. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Փարիզի քառակողմ ժողովը առիթ ընծայեց մանրամասն ու համապարփակ կերպով ներկայացնելու բանակին կարիքները՝ մեկնելով յստակ տեսլականէ մը, որ բանակը կարող դարձնելը կը նկատէ պետութեան իր գերիշխանութիւնը տարածելու կարողութեան առաջին պայմանը»։. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքրոնիա»-ին. «Ժողովի արդիւնքները ցոյց տուին, որ ֆրանսական դիրքորոշումը համահունչ է ամերիկեան ու սէուտական դիրքորոշումներուն։ Բանակի օժանդակութիւնը այլեւս կախեալ է Հըզպալլայի զինաթափման մէջ շօշափելի արդիւնքներու արձանագրման տարողութենէն»։
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանեան նախապատրաստական աշխատանքները արագացուած կշռոյթով կþընթանան, յատկապէս պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Քարամի միջոցով։ Աշխատանքները հիմնուած են հանգիստ եւ աստիճանական բանակցային մօտեցումի վրայ, որ կը խուսափի բոլոր լծակները մէկ անգամէն սպառելէ եւ հաշուարկուած խուսանաւումի կարելիութիւն կը ձգԷ»։
. ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթ. «Միլիսներուն իրենց զէնքը յանձնելն ու կառավարութեան մէջ համարկուիլը Լիբանանի մէջ ազգային բարեկարգումի երթի առաջին քայլն է»։
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Վերջերս վարչապետ Սալամի եւ շարք մը նախարարներու, խորհրդարանի անդամներու եւ փորձագէտներու միջեւ շարունակական հանդիպումներն ու հաղորդակցութիւնները աշխուժացած են՝ կառավարութեան կողմէ ելեւմտական բացի վերաբերեալ օրինագիծին գծով մեկնաբանութիւնները վերջնականապէս ներկայացնելու համար, նախքան զայն խորհրդարան ուղարկելը»։
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Պետութեան կրած վնասներու տոկոսը ամէնէն ցածն է՝ համեմատած դրամատուներու եւ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կրած վնասներուն, մինչդեռ ամէնէն փոքր բեռը կամ վնասները պիտի կրեն պահ դրուած գումարներ ունեցողները, ինչ որ անընդունելի է Դրամատուներու միութեան համար, որ սկսած է քայլերու ձեռնարկել եւ իր ձայնը բարձրացնել»։
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, Դամասկոս Պէյրութի մէջ իր դեսպանատան նոր գործակատար մը նշանակած է. ան նախապէս սուրիական ծովափնեայ շրջանին քաղաքական հարցերու նախկին պատասխանատու Իատ Հազզահն է։
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 25000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.408.000 լ.ո.-ի եւ 1.448.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 27000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.297.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ՝ 1.169.000 լ.ո.։


