Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Հըզպալլան հարաւային Լիբանանի մէջ հակաօդային հրթիռով վար առած է իսրայէլեան զինուորական անօդաչու թռչող սարք մը` նշելով. «Դէպքը հետաքննութեան կ՛ենթարկուի»:
Հըզպալլա իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ իր մարտիկները երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին հակաօդային հրթիռով վար առած են Նապաթիէ քաղաքին վերեւ թռիչք կատարող «Հերմես-450-Զիք» տիպի իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը:
Հըզպալլա նաեւ յայտարարեց, թէ երէկ առաւօտեան ժամը 8:45-ին քամիքազ անօդաչու թռչող սարքով հաստատ հարուած հասցուցած է Եարին գիւղին հարաւը գտնուող իսրայէլեան 155 միլիմեթրնոց հրետանիի մը:
Կուսակցութիւնը նաեւ նկատել տուաւ, թէ երէկ ժամը 10:00-ին Պընթ Ժպէյլ քաղաքին մէջ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով ուղղակի հարուած հասցուցած է «Մերքաւա» տիպի երկու հրասայլերու:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ երէկ առտու Շումիրայի մօտ զրահապատ մեքենայի մը վրայ Հըզպալլայի մէկ անօդաչու թռչող սարքի պայթումին պատճառով 12 իսրայէլացի զինուորներ վիրաւորուած են:
Իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Ատշիթ, Թուլին, Քալաուէյհ, Հարուֆ, Թուլ, Ժըպշիթ եւ շարք մը այլ գիւղերու վրայ:
Իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Սուր գաւառի արեւմուտքը գտնուող գիւղերը, մասնաւորաբար Հանիէն եւ Զըպքինը, ինչպէս նաեւ Պընթ Ժպէյլ գաւառի Քունին գիւղը:
Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մըն ալ Սրիֆայի մէջ յարձակում գործեց մոթորսիքլեթի մը վրայ:
Երէկ կէսօրէ առաջ շղթայազերծուած յարձակումներուն պատճառով Ժըպշիթ գիւղին մէջ արձանագրուեցաւ 3 զոհ եւ 7 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ բնակուած շէնք մը քանդուեցաւ: Թուլ գիւղին մէջ արձանագրուեցան 4 զոհեր ու 6 վիրաւորներ, եւ բնակուած շէնք մը քանդուեցաւ, իսկ Հարուֆ գիւղին մէջ արձանագրուեցան 2 զոհեր եւ տուն մը քանդուեցաւ:


