. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին. «Իսրայէլեան բանակը պահանջեց ամերիկեան սահմանափակումներ վերցնել, որպէսզի Հըզպալլան հարուածելը շարունակէ»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթ. «Սէուտական Արաբիան Իսրայէլի հետ բանակցութեան սեղան բերել ձախողելէ ետք, Թրամփ աշխատանք կը տանի Լիբանանի նախագահին եւ Նեթանիահուի միջեւ վեհաժողովի գումարման ուղղութեամբ»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Միջազգային, մասնաւորաբար ամերիկեան հաղորդակցութիւնները վերջին օրերուն աշխուժացան ենթահող պատրաստելու համար բանակցային նոր փուլի մը, որ կը նախատեսուի, թէ գործնական դուռը ըլլայ զինադադարի դասաւորումներու քննարկման»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Ուղղակի բանակցութիւններու ուղղութեամբ նախագահական մղումը վերածուեցաւ ընտրանքի մը, որ աջակցութիւնը կը վայելէ հետզհետէ աճող ներքին աջակցութեան ցանցի մը, որ կը ներառէ քաղաքական ուժեր եւ կրօնական հեղինակութիւններ, ինչ որ անոր կու տայ քաղաքական թափ մը, որ անոր կ՛արտօնէ հակառակ առարկութիւններուն յառաջ ընթանալ»:


