. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Շրջագծային համաձայնութիւնը պիտի ներկայացուի կառավարութեան առաջին նիստին, ուր պէտք է նախարարներու երկու երրորդի զօրակցութեան արժանանայ, եւ սահմանադրութեան համաձայն, համաձայնութիւնը պէտք է նաեւ հաւանութեան համար խորհրդարան ուղարկուի, որպէսզի անոր կնքումը սահմանադրութեան համահունչ ըլլայ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «26 յունիսի համաձայնութիւնը Լիբանան-Իսրայէլ հակամարտութեան մէջ շրջադարձի մեծ կէտ մը պիտի ըլլայ` անկախ Իսլամապատի բանակցութիւններէն եւ Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնագիրի առնչուած զինուորական լարուածութենէն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ-Իրան շարունակուող բախումէն»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուաշինկթընի համաձայնութիւնը, յստակ է: Այն, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ, յայտարարուեցաւ, եւ ի տարբերութիւն 27 նոյեմբեր 2024-ի համաձայնութենէն ետք շրջանառուածին, գաղտնի կէտեր կամ յաւելուածներ գոյութիւն չունին»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նախագահ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի միջեւ հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի: Վերջինս կը ձգտի գաղտնապահ մնալ եւ խուսափիլ լարուածութեան սրումէն` հաշուի առնելով իր եւ Հըզպալլայի կողմէ փորձառական շրջաններու մերժումը, ինչ որ բանակին եւ պետութեան համար կը բարդացնէ իրավիճակը եւ Իսրայէլին յաւելեալ արդարացումներ կու տայ` շարունակելու իր պատերազմը»:
. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի կտրուկ կերպով մերժեց համաձայնագիրին մէջ որդեգրուած «փորձառական շրջաններ»-ու վերաբերեալ հասկացութիւնը, որ բռնագրաւումի երկարատեւ ամրապնդում կը նշանակէ, եւ ատոր իւրաքանչիւր կէտը կը պարունակէ շարք մը սխալներ, որոնք ազգային աղէտի համազօր են»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «եգիպտական եւ քաթարեան կողմերը կապ հաստատած են խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ` զինք մղելու համաձայնութիւնը ընդունելու, որովհետեւ այլընտրանքը աւելի վատ պիտի ըլլայ: Տոհա Պըրրին համոզելու առաւելագոյն ջանքը կը թափէ` այն հիմամբ, որ այս համաձայնութիւնը տապալելը անորոշութեան դուռը պիտի բանայ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Հըզպալլան համաձայնութիւնը փողոցը պիտի չտապալէ, այլ` զայն գոյութիւն չունեցող պիտի նկատէ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հըզպալլայի մօտ գոյութիւն ունի ուղղուածութիւն մը` ներկայ փուլին յետաձգելու ժողովրդային շարժումներու կամ դաշտային քայլերու ճամբով որեւէ մագլցում` սպասելով իրանեան ջանքերու արդիւնքին»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանանեան բանակին փոխանցուած քաղաքական որոշումը ապահովութիւնը վերահսկողութեան տակ պահելն ու Հըզպալլային քաղաքացիական խաղաղութիւնը քանդել չարտօնելն է: Մինչ բանակը պիտի յարգէ օրէնքներու համահունչ որեւէ խաղաղ բողոք, անկարգութիւնը օրինականացնելու որեւէ փորձ խիստ վերաբերմունքի պիտի արժանանայ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ տեղի ունեցողին մէջ ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ անիկա կ՛ամրագրէ քաղաքացիական ուղղահայեաց պառակտում մը, որ հիմնուած է զիրար չխաչաձեւող երկու տրամաբանութեան վրայ»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ զինուորական աղբիւր մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակը մինչեւ հիմա Լիբանանի մէջ որեւէ շրջանէ հեռանալու հրաման չստացաւ»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին. «Բանակը հեռանալու համար ճշդեց Հարաւային Լիբանանի մէջ երեք գիւղեր, որոնք են` Ֆրունը, Ղանտուրիէն եւ Զաութար Ղարպիէն»:


