Լիբանանեան

Թրամփ. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Ղեկավարներու  Իրարու Հետ Խօսելէն Երկար Ժամանակ Անցած Է.  Ատիկա Վաղը Տեղի Պիտի Ունենայ»

Թրամփ. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Ղեկավարներու Իրարու Հետ Խօսելէն Երկար Ժամանակ Անցած Է. Ատիկա Վաղը Տեղի Պիտի Ունենայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գրառում մը կատարելով յայտարարեց. «Կը փորձենք Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ շունչ առնելու փոքր տարածք ստեղծել: Իսրայէլի եւ Լիբանանի ղեկավարներու իրարու հետ խօսելէն երկար ժամանակ` շուրջ 34 տարի անցած է: Ատիկա վաղը տեղի պիտի ունենայ»: «Էմ.Թի.Վի.»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Թրամփ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններուն վերաբերեալ իր գրառումը կատարեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի եւ արտաքին գործոց նախարար...

Պըրրի-Քալիպաֆ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Պըրրի-Քալիպաֆ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Իրանի իսլամական հանապետութեան խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ երէկ հեռաձայնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Երկու երկիրներու խորհրդարաններու նախագահները քննարկեցին կացութեան զարգացումները շրջանին եւ Լիբանանի մէջ, մասնաւորաբար հարաւի մէջ, ուր իսրայէլեան յարձակումները կը շարունակուին, ինչպէս տեղի ունեցած էր Կազայի մէջ: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծուեցաւ այլ բանէ առաջ զինադադարին մէջ Լիբանանը ներառելուն անհրաժեշտութիւնը:    

Նախագահ Աուն Ռուպիոյին Շնորհակալութիւն  Յայտնեց Զինադադարի Հաստատման Գծով  Ուաշինկթընի Ջանքերուն Համար

Նախագահ Աուն Ռուպիոյին Շնորհակալութիւն Յայտնեց Զինադադարի Հաստատման Գծով Ուաշինկթընի Ջանքերուն Համար

Նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հեռաձայնած է նախագահ Ժոզեֆ Աունին: Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է զինադադարի հաստատման նպատակով ջանքերուն եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ռուպիօ իր կարգին վստահեցուցած է, որ կը շարունակէ իր ընթացող ջանքերը զինադադարի հասնելու` առ ի պատրաստութիւն Լիբանանի մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը աջակցութիւն յայտնած է...

Իսրայէլ Ամբողջովին Քանդեց Հարաւային  Լիբանանը Երկրի Մնացեալ Մասերուն  Կապող Վերջին Կամուրջը

Իսրայէլ Ամբողջովին Քանդեց Հարաւային Լիբանանը Երկրի Մնացեալ Մասերուն Կապող Վերջին Կամուրջը

Իսրայէլեան օդուժը երէկ բուռն յարձակումներ գործեց Նապաթիէի վրայ, ուր մեծ աւեր յառաջացաւ: Մասնաւորաբար բուռն էր Քֆարրումմանի վրայ յարձակումը: Յարձակում գործուեցաւ նաեւ Առնունի եւ Քֆարհաթթայի վրայ: Իսրայէլեան օդուժը նաեւ Տահր Պայտարի շրջանին մէջ փոքր փոխադրակառք մը հարուածեց, այդ պատճառով ալ արձանագրուեցաւ զոհ մը, եւ դէպի Պեքա տանող ճամբան որոշ ժամանակով փակուեցաւ: Իսրայէլեան ուժերը Հըզպալլայի հետ բուռն բախումներէ ետք նահանջեցին հարաւային Լիբանանի ...

Նախագահ Աուն. «Բանակցութիւնները  Միայն Լիբանանեան Իշխանութիւնները Կը Վարեն»

Նախագահ Աուն. «Բանակցութիւնները Միայն Լիբանանեան Իշխանութիւնները Կը Վարեն»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատի մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ Միջին Արեւելքի հարցով պետական նախարար Հէյմիշ Նիքոլաս Ֆալքնըրը, եւ անոր յայտնեց, որ  Իսրայէլի հետ Լիբանանի պահանջած զինադադարը երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններու բնական մուտք մըն է` նախագահի բանակցային նախաձեռնութեան հիմամբ: Ան շեշտեց, որ բանակցութիւնները միայն լիբանանեան իշխանութիւնները կը վարեն` նկատի ունենալով, որ ատիկա գերիշխանական հարց է, որուն ոչ ոք կարելի է...

Նախարարական Ժողովը Պէյրութի Մէջ  Ապահովական Քայլերու Ամրապնդումը Քննարկեց

Նախարարական Ժողովը Պէյրութի Մէջ Ապահովական Քայլերու Ամրապնդումը Քննարկեց

Վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նախագահութեամբ եւ շարք մը նախարարներու մասնակցութեամբ ժողովէ մը ետք, տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս յայտարարեց, թէ Սալամ նախարարներուն ներկայացուցած է մասնաւորաբար Պէյրութի մէջ ապահովական միջոցառումներու ամրապնդումը, անցարգելներու թիւի բարձրացումն ու կատարուած պարեկութիւնը: Վարչապետը կանգ առած է առնչակից նախարարութիւններու կատարած օժանդակութեան ու պատսպարման աշխատանքներուն վրայ, ներկայացուցած է քաղաքապետարաններու իրենց կարիքներու բաւարարման համար ունեցած կարիքները, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու...

Խաուաժա. «Հանրապետութեան Նախագահին  Ու Նեթանիահուի Միջեւ Որեւէ Հաղորդակցութիւն  Շատ Վտանգաւոր Պիտի Ըլլայ»

Խաուաժա. «Հանրապետութեան Նախագահին Ու Նեթանիահուի Միջեւ Որեւէ Հաղորդակցութիւն Շատ Վտանգաւոր Պիտի Ըլլայ»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մոհամետ Խաուաժա կտրուկ կերպով մերժեց Իսրայէլի հետ որեւէ ձեւի ուղղակի բանակցութիւն` վերահաստատելով կառչածութիւնը 27 նոյեմբեր 2024-ին հրապարակուած զինադադարի համաձայնութեան ու անոր առնչուած մեքանիզմներուն, հակառակ Մեքանիզմի յանձնախումբին վերաբերեալ նախկին վերապահութիւններուն: Ան նաեւ յայտնեց, որ այսօր կամ հետագային Իսրայէլի հետ հաղորդակցելու որեւէ արդարացուցիչ պատճառ չկայ: Խաուաժա «Ռիսալա» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ բանակցութիւններուն վերաբերեալ եռեակին հրապարակած վերջին...

Պասիլ. «Կառավարութիւնը Պէտք Է Գետնի Վրայ Իրողութիւններն Ու Խաղաղութեան Հասնելու  Անոր Փափաքը Հաւասարակշռող Որոշում Մը Տայ»

Պասիլ. «Կառավարութիւնը Պէտք Է Գետնի Վրայ Իրողութիւններն Ու Խաղաղութեան Հասնելու Անոր Փափաքը Հաւասարակշռող Որոշում Մը Տայ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Լիբանանեան կառավարութիւնը պէտք է գետնի վրայ իրողութիւններն ու խաղաղութեան հասնելու մեր փափաքը հաւասարակշռող արդար որոշում մը տայ»: «Ասիկա պէտք է նկատի ունենայ իսրայէլեան կառավարութեան արդար լուծումի հասնելու փափաքը, որովհետեւ արդար լուծումը կը պահանջէ, որ Իսրայէլ իր անվտանգութիւնն ու իրաւունքը կ՛ունենայ, եւ միւս կողմէ Լիբանանը պէտք է վերատիրանայ...

Լիբանանեան Ճակատին Վրայ Զինադադարի  Յայտարարութիւնը` Հաւանակա՞ն

Լիբանանեան Ճակատին Վրայ Զինադադարի Յայտարարութիւնը` Հաւանակա՞ն

Մինչ երէկ յետմիջօրէէն ետք սկսան լուրեր շրջիլ զինադադար յայտարարելու հաւանականութեան իսրայէլեան բանակը Նաքուրայի մէջ տուն մը պայթեցուց: Իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Մայֆատունի վրայ, ապա հարուածեց յարձակումի վայր հասած շտապ օգնութեան խումբը: Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Լեռնալիբանանի մէջ Ժիէի ճամբուն վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Այդ յարձակումէն քանի մը վայրկեան առաջ Սաատիեթի ճամբուն վրայ եւս ինքնաշարժ մը յարձակումի ենթարկեց: Հըզպալլա հրթիռակոծեց...

Ուաշինկթընի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը  Իսրայէլի Հետ Ժողովը «Դրական» Կ՛որակէ

Ուաշինկթընի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը Իսրայէլի Հետ Ժողովը «Դրական» Կ՛որակէ

Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ - Մուաուատ երեքշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ «նախապատրաստական լաւ ժողով»-ի ընթացքին կոչ ուղղեց զինադադար հաստատելու: Դեսպանը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Նախապատրաստական այս ժողովը լաւ էր: Զինադադարի հաստատման եւ տեղահանուածներու տունդարձի կոչ ուղղեցի»: Ան աւելցուց, որ ժողովի ընթացքին շեշտած է «մեր հողերուն ամբողջականութեան եւ լիբանանեան բոլոր հողերուն նկտամամբ պետութեան ամբողջական գերիշխանութեան վրայ»:...

Էրտողան. «Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան  Յարձակումներու Շարունակումը Կը Վնասէ  Շրջանային Խաղաղութեան Յոյսերուն»

Էրտողան. «Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներու Շարունակումը Կը Վնասէ Շրջանային Խաղաղութեան Յոյսերուն»

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները կը վնասեն շրջանային խաղաղութեան նկատմամբ յոյսերուն: Ան նշեց, որ Թուրքիան աշխատանք կը տանի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ զինադադարը երկարաձգելու, լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւնները շարունակելու:

Ռայի Պատրիարք. «Կը Զօրակցիմ Բանակցութեան  Եւ Կոչ Կ՛ուղղեմ` Ընթացող Պատերազմը  Անմիջապէս Դադրեցնելու»

Ռայի Պատրիարք. «Կը Զօրակցիմ Բանակցութեան Եւ Կոչ Կ՛ուղղեմ` Ընթացող Պատերազմը Անմիջապէս Դադրեցնելու»

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը «Անպա» օրաթերթին. «Կը զօրակցիմ բանակցութեան եւ զօրեղ կերպով կոչ կ՛ուղղեմ` ընթացող պատերազմը անմիջապէս դադրեցնելու, որովհետեւ պատերազմները իրենց անօգուտ ըլլալը փաստեցին, եւ երկխօսութեան լեզուն ու բանակցութիւնը պատերազմի տրամաբանութեան իսկական հակադիրն է: Այս մօտեցումը պէտք է որդեգրել բռնութեան տրամաբանութիւնը վերացնելու եւ զայն մէկ կողմ դնելու համար»: Ռայի պարիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, «մասնաւորաբար ճակատումին ուղղակի կերպով առնչուած խումբին, դուրս գալու...

Միւֆթի Քապալան. «Երկիրը Պատմական  Փորձութենէ Կ՛անցնի Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Սրբութիւն Սրբոց Է»

Շէյխ Քապալան. «Լիբանանի Մէջ Ամերիկեան Հոգատարութեան Իշխանութիւնը Սնանկ Եւ Ազգային Օրինականութեան Նուազագոյն Չափէն Զուրկ Է»

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Հաստատ է, որ Լիբանանի մէջ ամերիկեան հոգատարութեան իշխանութիւնը սնանկ, ամօթալի եւ ազգային օրինականութեան նուազագոյն չափէն զուրկ է, եւ սիոնական թշնամիին հետ նուաստացուցիչ բանակցութեամբ ան առանց դանակի ինքզինք մորթեց, որովհետեւ ան բացարձակապէս յոռեգոյն ազգային սխալը գործեց, որովհետեւ պարզապէս հոգատարութեան պարտուած գործակատար է, եւ հոգատարութեան աթոռներուն վրայ ըլլալը անոր երբեք այս հայրենիքի օրինականութիւնը...

Ֆատլալլա. «Իրան Գիտէ Ինչպէ՛ս Իր Ժողովուրդը  Պիտի Պաշտպանէ Եւ Այդ Հարցով Ուրիշին Չի Վստահիր»

Ֆատլալլա. «Ուաշինկթընի Պատկերը Լիբանանի Ժողովուրդի Ընտրանքները Չ՛արտացոլացներ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա խորհրդարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց. «Դիմադրողներուն բառարանին մէջ նահանջել չկայ»` աւելցնելով. «Դիմադրողները Պընթ Ժպէյլ քաղաքին մէջ եւ անկէ դուրս իրենց հարուածներով անակնկալի կը մատնեն թշնամին»: «Իսրայէլ միայն մարզադաշտի մէջ լուսանկար կը փնտռէ` նկատի ունենալով «սարդոստայն»-ին անոնց ոգիներուն մէջ ձգած սպին», ըսաւ ան: «Ներկայ իշխանութիւնը ժողովուրդի մակարդակին վրայ չէր եւ երիտասարդ դիմադրողներուն դիմադրութեան...

Սահեր Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի Օրինակով  Բոլոր Երկիրներէն Վտարելու Իրանի Դեսպանները

Սահեր. «Լիբանանի Հետ Խաղաղութեան Ու Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Կ՛ուզենք Հասնիլ»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պնդեց. «Նախանձախնդիր ենք Լիբանանի հետ խաղաղութեան ու յարաբերութիւններու բնականոնացման հասնելու նկատմամբ»: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ մեծ տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին: Հըզպալլան միակ խնդիրն է, եւ պէտք է զայն լուծել», ըսաւ ան: «Հըզպալլան Լիբանանը իրանեան իրողական  բռնագրաւման տակ կը պահէ», նշեց իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:  

Մաքրոն. «Անհրաժեշտ Է,  Որ Զինադադարը Լիբանանը Ներառէ»

Մաքրոն. «Անհրաժեշտ Է, Որ Զինադադարը Լիբանանը Ներառէ»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն անհրաժեշտ նկատեց, որ բոլորը յարգեն զինադադարը, եւ անիկա Լիբանանը ներառէ: Ան նշեց, որ անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ շուտ, եւ առանց պայմաններու, սահմանափակումներու կամ տուրքերու, վերաբանալ Հորմուզի նեղուցը: «Պէտք է բանակցութիւնները շուտով շարունակուին` առնչակից գլխաւոր կողմերու աջակցութեամբ», ըսաւ ան: «Ուրբաթ օր Բրիտանիոյ հետ կը հիւրընկալենք կռիւին մասնակից չեղող պետութիւններու խորհրդաժողով` նպաստելու համար Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման...

«Պէյրութը Ապահով Եւ Առանց Զէնքի Քաղաք»  Խորագիրով Պէյրութի Երեսփոխաններու  Ընդլայնուած Համագումար

«Պէյրութը Ապահով Եւ Առանց Զէնքի Քաղաք» Խորագիրով Պէյրութի Երեսփոխաններու Ընդլայնուած Համագումար

Երէկ` հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2026-ին, Պէյրութի «Ֆինիսիա» պանդոկին մէջ Պէյրութի երեսփոխաններ գումարեցին ընդլայնուած համագումար մը` մասնակցութեամբ մայրաքաղաքէն անձնաւորութիւններու եւ հեղինակութիւններու: Համագումարի ընթացքին ներկաները քննարկեցին Լիբանանի վկայած վտանգաւոր իրադարձութիւնները եւ մանաւանդ մայրաքաղաք Պէյրութի վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումները: «Պէյրութը ապահով եւ զէնքէ զուրկ» խորագիրով համագումարին ընթացքին ներկաները ողջունեցին հանրապետութեան նախագահի եւ կառավարութեան կեցուածքները: Անոնք դատապարտեցին լիբանանեան հողերուն վրայ կատարուած եւ մինչեւ մայրաքաղաք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ. «Երբեմն լռելը աւելի լաւ է, քան մեկնաբանել որոշ ցնորական յայտարարութիւններ, առաւել եւս որոշ մարդոց անհեթեթութիւնները, երբ երկիրը ճակատագրական վտանգներ կը դիմագրաւէ: Մարդոց մտքերը յարգեցէ՛ք»: .«Էմ. Թի. Վի.»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանը նախագահ Ժոզեֆ Աունին յայտնեց, թէ ամերիկացիները երէկուան Լիբանան - Իսրայէլ բանակցութիւններուն մէջ հոյակապ էին»: . «ՊԼՈՒՄՊԸՐԿ ՆԻՈՒԶ». «Միջազգային դրամական ֆոնտն...

Ռուպիօ. «Ուաշինկթընի Մէջ  Իսրայէլեան – Լիբանանեան Բանակցութիւններուն  Վերաբերեալ Պատմական Առիթ Մը Ունինք»

Ռուպիօ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իսրայէլեան – Լիբանանեան Բանակցութիւններուն Վերաբերեալ Պատմական Առիթ Մը Ունինք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց. «Ուաշինկթընի մէջ իսրայէլեան-լիբանանեան բանակցութիւններուն վերաբերեալ պատմական առիթ մը ունինք»: «Բոլոր բարդութիւնները յառաջիկայ վեց ժամուան մէջ պիտի չլուծուին, եւ կրնանք յառաջ ընթանալ ընդհանուր շրջագիծի մը մշակման ուղղութեամբ», նշեց ան: «Խնդիրը կը վերաբերի Հըզպալլայի քսան կամ երեսուն տարուան ազդեցութեան», յայտնեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Մըթրի. «Ուաշինկթընի Հանդիպումի Ընթացքին  Զինադադար Կամ Զինադուլ Պիտի Պահանջենք,  Որպէսզի Կարենանք Իսրայէլի Հետ  Բանակցելու Կերպը Քննարկել»

Մըթրի. «Ուաշինկթընի Հանդիպումի Ընթացքին Զինադադար Կամ Զինադուլ Պիտի Պահանջենք, Որպէսզի Կարենանք Իսրայէլի Հետ Բանակցելու Կերպը Քննարկել»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի հետ բանակցութիւններուն եւ նշեց. «Պահանջուածը առնուազն զինադուլ մըն է, որ բանակցութիւններ կատարելը կ՛արտօնէ, որովհետեւ այդ բանակցութիւնները ընդհանրապէս կը կատարուին հանդարտ մթնոլորտի մէջ եւ ոչ թէ զինուորական գործողութիւններու լոյսին տակ»: «Տեսնենք, թէ այս ժողովին ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ, եւ Իսրայէլի դեսպան Եհիէլ Լայթըրի ըսելիքէն աւելի կարեւորը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց...

Page 43 of 985 1 … 42 43 44 … 985

Արխիւներ