Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեփոխան Ժըպրան Պասիլ «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Լիբանանի մէջ ներքին առումով զիս մտահոգողը Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմի նկատմամբ մտավախութենէս աւելին է: Այն, ինչ որ 8 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ, եւ ճամբաներուն վրայ սուրիացիներու տեսարանը չենք կրնար տեսնել առանց վախ զգալու»:
«Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, իմ հասկացողութեանս համաձայն, կազմակերպուած ապահովական փորձ էր: Եթէ կազմակերպուած չէր, ապա նշան է, պատգամ կամ զգուշացում, թէ ի՛նչ կրնայ տեղի ունենալ», ըսաւ ան:
«Ոչ ոք կրնայ լիբանանեան ինքնութիւնը ջնջել կամ լուծել, սակայն կարելի է մշակոյթ մը մղել մէկ ուրիշին վրայ ճնշելու», յայտնեց Պասիլ:
«Այս իշխանութիւնը եկաւ խոստումներու հիմամբ, եւ սխալը այն է, որ այդ խոստումներու գործադրութեան ծրագիր անմիջապէս չմշակեց», նշեց ան` աւելցնելով. «Այն, ինչ որ անցեալ 5 եւ 7 օգոստոսին տեղի ունեցաւ, ծրագիրի մշակում չէր, այլ գոյութիւն ունէր ամերիկեան փաստաթուղթ մը, որուն շուրջ բանակցութիւն տեղի ունեցաւ ամերիկացի պատուիրակին եւ իշխանութեան մէկ մասին միջեւ, եւ կառավարութեան մէջ վաւերացուեցաւ լիբանանցիներու հատուածի մը ծածուկ ընդունման եւ ուրիշ հատուածի մը հրապարակային մերժման պայմաններուն մէջ»:
«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն կը փորձէ ժամանակ շահիլ, որովհետեւ ներքին խնդիրներու եւ արտաքին ճնշումներու միջեւ բանտարկուած է», ըսաւ ան:
«Հըզպալլայի առաջին խնդիրը զէնքի ճակատագիրն է, եւ կուսակցութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան կ՛ըսէր, թէ «զէնքը մեր վրայ բեռ է, երբ կրնանք զայն լքել պիտի լքենք», յայտնեց Պասիլ` աւելցնելով. «Որոշումը Իրանի եւ կուսակցութեան մօտ է»:
«Հըզպալլան այսօր պէտք է ընտրէ` լիբանանեա՞ն է, թէ՞ իրանեան», յայտնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:
«Ես զէնքի հարցի լուծման եւ այս զէնքի լիբանանեան բանակին յանձնումին հետ եմ, որպէսզի զայն օգտագործէ, կա՛մ ալ Միացեալ Նահանգները Լիբանանին զէնք տրամադրէ, որովհետեւ Իսրայէլին տուած զէնքերուն մէկ առ հարիւրը կարող է Լիբանանի կարիքները բաւարարել», յայտնեց երեսփոխանը:
«Եթէ զէնքին ու քաղաքական ձեռքբերումներուն միջեւ փոխանակում տեղի ունեցաւ, Լիբանանին մեծ դաւաճանութեան առջեւ կանգնած կ՛ըլլանք, եւ իւրաքանչիւր լիբանանցիի կոչ կ՛ուղղեմ` մերժելու այս գաղափարը», նշեց Պասիլ:


