Լիբանանեան

Իզէտտին. «Քաղաքական Իշխանութիւնները  Կարիքը Ունին Իրենց Հաշիւները  Վերատեսութեան Ենթարկելու»

Իզէտտին. «Քաղաքական Իշխանութիւնները Կարիքը Ունին Իրենց Հաշիւները Վերատեսութեան Ենթարկելու»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին նշեց. «Գիւղէ գիւղ եւ քաղաքէ քաղաք անցնող ռմբակոծման, քանդման, ականահարման, յարձակումի եւ սպանութեան իսրայէլեան բեմագրութեան վերջինը Տէյր Քանուն Նահր գիւղին մէջ թշնամիին գործած ջարդն էր, որուն զոհ գացին 13 քաղաքայիններ, որոնցմէ 9-ն` մէկ ընտանիքէ, անոնց շարքին կիներ ու մանուկներ եւ չորս սուրիացիներ: Տուժածներուն մէջ կային նաեւ երկու վիրաւորներ»: «Թշնամիի այս սանձարձակութեան եւ իր...

Մըրքոս. «Նախագահ Աուն Բանակցային Հոլովոյթին Մէջ  Յառաջ Ընթանալու Համար Զինադադարի Ընդլայնման  Ու Ամրապնդման Վրայ Կը Պնդէ»

Մըրքոս. «Նախագահ Աուն Բանակցային Հոլովոյթին Մէջ Յառաջ Ընթանալու Համար Զինադադարի Ընդլայնման Ու Ամրապնդման Վրայ Կը Պնդէ»

Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս շեշտեց զինադադարի եւ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը` նշելով. «Ատիկա տակաւին պահանջուածին պէս չիրագործուեցաւ, ուստի, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը կը պնդէ, որ այս հիմնական պահանջը բանակցային հոլովոյթին մէջ մնացեալ գերիշխանական պահանջներու իրագործման անհրաժեշտ մուտքը ըլլայ»: Մըրքոս Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի` «Թելէ Լիպան»-ի «Վարչապետարանի զրոյցներ» յայտագիրին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով բանակցութիւններու ապահովական հոլովոյթին ըսաւ. «Ամսուան վերջաւորութեան պիտի գումարուին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Պատմական սխալը կը կրկնուի, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ապահովական նոր շրջանը մահաբեր թակարդի կը վերածուի»: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Լիբանան կը մնայ ամէնէն հաւանական բեմը հասնելու համաձայնութեան մը, որ կը թեթեւցնէ ներուժի շարունակական սպառումը»: . ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Զինուորական պատուիրակութեան անդամներուն թիւը չորս սպայով ճշդուեցաւ, սակայն անոնց անունները պարունակող պաշտօնակոչման հաղորդագրութիւնը տակաւին բանակի հրամանատարութեան կողմէ չհրապարակուեցաւ»:...

Լը Տրիան. «Լիբանան Իր Միասնութեան  Եւ Հողային Ամբողջականութեան Մակարդակին Վրայ  Վտանգաւոր Կացութեան Մէջ Է»

Լը Տրիան. «Լիբանան Իր Միասնութեան Եւ Հողային Ամբողջականութեան Մակարդակին Վրայ Վտանգաւոր Կացութեան Մէջ Է»

Ֆրանսայի նախագահի Լիբանանի հարցով յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան ֆրանսական «Պէ.Էֆ.Էմ. Թէ.Վէ.» պատկերասփիւռի կայանին ու «Էր.Էմ.Սէ.» ձայնասփիւռի կայանին հետ երէկ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Լիբանանի մէջ կացութիւնը վտանգաւոր է»` միեւնոյն ժամանակ ողջունելով շարունակութիւնը բանակցութիւններուն, որոնք Իսրայէլի եւ Իրանի աջակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի միջեւ հակամարտութենէն ելքի «հորիզոններ» կը տրամադրէ: «Լիբանան իր միասնութեան եւ հողային ամբողջականութեան մակարդակին վրայ վտանգաւոր կացութեան մէջ...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան.  «Իշխանութիւնները Լիբանանը Հասցուցին  Նոր Ու Իբրեւ Գերիշխան, Ազատ Ու Անկախ Պետութիւն  Գոյութեան Համար Չափազանց Վտանգաւոր Փուլի»

«Մեր Պահանջը Մեր Գերիշխանութեան Վրայ Ամէն Տեսակի Յարձակում Դադրեցնելն Է» Կ՛ըսէ Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը Լիբանանի մէջ արաբական եւ օտար դեսպանատուներուն յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց, թէ քաղաքական եւ դիւանագիտական ուղիները չդադրեցուցին Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոճիրները, լիբանանեան կառավարութիւնն ու զինադադարի համաձայնութեան հովանաւորները անկարող եղան Իսրայէլին զայն գործադրել պարտադրել, իսկ զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբը` Մեքանիզմը դիտաւորեալ կերպով չկատարեց իր դերը: Երեսփոխանական պլոքը նշեց, որ իր երկրին գերիշխանութեան, անկախութեան ու ազատութեան նախանձախնդիր եղող...

Էրտողան Թրամփը Յորդորած Է Լիբանանի Մէջ  Կացութեան Վատթարացումը  Արգիլելու Քայլեր Որդեգրելու

Էրտողան Թրամփը Յորդորած Է Լիբանանի Մէջ Կացութեան Վատթարացումը Արգիլելու Քայլեր Որդեգրելու

Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին ողջունած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ զինադադարի երկարաձգումը եւ համոզում յայտնած, որ երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները կարելի է լուծել: Թուրքիոյ նախագահական պալատը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Մեր նախագահը ժողովի ընթացքին ըսաւ, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա «Անպա» օրաթերթին. «Հնգեակ յանձնախումբը աւարտեց իր առաքելութիւնը եւ վերածուեցաւ երկկողմանի հանդիպումներու ու հաղորդակցութիւններու»: . «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Լիբանան, իսրայէլեան խախտումներու շարունակման լոյսին տակ, սկսաւ ինքզինք դնել երկու յստակ ընտրանքներու առջեւ. կա՛մ բանակցութիւններու ներկայ հոլովոյթի ուղին ամբողջովին պոյքոթի ենթարկել, կա՛մ ալ յառաջիկայ որեւէ քննարկում սահմանափակել մէկ նիւթով` զինադադարի ամրապնդումով»: . ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին....

Սալամ. «Բանակցութիւնը Պատերազմին  Վերջ Տալու Դուռն Է»

Սալամ. «Բանակցութիւնը Պատերազմին Վերջ Տալու Դուռն Է»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց, որ կառավարութիւնը հաստատ քայլերով կ՛ընթանայ, իր որդեգրած որեւէ որոշումէն ետդարձ պիտի չկատարէ եւ յառաջ կ՛ընթանայ հաստատութենական ծրագիրով` երկիրը իր կացութենէն փրկելու համար: «Յանձնառու ենք ազգային սկզբունքներուն եւ Թաէֆի համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ լիբանանցիներուն մեր խոստացածին», նշեց Սալամ: «Այսուհետեւ ոչ ոքի պիտի արտօնենք բոլորը ներառող պետութիւնը շրջանցել», աւելցուց վարչապետը: Ան շեշտեց,...

Մէկէ Աւելի Շրջաններու Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Եւ Սադրանքի Հրահրումի Լոյսին Տակ.  Համաներումի Օրինագիծի Վաւերացման Այսօրուան  Խորհրդարանական Նիստը Ջնջուեցաւ

Մէկէ Աւելի Շրջաններու Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Եւ Սադրանքի Հրահրումի Լոյսին Տակ. Համաներումի Օրինագիծի Վաւերացման Այսօրուան Խորհրդարանական Նիստը Ջնջուեցաւ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ համաներման եւ կարգ մը պատիժներ արտակարգ կերպով նուազեցնելու օրինագիծի նպատակը «իրաւական արդարութեան սկզբունքի վերականգնումն ու անհատներու ազատութեան երաշխաւորումն է»: «Հակառակ խորհրդարանի շրջանակներու եւ միացեալ յանձնախումբերու կողմէ թափուած ջանքերուն` հասնելու ազգային համաձայնութեան, որ միաւորման նշան պիտի ըլլար երկրին մէջ, որ խիստ կարիքը ունի համերաշխութեան եւ համաձայնութեան, մէկէ աւելի շրջաններու մէջ տեղի ունեցածին եւ...

Պայրագտարեան Ընդունեց Նալպանտեանը

Պայրագտարեան Ընդունեց Նալպանտեանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Մարիա Նալպանտեանը: Նալպանտեան ծանօթացման հանդիպումի ընթացքին նախարարին ներկայացուցի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան եւ անոր գործակցած միջազգային կողմերուն պարտականութիւնը, աշխատանքներն ու ծրագիրները: Զրոյցը կեդրոնացաւ երիտասարդութեան ազգային ռազմավարութեան շուրջ, որուն վրայ կ՛աշխատի նախարար Պայրագտարեանը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կողմէ անհրաժեշտ վիճակագրութիւններու տրամադրման, զորս նախարարութիւնը պահանջեց, ինչպէս նաեւ...

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»

Սալամ. «Զինադադարի Ամրապնդման Ջանքերուն Մէջ Նախկինէն Աւելի Ամերիկեան Ներքաշուածութիւն Գոյութիւն Ունի»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, պատասխանելով «Ասաս» կայքի այն հարցումին, թէ որքա՞ն վստահութիւն գոյութիւն ունի 45-օրեայ երկարաձգումէն ետք իրողական զինադադարի հաստատման ջանքերուն նկատմամբ, յայտնեց. «Նորութիւնը այն է, որ զինադադարի ամրապնդման ջանքերուն մէջ նախկինէն աւելի ամերիկեան ներքաշուածութիւն գոյութիւն ունի»: Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլի հեռացումին եւ լիբանանեան բանակին այդ շրջանները ձեռք առնելու  ապահովական քայլերու փոխադարձութեան գաղափարին` վարչապետը նշեց. «Այս գաղափարը սեղանի վրայ է, սակայն...

Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստը  Յետ Բարեփոխման Որդեգրեց Համաներումի Օրինագիծը

Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստը Յետ Բարեփոխման Որդեգրեց Համաներումի Օրինագիծը

Խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստը երէկ յետ բարեփոխման որդեգրեց համաներումի օրինագիծը: Այս մասին հաղորդեց «Էլ.Պի.Սի.»-ն: Որդեգրուած բարեփոխումներուն համաձայն, մահապատիժը վերածուեցաւ 28 բանտային տարուան, ցկեանս բանտարկութիւնը` 18 բանտային տարուան, առանց դատավճիռի 14 բանտային տարիներ կալանաւորուածներուն պատիժը կը նուազեցուի մէկ երրորդի: Իսրայէլ հեռացուածներուն վերաբերեալ որդեգրուեցան 2011 թուականին հրապարակուած թիւ 194 օրէնքի վճիռները, որոնք ի զօրու նկատուեցան: Ներում կը շնորհուի թմրեցուցիչի օգտագործման եւ ոչ...

Ռաատ. «Իշխանութեան Խումբը Գործնականին Մէջ  Որդեգրած Է Դիմադրութեան Դէմ Բռնագրաւումի Թեզը»

Ռաատ. «Իշխանութեան Խումբը Գործնականին Մէջ Որդեգրած Է Դիմադրութեան Դէմ Բռնագրաւումի Թեզը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ «Ախպար» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրեց. «Լիբանանի եւ թշնամիին միջեւ բանակցութիւններու փուլերուն հաստատած ճշմարտութիւնը այն է, որ իշխանութեան խումբը գործնականին մէջ որդեգրած է Դիմադրութեան վերաբերեալ բռնագրաւումին թեզը: Այդ հիմամբ ալ պիտի կարգաւորէ ներքին քաղաքական կացութիւնը` մեկնելով անկէ, թէ լիբանանցիները կ՛ընդունին բռնագրաւումին հետ համակեցութիւնը, իրենց իշխանութեան զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումը...

Ֆատլալլա. «Եթէ Ամերիկացիները Ստեղծեն Բանակ Մը,  Որուն Նպատակը Հըզպալլայի Դէմ Կռուիլն Է, Անոր Դէմ  Պիտի Կռուինք, Ինչպէս Իսրայէլեան Բանակին Դէմ Կը Կռուինք»

Ֆատլալլա. «Եթէ Ամերիկացիները Ստեղծեն Բանակ Մը, Որուն Նպատակը Հըզպալլայի Դէմ Կռուիլն Է, Անոր Դէմ Պիտի Կռուինք, Ինչպէս Իսրայէլեան Բանակին Դէմ Կը Կռուինք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Հըզպալլան մեզի պարտականութիւն տուաւ Պաապտայի պալատին հետ կապ հաստատելու: Նոր «Անթուան Լահտ» ստեղծելու ամերիկեան-սիոնական որեւէ փորձի դէմ պիտի դնենք, ինչպէս դէմ կը դնենք բռնագրաւումին եւ անոր գործակալներուն»: «Հանրապետութեան նախագահին հետ յարաբերութիւններու խզում չկայ եւ անոր հետ կապ հաստատելու արգելք չկայ», նշեց երեսփոխանը: «Ոչ ոք կ՛երեւակայէ, թէ մեր ժողովուրդը որքա՛ն հեռու կրնայ երթալ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի  հինգշաբթի, 21 մայիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին եւ կէսօրէ ետք խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի` քննարկելու համար օրակարգի վրայ գտնուող ծրագիրներն ու օրինագիծերը: . ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւր մը «Ժազիրա»  արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Իսրայէլի հետ մտադրութիւններու յայտարարութեան ծրագիրը կ՛ուսումնասիրուի ամերիկեան հովանաւորութեամբ եւ տակաւին իր աւարտին չէ հասած: Աղբիւրը շեշտած է, որ հարաւային Լիբանանի մէջ...

Տանոն. «Լիբանանեան Կառավարութենէն  Մեր Լսածին Եւ Գետնի Վրայ Կարողութեան Միջեւ  Անընդունելի Բաց Գոյութիւն Ունի»

Տանոն. «Լիբանանեան Կառավարութենէն Մեր Լսածին Եւ Գետնի Վրայ Կարողութեան Միջեւ Անընդունելի Բաց Գոյութիւն Ունի»

ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Տանի Տանոն իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Անընդունելի բաց գոյութիւն ունի գետնի վրայ գոյութիւն ունեցող կարողութիւններու եւ մեր լսածին միջեւ լիբանանեան կառավարութենէն, որ ներկայացուցիչներ կ՛ուղարկէ Ուաշինկթըն` բանակցութիւններու, եւ կը խօսի էական ու կարեւոր հարցերու շուրջ: Մենք չենք կրնար վստահիլ իսրայէլեան բանակէն բացի ոեւէ մէկուն»: «Այս է իրողութիւնը. ո՛չ ՖԻՆԻՒԼ-ը, ո՛չ միջազգային ուժերը, ո՛չ...

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Պըրրի Խորհրդարանական Յանձնախումբերը Այսօր Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի` Քննարկելու Համար Համաներումի Օրինագիծը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերը  այսօր հրաւիրեց խորհրդարանին մէջ ժամը 11:00-ին տեղի ունենալիք նիստի մը` շարունակելու համար համաներումի եւ պատիժներու ժամկէտը արտակարգ կերպով նուազեցնելու օրինագիծին քննարկումը: Կը նշուի, որ եթէ ճշդուած ժամուն օրինաթիւ չգոյանայ, յանձնախումբերը կէս ժամ ետք իրենց անդամներու մէկ երրորդին մասնակցութեամբ կը գումարեն ժողովը: Պըրրի նաեւ խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց այսօր կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Այն Թինէի...

Իսրայէլեան Բանակը  Կը Շարունակէ Իր Յարձակումները

Իսրայէլեան Բանակը Կը Շարունակէ Իր Յարձակումները

Իսրայէլեան օդուժը երէկ յարձակումներ գործեց Հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ գաւառի Հարուֆ, Թուլ եւ Տուէյր գիւղերուն վրայ, հրետանիով ռմբակոծեց Նապաթիէ Ֆաուքայի եւ Զաութար Շարքիէի մերձակայքը, ինչպէս նաեւ Հասպայա գաւառի Հալթա գիւղի մերձակայքը: Իսրայէլեան բանակը կիրակի կէս գիշերին ալ հեռակառավարուող հրթիռով մը հարուածեց Պաալպեք քաղաքի հարաւային մուտքի մերձակայքին մէջ գտնուող յարկաբաժին մը: Արձանագրուեցան երկու զոհեր: Իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին յարձակումներ գործեց Ուատի Իզզաթ-Տէյր...

Հաժ Հասան. «Ան, Որ Կը Կարծէ, Թէ Կրնայ  «Նոր 17 Մայիս» Ապահովել, Մոլորութեան Մէջ Է»

Հաժ Հասան. «Ան, Որ Կը Կարծէ, Թէ Կրնայ «Նոր 17 Մայիս» Ապահովել, Մոլորութեան Մէջ Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան զգուշացուց «Փենթակոնի մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ պատրաստուող ապահովական հոլովոյթէն, որ կը նախատեսուի, որ սկսի այս ամսուան 29-ին»: «Ամերիկան այս հոլովոյթը կ՛ուզէ իր յստակ նպատակներուն համար եւ Դիմադրութեան նկատմամբ իր յստակ թշնամանքին պատճառով», ըսաւ ան` շեշտելով այդ հոլովոյթին «ամբողջ Լիբանանի համար ներկայացուցած վտանգները»: «Իշխանութիւնները երկու ամիս առաջ յայտարարած էին, թէ...

Պայրագտարեան Ընդունեց Աքքարէն  Երեսփոխաններ Պաարինին Եւ Ռըսթոմը

Պայրագտարեան Ընդունեց Աքքարէն Երեսփոխաններ Պաարինին Եւ Ռըսթոմը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Աքքարէն երեսփոխաններ Ուալիտ Պաարինին եւ Ահմետ Ռըսթոմը, որոնց կ՛ընկերակցէր Աքքարէն մարմնակրթական եւ երիտասարդական պատուիրակութիւն մը: Պայրագտարեան յայտնեց, որ Աքքարը ազգային յառաջադէմ պահեստ կը ներկայացնէ, եւ բարձր գնահատեց երեսփոխաններ Պաարինիի եւ Ռըսթոմի կողմէ շրջանին մէջ մարմնակրթութեան խթանումն ու երիտասարդները մարմնակրթութեան հետեւիլ քաջալերելը: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի ընդհանուր կացութեան, մասնաւորաբար շրջանին մէջ մարմնակրթական...

Page 35 of 985 1 … 34 35 36 … 985

Արխիւներ