. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, բանակի հրամանատար զօր. Հայքալ Փարիզի ժողովի ընթացքին բանակին աջակցութեան համար որոշակի գումար մը պիտի չխնդրէ, այլ պիտի բաւարարուի ներկայացնելով այն բաները, որոնց կարիքը ունի բանակը՝ Լիթանի գետին հարաւի եւ հիւսիսի մէջ իրեն վստահուած պարտականութիւնը կատարելու համար։
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Շարք մը երեսփոխաններ Պաապտայի պալատի եւ վարչապետարանի կարծիքները շօշափելէ ետք, քաջալերուեցան խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին մասնակցելու»։
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Աունի, Պըրրիի եւ Սալամի միջեւ չյայտարարուած համաձայնութիւն գոյութիւն ունի «օրէնսդրական աշխատանքը չխոչընդոտելու» պատրուակին տակ խորհրդարանի նիստի գումարման ու օրինաթիւի ապահովման համար յարմար պայմաններու ապահովման շուրջ»։
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի Պէյրութ այցելութիւնը որեւէ քաղաքական ուղղակի նախաձեռնութիւն կամ կարգաւորման առաջարկ չի ներառեր, այլ՝ անոր նպատակը լսելն ու դիրքորոշումներուն ծանօթանալն է»։


