. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Երէկուան Լիբանան-Իսրայէլ զինուորական բանակցութիւններու նիստին դրական ու շինիչ մթնոլորտ տիրեց, ինչ որ հարաւային սահմաններուն վրայ կայունութեան ամրապնդման եւ առկախ թղթածրարներու կարգաւորման գործնական հոլովոյթի սկզբնաւորման համար ջանքերու շարունակութեան ցուցանիշ է»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ուաշինկթընեան փուլին տեղի ունեցածը բանակցային հոլովոյթի սահմանումն էր: Լիբանան բանակցութիւնները կը նկատէ զինադադարի իրականացման եւ բռնագրաւումի դադրեցման ուղղուած ուղի, մինչդեռ Իսրայէլ զանոնք կը դիտարկէ իբրեւ քաղաքական եւ ապահովական օրինականութիւն խլելու կարելիութիւն»:
. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատէն աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Ուաշինկթընի մէջ գումարուած ժողովները չքննարկեցին առաքելութիւնը լիբանանեան-իրանեան-ամերիկեան բջիջին, որ Զուիցերիոյ ժողովներու ընթացքին իբրեւ գաղափար առաջարկուեցաւ, եւ Լիբանան պատրաստակամութիւն յայտնեց այս մեքանիզմը քննարկելու»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը մերժեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկած «բնորդային գաւառներ»-ու առաջարկը: Զինուորական բանակցութիւնները կարգ մը կէտերու վերաբերեալ սահմանափակ յառաջընթաց արձանագրեցին, առանց բնորդային շրջաններուն ու անոնց գործադրութեան մեքանիզմներուն վերաբերեալ վերջնական համաձայնութեան հասնելու»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Աշխատանք կը տարուի պատրաստելու նախագիծ մը մտադրութիւններու յայտարարութեան, որ կը նախատեսուի, որ համաձայնեցուած ելքերու գործադրութեան յատուկ գործնական մեքանիզմի հիմքը ըլլայ, սակայն անոր հրապարակումը մինչեւ հիմա երաշխաւորուած չէ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Քննարկումները դժուար էին, եւ Ուաշինկթըն լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն վրայ մեծ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի անոնք ճկունութիւն ցուցաբերեն եւ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրեն` նկատի ունենալով այն չափազանց մեծ կարեւորութիւնը, որ այս փուլը ստացած է»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան կողմը, որ Իսրայէլի հիւսիսէն վտանգը վերացնելու գործնական քայլերը կը խստացնէ, այժմ կը մերժէ հեռանալ կէտերէ, զորս կը նկատէ ռազմավարական ու իր անվտանգութեան առնչուած, քանի տակաւին Հըզպալլայի վտանգը ամբողջովին չէ վերացած»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ամերիկեան կողմը պատրաստեց նախնական պատկերացում մը, որ կը նախատեսէ մշակումը գործնական ծրագիրի մը, որ 60 օրուան մէջ իսրայէլեան հեռացում կ՛իրագործէ, սակայն իրագործումէն ետք շարք մը պայմաններու, որոնք հիմնուած են լիբանանեան եւ իսրայէլեան բանակներուն միջեւ գործողութենական համակարգումի ամերիկեան ուղղակի կառավարման վրայ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆ-Իսրայէլ բանակցութիւններէն տեղեակ դիւանագէտ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ամերիկեան, եւրոպական եւ արաբական գրաւը այլեւս յստակ կերպով լիբանանեան զինեալ ուժերուն վրայ է` նկատի ունենալով, որ անիկա օրինական միակ կողմն է, որ կրնայ յաջորդ փուլը կառավարել»:
. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատէն աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Բանակին աշխատանքը կամ զինուորական հաստատութեան գերիշխանութիւնը խաթարող որեւէ ստուգում Լիբանանի համար մերժելի է: Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ բանակցութեան նիւթ եղող «Մտադրութիւններու յայտարարութեան» վերաբերեալ աշխատանքին մէջ յառաջընթաց գոյութիւն ունի»:


