Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեփական Դպրոցներու Ուսուցիչներու Սենտիքան Կոչ Կ՛ուղղէ Մասնակցելու Դասադուլին, Իսկ Կաթողիկէ Վարժարանները Կը Մերժեն

November 2, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ յայտնեց, որ սեփական դպրոցներուն մէջ այսօրուան դասադուլը ի զօրու է եւ անիկա զգուշացման դասադուլ է: Ան կոչ ուղղեց բոլոր ուսուցիչներուն մասնակցելու դասադուլին:

Ապպուտ շեշտեց, որ ցարդ չէ ճշդուած, թէ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները ե՛րբ պիտի վճարուին, ինչպէս նաեւ յստակ չէ, թէ ի՛նչպէս պիտի վճարուին:

Իր կարգին, Կաթողիկէ վարժարաններու խորհուրդի նախագահ Հաննա Ռահմէ եպիսկոպոս յայտնեց, որ կաթողիկէ վարժարանները վաղուան դասադուլին պիտի չմասնակցին` կառչած մնալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի որոշումին, որուն շրջագիծին մէջ կազմուած է կրթական արտակարգ իրավիճակի յանձնախումբ մը, որ համաձայնութիւն գոյացուցած է օրէնքի թիւ 46-րդ յօդուածին շուրջ:

Կաթողիկէ վարժարաններու խորհուրդը կոչ ուղղեց Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքային ջնջելու դասադուլի որոշումը:

Նշենք, որ Ռահմէ եպիսկոպոսը նախապէս հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, թէ կաթողիկէ դպրոցները աշխատավարձի յաւելումները վճարելու որոշումին յանձնառու պիտի չըլլան, այլապէս անոնք իւրաքանչիւր աշակերտէ մէկ միլիոն լ. ոսկիի յաւելեալ գումար մը պիտի պահանջեն:

«Այս տարուան համար մենք արդէն իսկ արձանագրութիւնները կատարած ենք եւ աշակերտներուն ու ուսուցիչներուն հետ պայմանաւորուած: Յառաջիկայ տարուան համար մեր հաշիւները վերատեսութեան պիտի ենթարկենք եւ ծնողները իմացնենք նոր կրթաթոշակներուն մասին, որպէսզի անոնք ըստ այնմ որոշեն, եթէ մեր դպրոցներուն մէջ կ՛ուզեն մնալ, թէ հեռանալ», ըսաւ Ռահմէ եպիսկոպոս:

Միւս կողմէ, կրթութեան նախարար Մարուան Համատէ ըսաւ. «Վաղուան դասադուլին կարիք չկայ»:

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Հանիէին

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Ստացաւ Սէուտական Արաբիա Այցելութեան Հրաւէր Մը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.