անոնք իրենց լաւատեսութիւնը կը հիմնաւորեն Այն Հելուէի մէջ ապահովական սերտ խորհրդակցութիւններու արգասիքը հանդիսացող համաձայնութեամբ, որ կայացաւ երէկ` երեքշաբթի յետմիջօրէին, պաղեստինեան դեսպանատան մէջ, պաղեստինեան հակադիր կողմերու ընդլայնուած նիստին:

Իսկ սահմանադրական ժամկէտներու, յատկապէս ընտրական օրէնքի բարեփոխման առնչութեամբ, անոնք կը յիշեցնեն, թէ կողմերը այս մասին խորհրդակցութիւնները կը շարունակեն քուլիսներու ետին:

Արդարեւ, վերջին օրերուն եռակողմանի հանդիպում մը տեղի ունեցած է արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի միջեւ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմած է ընտրական օրէնքի թղթածրարը:

Այս իմաստով բոլորին հայեացքը սեւեռած է այսօր նախատեսուող նախարարաց խորհուրդի նիստին` պետական պիւտճէի քննարկման օրակարգով:

Իսկ Այն Հելուէի համաձայնութեան յարգումով, գաղթակայանի ապահովութեան կայունացումը կրնայ գերակշռել լաւատեսներու վարկածը:

 

Նախորդը

Ընտրական Օրէնքի Քննարկման Ծիրին Մէջ. Ժահժահ Այցելեց Պաապտայի Պալատ

Յաջորդը

Իրան Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?