Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Ցարդ Աւելի Քան 25 Միլիառ Տոլար Ծախսած Է Գաղթականներուն Համար. Թուրքիոյ Դեսպանը Վերահաստատեց Իր Երկրի Զօրակցութիւնը Լիբանանին

March 2, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Պետական զանազան կառոյցներու պատասխանատուներուն տուած իր այցելութեանց ծիրին մէջ, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշ երէկ այցելեց գաղթականներու հարցերու պետական նախարար Մուին Մերեհպիի:

Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին երկու պետութեանց յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ, յատկապէս Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կարգ մը քաղաքապետութեանց եւ շրջաններու «քոյր» հռչակուելէն ետք: Խօսակցութիւնները նաեւ կեդրոնացան գլխաւորաբար գաղթականներու հարցին շուրջ: Այս առնչութեամբ նախարար Մերեհպի թուրք դեսպանին ներկայացուց Լիբանան ապաստանած մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներու իրավիճակն ու ապրուստի պայմանները: Նախարարը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց գաղթականներու այժմու կացութեան, կարիքներուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ այս առնչութեամբ լիբանանեան պետութեան որդեգրած միջոցառումներուն մասին: Մերեհպի նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ` Լիբանանին եւ յատկապէս գաղթականներուն ցարդ անոր մատուցած օժանդակութեանց համար:

Իր կարգին, Թուրքիոյ դեսպանը վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին` յայտնելով, որ Թուրքիա ցարդ աւելի քան 25 միլիառ տոլար ծախսած է սուրիացի գաղթականներու կարիքներուն հոգացման համար, ինչ որ մեծապէս կը գերազանցէ նոյն նպատակով Թուրքիոյ յատկացուած միջազգային չնչին օժանդակութիւնները: Դեսպանը աւելցուց, որ մօտերս Թուրքիա դեղօրայք եւ այլ օժանդակութիւններ պիտի յատկացնէ Լիբանանի մէջ տեղակայուած գաղթականներուն:

Նշենք, որ Թուրքիոյ դեսպանը այսօր անջատ տեսակցութիւններ պիտի ունենայ նաեւ Լիբանանի արդարութեան եւ մշակոյթի նախարարներուն հետ:

 

Նախորդը

Փախստական Յանցագործներու Յանձնումը Պահանջելով` Ապահովական Պատկան Կողմեր Հսկեցին Այն Հելուէի Կայունութեան Ամրապնդման

Յաջորդը

Յաջորդ Նիստին Պիւտճէի Քննարկումը Աւարտելու Յոյսով. Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2026
Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին  Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն  Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին  Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»
Լիբանանեան

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

January 5, 2026
Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ  Համասի Զէնքի Յանձնման`   Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն,  Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին  Յամառութեան Կը Հանդիպինք»
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.