Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Տնտեսութիւնը Բարելաւելու Նոր Պատկերացումը Մշակուելու Ընթացքին Մէջ Է

November 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին տնտեսութիւնը բարելաւելու նպատակով նոր պատկերացումը մշակուելու ընթացքին մէջ է: Ան նշեց, որ այդ պատկերացումը կը մշակուի կառավարութեան հետ գործակցաբար:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ապահովական կայունութեան եւ պետական հաստատութիւններու աշխատանքին բանեցումին իմաստով նախագահութեան իր նստաշրջանի առաջին տարուան իրագործումներուն պիտի յաջորդեն տնտեսական բարգաւաճման ծրագիրները, որոնք մշակումի ընթացքին մէջ են:

Նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի մէջ ներդրումները աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ 12 տարուան բացթողումէ ետք պետական ամավարկի վաւերացումն ու հաշիւներու յատուկ ցուցակներու ճշդումը կ՛օժանդակեն զսպելու մսխումն ու փտածութիւնը:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ յառաջիկայ գարնան Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը աւելի եւս պիտի իմաստաւորեն` աւելցնելով, որ լիբանանցիները կրնան ընտրել նոր խորհրդարան մը, որ կ՛արտայայտէ իրենց յոյսերն ու ձգտումները:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ արաբական թէ օտար երկիրներ իր կատարած այցելութիւնները եղած են առիթներ` Լիբանանը վերադարձնելու միջազգային ուշադրութեան արժանի ըլլալու իր նախկին դիրքին:

Իր կարգին, Թարապէյ յայտնեց, որ ամերիկացի պատասխանատուներէն ստացած են երաշխիքներ, թէ Հըզպալլայի դէմ որդեգրուած ամերիկեան դրամական պատժամիջոցները թիրախ չեն դարձներ  Լիբանանի դրամատնային բնագաւառը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Անթոնիօ Հաշեմ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յատկապէս Պէյրութի սենտիքային աշխատանքները:

Հաշեմ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` սենտիքային հետ գործակցութեան եւ իրաւաբաններու պահանջներուն հետ գործակցելուն համար:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Պուարի կառավարական հիւանդանոցի նոր նշանակուած վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ հիւանդանոցի նոր նշանակուած նախագահ Անտրէ Քոզայլիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հիւանդանոցին վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Աուն յաջողութիւն մաղթեց հիւանդանոցի նոր տնօրէնութեան` խոստանալով հոգալ հիւանդանոցներուն կարիքները:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն իրաւունքն է առողջապահական խնամք ստանալ, իսկ պետութեան պարտականութիւնն է ապահովել ամէն ինչ, որ քաղաքացին արժանի կը դարձնէ այդ իրաւունքին:

Նախորդը

Պըրրի Լազարինիէն Պահանջեց ՄԱԿ-ի Մէջ Արծարծել Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Իսրայէլի Գործած Ոտնձգութիւնները

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Քամիի Ուժի Միջոցով Ելեկտրականութիւն Արտադրելու Պայմանները

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.