Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ժոմպլաթ. «Զինադադարը Պատրանք Է Եւ Մտախաբութիւն»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց. «Նկատի ունենալով, որ զինադադարը պատրանք է եւ մտախաբութիւն, իսկ քանդումի ու տեղահանութեան քաղաքականութիւնը կը շարունակուի եւ պիտի աճի, ժամանակն է, որ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը ստեղծէ քաղաքակրթական հիմերով ապաստանարաններ, առօրեայ դատարկ յայտարարութիւններուն փոխարէն: «Նոյն բանը կը վերաբերի կրթութեան նախարարութեան` առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին»:

Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»

Ժապեր. «Տոլարն Ու Պատրաստ Գումարը Ապահովուած Են»

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր նշեց, որ պահանջուածը իսկական զինադադար է. բան մը, որ նոյեմբեր 2024 թուականէն ի վեր տեղի չունեցաւ: Ան ըսաւ, որ կարելի էր այս ժամանակաշրջանէն օգտուիլ, երբ լիբանանեան բանակը Լիթանի գետէն հարաւ տեղակայուեցաւ, սակայն պահանջուած օգնութիւնները չստացաւ: «Երբ իսկական փոխըմբռնում գոյանայ, կրակոցը կը դադրի, սակայն ատիկա առնուազն ռմբակոծումի, քանդումի եւ անօդաչու թռչող սարքերու դադրեցում կը պահանջէ, եւ եթէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամ յայտարարեց. «Առ ի զօրակցութիւն նահատակներու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն, գերիներուն, տեղահանուածներուն եւ հարաւի ու յառաջնագիծի գիւղերու մեր ժողովուրդին, եւ աջակցելով անոնց տոկալուն, երկուշաբթի, 25 մայիսը կը յայտարարուի պաշտօնական արձակուրդի օր, եւ բոլոր պետական վարչութիւններն ու հաստատութիւնները, քաղաքապետութիւններն ու անոնց միութիւնները, դպրոցները եւ համալսարանները կը փակուին»: . ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Պերլին գործընկերներու հետ աշխատանք կը տանի...

Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զինադադարը  45 Օրով Երկարաձգուեցաւ Եւ Քաղաքականի Կողքին  Ապահովական Հոլովոյթի 29 Մայիսին  Մեկնարկը Յայտարարուեցաւ

Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զինադադարը 45 Օրով Երկարաձգուեցաւ Եւ Քաղաքականի Կողքին Ապահովական Հոլովոյթի 29 Մայիսին Մեկնարկը Յայտարարուեցաւ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուրբաթ գիշեր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններու աւարտին յայտարարեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարը 45 օրով երկարաձգուեցաւ` յաւելեալ յառաջընթացի արձանագրումը կարելի դարձնելու համար»: «Բանակցութիւններու քաղաքական հոլովոյթը պիտի շարունակենք 2 եւ 3 յունիսին», նշեց նախարարութիւնը, որ նաեւ 29 մայիսին Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութեան` Փենթակոնի մէջ Լիբանանէն ու Իսրայէլէն զինուորական...

Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղելով` «Ձրի  Զիջումներու Ֆիլմաշարը Դադրեցնելու»`  Հըզպալլա. «Խաղաղութեան Համաձայնութեան Մասին  Խօսակցութիւնը Շեղում Է Եւ Թշնամիին  Անպարտութեան Շնորհում»

Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղելով` «Ձրի Զիջումներու Ֆիլմաշարը Դադրեցնելու»` Հըզպալլա. «Խաղաղութեան Համաձայնութեան Մասին Խօսակցութիւնը Շեղում Է Եւ Թշնամիին Անպարտութեան Շնորհում»

Հըզպալլա շաբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ հողի, ժողովուրդի, մշակոյթի ու պատմութեան թշնամիի` սիոնական գոյացութեան միջեւ «լիակատար եւ համապարփակ» խաղաղութեան համաձայնագիրի մասին խօսելով` 17 մայիսի համաձայնագիրէն անդին գացող վտանգի եւ շեղման առումով վերարտադրելու փորձերու լոյսի տակ, Լիբանանի իշխանութիւնները չափազանց հեռու գացած եւ անտեսած կ՛ըլլան պատմութեան դասերն ու օրինակները, թշնամին արդարացուցած են իր յարձակումին համար, բռնագրաւումին համար անպարտութիւն...

Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղեն Պաշտպանելու Խաղաղ Բնակիչներն  Ու Պահպանելու Արցախի Բնակիչներու  Իրաւունքները Յարգելու Իր Պարտաւորութիւնները

Ուաշինկթըն. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Բանակցութիւնները Խոչընդոտելու Նպատակով Հըզպալլայի Յարձակումներուն Ներկայացուցած Մարտահրաւէրին Կը Գիտակցինք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ամերիկան պիտի շարունակէ քաղաքական եւ ապահովական հոլովոյթներուն մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի յառաջընթացին մէջ անոնց աջակցիլ»: «Կ՛ողջունենք Լիբանանի եւ Իսրայէլի կառավարութիւններուն յանձնառութեան, հակառակ շարունակուող մարտահրաւէրներուն երկարատեւ լուծում որոնելու», նշեց նախարարութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները խոչընդոտելու նպատակով Հըզպալլայի յարձակումներուն ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն կը գիտակցինք»:

Պայրագտարեան Ընդունեց  Ճափոնի Դեսպանը

Պայրագտարեան Ընդունեց Ճափոնի Դեսպանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Եոքոթա Քինժին: Պայրագտարեան դեսպանին հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան մշակած ծրագիրներուն Ճափոնի կողմէ աջակցութեան կարելիութիւնը: Ճափոնի դեսպանը երկու կողմերուն միջեւ կիրարկելի ծրագիրներու շուրջ գաղափարներու փոխանակման ծիրին մէջ գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց: Նախարարն ու դեսպանը խորհրդակցեցան հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը նիւթերու շուրջ: Դեսպան Քինժի...

Մուսաուի. «Սալամի Իսրայէլեան Յարձակումին Դէմ Բողոք Ներկայացնելու Ցուցմունքը Ճիշդ Քայլ Է»

Մուսաուի. «Իշխանութիւնները Պէտք Է Դադրեցնեն Իրենց Շեղումն Ու Թշնամիին Առջեւ Զիջումները»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի նշեց. «Լիբանանի բոլոր համայնքներէն եղող պատուաւոր ու ազատ հայրենասէրները 17 մայիսին տապալեցին նուաստացումի եւ ամօթի համաձայնութիւնը»: «Իշխանութիւնները պէտք է անկէ դաս քաղեն եւ դադրեցնեն իրենց շեղումն ու թշնամիին առջեւ իրենց զիջումները, որովհետեւ ան, որ անցեալին ամօթի համաձայնութիւնը տապալեց, որեւէ ատեն դաւաճանական որեւէ համաձայնութիւն պիտի տապալէ», նշեց երեսփոխանը: «Որքա՜ն շատ դասեր կան, եւ որքա՜ն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պետական աղբիւր մը «Էլ.Պի.Սի.»-ին. «Աշխատանք կը տարուի այս գիշեր ամբողջական զինադադար հաստատելու, եւ կը յուսանք, որ բոլոր կողմերը զայն կը յարգեն»: . «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթ. «Լիբանանը երկուշաբթի արշալոյսին պիտի ստուգէ Իսրայէլի զինադադարի պահպանման եւ քաղաքացիական անձերու ու քաղաքային կառոյցներու թիրախաւորման դադրեցման նկատմամբ յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի համապատասխան յանձնառութիւնը` սկսելու իրական դաշտային զինադադարի փուլ, որ հիմք պիտի դնէ այս...

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւններու  Առաջին Եւ Երկրորդ Փուլը Աւարտեցան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւններու Առաջին Եւ Երկրորդ Փուլը Աւարտեցան

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու հինգշաբթի օրուան առաջին փուլը արդիւնաւէտ եւ դրական քննարկումներով լեցուն էր: Ամերիկացի պաշտօնատարը նշեց. «Անհամբեր կը սպասեմ ուրբաթ օր անոնց շարունակման, եւ կը յուսամ, որ այդ ատեն յայտարարելու աւելի բան կ՛ունենանք»: Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանն ու Իսրայէլը Հըզպալլայի զինաթափման...

Քաց. «Հըզպալլայի Եւ Լիբանանի Դէմ Խաղի  Կանոնները Փոխելու Պահուն Շատ Մօտ Ենք»

Քաց. «Կը Շարունակենք Լիբանանի Մէջ Ուժեղ Կերպով Գործել, Մինչեւ Պատերազմի Նպատակներուն Իրագործումը»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Կը շարունակենք Լիբանանի մէջ ուժեղ կերպով որեւէ սպառնալիքի դէմ գործել, մինչեւ պատերազմի նպատակներուն իրագործումը»: Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր իր կարգին յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ բնակեցման ծրագիր ունինք»: «Նաեւ Կազայէն եւ Այսրյորդանանէն արտագաղթը քաջալերելու ծրագիրներ ունինք: Պէտք է «Էյ.», «Պի.» եւ «Սի.» գիծերը ջնջենք, որովհետեւ հողը մերն է», աւելցուց Պեն Ղաֆիր:  

Պըրրի. «Իսրայէլեան Հեռացումը  Պէտք Է Տեղի Ունենայ. Որեւէ Գիծ Մեզ  Չի Հետաքրքրեր, Եւ Եթէ Պնդեն Մնալ, Դիմադրութեամբ Պիտի Դիմակայուին»

Պըրրի. «Ես Ուղղակի Բանակցութեան Չեմ Զօրակցիր, Սակայն Հիմա Պիտի Չխօսիմ, Այլ` Երբ Աւարտի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ախպար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մեր դիրքորոշումը անուղղակի բանակցութիւններն են` նախ եւ առաջ զինադադարի իսկական համաձայնութեան հասնելու համար»: «Ներկայիս զինադադար գոյութիւն ունի՞» հարց տուաւ ան` նշելով, որ Իսրայէլ նոյեմբեր 2024-էն ի վեր զինադադարը չի յարգեր: Պըրրի նշեց, որ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութեան ներկայ փուլէն մեծ բան չի սպասեր: «Իմ մօտս լաւատեսութիւնն ու յոռետեսութիւնը միախառնուած են… ուղղակի...

Պասիլ. «Կարելի Չէ Առանց Հըզպալլայի Հետ  Փոխըմբռնման Բանակցիլ»

Պասիլ. «Կարելի Չէ Առանց Հըզպալլայի Հետ Փոխըմբռնման Բանակցիլ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ անցնող երկու տարիները 1948 թուականէն ի վեր Լիբանանը իր աղէտներով հարուածող պատերազմին կրկնութիւնն էին: Պասիլ «Արապի Փլաս» հարթակին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Պատերազմները դադրեցնելու պատասխանատուութիւնը ունինք, սակայն Իսրայէլն է, որ պատերազմները կը շղթայազերծէ, եւ անոր աջակցող ու զայն քաջալերող բազմաթիւ դերակատարներ կան»: Երեսփոխանը ըսաւ, որ 1948-ին, 1967-ին, 1978-ին եւ մինչեւ...

Ժոմպլաթ. «Ասիկա Երկարատեւ Պատերազմ Է`  Հետեւանքներով, Զորս Կարելի Չէ Երեւակայել.  Միայն Ազգային Միասնութիւնը Մեզ Կը Պաշտպանէ»

Ժոմպլաթ. «Ուաշինկթընի Պահանջածին Նման Հըզպալլայի Բռնի Ուժով Զինաթափումը Զինուորական Եւ Լիբանանեան Գետնի Վրայ Անկարելի Է»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ֆրանսական «Մետիա Փարթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ պատերազմը բարեբախտաբար նախկին պատերազմը չէ: Այլեւս քաղաքացիական պատերազմ չէ, ինչպէս, որ էր 1975 եւ 1991 թուականներուն: Իսկ եթէ շրջանին մասին խօսինք, ապա գոյութիւն ունի մեծ ծրագիր մը, որուն նպատակը «Սայքս-Փիքօ» համաձայնութեան հիմամբ ստեղծուած Միջին Արեւելքի կազմաքանդումն է»: Անդրադառնալով Հըզպալլան անմիջապէս զինաթափելու ամերիկեան եւ...

Կրթութեան Նախարարը Պրէօվէի Քննութեան  Ջնջումն Ու Պաքալորէայի Քննութիւններու  Երեք Փուլերու Որդեգրումը Յայտարարեց

Կրթութեան Նախարարը Պրէօվէի Քննութեան Ջնջումն Ու Պաքալորէայի Քննութիւններու Երեք Փուլերու Որդեգրումը Յայտարարեց

Կրթութեան նախարար Ռիմա Քարամէ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց. «Պետական քննութիւններուն վերաբերեալ որեւէ որոշում պէտք է մեկնի աշակերտներու իսկական կացութիւնը հասկնալէն: Այդ որոշումը պետական վկայականը պահպանելու պատասխանատուութիւն կը կրէ, եւ մենք չենք կրնար դիմել ամբողջական ջնջման, որ այդ վկայականի արժէքին վրայ կ՛ազդէ»: «Որոշուեցաւ պաքալորէայի քննութեան համար երեք փուլեր որդեգրել, եւ իւրաքանչիւր աշակերտ իրաւունք պիտի ունենայ երկու իրերայաջորդ փուլի մասնակցելու», նշեց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Երէկուան նիստէն առաջ տեղի ունեցած հաղորդակցութիւնները ցոյց կու տան, թէ Լիբանան պիտի չընդդիմանայ «մտադրութիւններու հռչակագիր»-ի ամերիկեան առաջարկին, որ կը նախատեսէ երկու կողմերուն միջեւ անվտանգութեան համաձայնութիւններու վերաբերեալ փոխըմբռնում, որուն համաձայն, Իսրայէլ պիտի պարտաւորուի որոշակի ժամկէտի մէջ հեռանալ Լիբանանէն, փոխարէնը պահպանելով որեւէ անմիջական սպառնալիքի հակադարձելու կամ Հըզպալլայի որեւէ անդամ թիրախաւորելու իրաւունքը, միեւնոյն ժամանակ վերաշխուժացնելով «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբը` հարաւային Լիբանանի մէջ...

Ուաշինկթընի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը`  Լիբանանի Հետ Բանակցութիւններուն Մասին`  «Կ՛առաջարկենք Ճշդել Որոշ Շրջան Մը, Որուն  Մաքրման Ձեւը Միասնաբար Կը Ծրագրենք,  Որմէ Ետք Յառաջ Կ՛ընթանանք»

Ուաշինկթընի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը` Լիբանանի Հետ Բանակցութիւններուն Մասին` «Կ՛առաջարկենք Ճշդել Որոշ Շրջան Մը, Որուն Մաքրման Ձեւը Միասնաբար Կը Ծրագրենք, Որմէ Ետք Յառաջ Կ՛ընթանանք»

Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Եխիէլ Լայթեր Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ամերիկեան միջնորդութեամբ բանակցութիւններուն վերաբերեալ նոր մանրամասնութիւն մը բացայայտեց` նշելով, որ Թել Աւիւ կ՛առաջարկէ զուգահեռ երկու հոլովոյթներ` Հըզպալլայի կազմաքանդման դիմաց Լիբանանի հետ խաղաղութեան համապարփակ համաձայնութիւն: Ան այս մասին յայտնեց իսրայէլեան «Ուալա» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Լայթեր ըսաւ, որ Իսրայէլ պիտի չընդունի, որ Հըզպալլան իր զինուորական կարողութիւնները վերականգնէ` նշելով. «Պահանջուած ձեւով...

Պըրրի. «Իսրայէլեան Հեռացումը  Պէտք Է Տեղի Ունենայ. Որեւէ Գիծ Մեզ  Չի Հետաքրքրեր, Եւ Եթէ Պնդեն Մնալ, Դիմադրութեամբ Պիտի Դիմակայուին»

Պըրրի. «Եթէ Իսկական Զինադադար Չհաստատուի, Ամէն Ինչ Փուլ Կու Գայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Տիար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Այսօր Ուաշինկթընի ժամանակացոյցով ժամը 9:00-ին բանակցութիւնները կը սկսին, եւ եթէ իսկական զինադադար չհաստատուի, կը նշանակէ, թէ ամէն ինչ փուլ եկաւ»: Պատասխանելով բանակցութիւններու նշաձողի մասին հարցումին, եւ թէ ի՞նչ կրնայ ընդունիլ Լիբանան, Պըրրի յայտնեց. «Իսրայէլեան բռնագրաւումի բանակի հեռացումէն, վերաշինութենէն, լիբանանեան բանակի տեղակայումէն եւ բնակիչներու վերադարձէն նուազը չենք ընդունիր»: Ան շեշտեց, որ...

Ամմար. «Իշխանութիւնը Իր Հաւատարմագիրները  Միացեալ Նահանգներուն Յանձնած Առաջին  Օրը Իր Պարկեշտութիւնը Կորսնցուց»

Ամմար. «Իշխանութիւնը Իր Հաւատարմագիրները Միացեալ Նահանգներուն Յանձնած Առաջին Օրը Իր Պարկեշտութիւնը Կորսնցուց»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար յայտնեց. «Մենք իշխանութիւններուն իսրայէլացի թշնամիին հետ կատարած ուղղակի բանակցութիւններուն դէմ ենք, որովհետեւ անոնք անոր ճանաչում կը տրամադրեն եւ ձրի զիջում մը, որ այս երկրի արժանապատուութեան եւ գերիշխանութեան չի պատշաճիր»: Ան խօսքը իշխանութիւններուն ուղղելով ըսաւ. «Եկէ՛ք մէկ խօսքի շուրջ համախմբուինք, որպէսզի  գերիշխան, ազատ, արժանապատիւ եւ բարգաւաճման հայրենիք կառուցենք, եւ մարդոց վերադարձնենք ուրախութիւնը, երբ ձեր...

Կիպրոսի Նախագահ. «Աշխատանք Կը Տանինք  Լիբանանի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Համար  Եւ Պատրաստ Ենք Անոր Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Բանակցութիւնները Հիւրընկալելու»

Կիպրոսի Նախագահ. «Աշխատանք Կը Տանինք Լիբանանի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Համար Եւ Պատրաստ Ենք Անոր Եւ Իսրայէլի Միջեւ Բանակցութիւնները Հիւրընկալելու»

Կիպրոսի մարոնիներէն երեսփոխան Եանաքիս Մուսայի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը այցելեց Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսին: Խրիսթոտուլիտես իր հիւրերը ողջունելով շեշտեց, որ իր երկիրը նախանձնախնդիր է Լիբանանի կայունութեան ու գերիշխանութեան, եւ տեւաբար աշխատանք կը տանի Լիբանանի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար: Կիպրոսի նախագահը վերահաստատեց, որ Կիպրոս պատրաստ է հիւրընկալելու Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները, «որոնք կրնան տեւական խաղաղութիւն ապահովել Լիբանանի համար, որ իր հողերուն վրայ պատերազմներուն...

Page 36 of 985 1 … 35 36 37 … 985

Արխիւներ