. ԻՍՐԱՅԷԼԻ պետական պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ տեղեկագիրներ, որոնք կը բացայայտեն Իսրայէլեան բանակի ուժերու հարաւային Լիբանանի տարածքներէն հեռացման յաջորդ փուլի նախապատրաստական աշխատանքներու յառաջընթացը` գործողութեան համակարգման եւ զինադադարի գործադրութեան ու պատասխանատուութիւնը լիբանանեան բանակին փոխանցելու միացեալ մեքանիզմի ստեղծման գործին մէջ ամերիկեան անմիջական մասնակցութեամբ:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Բանակի հրամանատարութիւնը անցեալ շաբաթ աւելի հանգիստ դարձաւ, որովհետեւ նկատեց այս համաձայնութեան ներլիբանանեան մեծ ընդդիմութիւն մը, որ իրեն կարելիութիւն կ՛ընծայէ պաշտպանելու ներքին միասնականութիւնը: Բանակի հրամանատարութիւնը կը գտնէ, թէ իր շուրջ համախմբուածութիւն եւ զինք պաշտպանելու պնդում գոյութիւն ունի»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի Լիբանանի մէջ ամէնէն նշանակալից ժողովը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ էր, երբ Շիպանի այցելելէ առաջ Այն Թինէ խնդրեց Պըրրիի հետ առանձնազրոյց ունենալ, բան մը, որուն վերջինս ընդառաջեց»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Տեղի ունեցողը տարակարծութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու եւ զսպելու նպատակով ներքին շարժումէն աւելի մեծ է: Վերջինս բնականաբար կարեւոր է, սակայն աւելի կարեւորը վտանգի յառաջիկայ փուլին Լիբանանի մուտք գործելիք վտանգի փապուղին է, որ Քնեսեթի ընտրութիւններու կայացման ժամկէտն է»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Հանգստացման տեսարանը ամբողջացաւ նախարարաց խորհուրդի վերջին նիստին, որուն ընթացքին երկեակի նախարարներուն եւ վարչապետ Սալամին միջեւ տեղի ունեցաւ շատ հանգիստ եւ ներառական քննարկում, նոյնիսկ այն դէպքէն ետք, երբ նախարար Նասրէտտին նիստէն առաջ քաղաքական իշխանութեան վարմունքը «ամբողջական հնազանդութիւն» որակեց»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նախագահ Աուն իր այցելուներուն առջեւ անկեղծօրէն խօսեցաւ եւ ուղղակիօրէն ըսաւ. «Երբեք չէ եղած ժամանակ մը, երբ Հըզպալլան պատերազմ չէ մղած, եւ խաղաղութիւնը երբեք անոնց համար պատերազմէն աւելի յարգի չէ եղած: Անոնք Լիբանանը կը քանդեն, իսկ մենք կը կառուցենք»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին. «Լիբանան համաձայն գտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխըմբռնումի յուշագիրին հիմամբ կազմուած յանձնախումբին, եւ անոր ժողովի թուականի ճշդումին կը սպասէ` լիբանանեան պետութեան ներկայացուցիչները ընտրելու համար»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկեան կողմը իսրայէլացի պաշտօնատարներուն հետ հաղորդակցութիւններու մէջ է` փորձառական հեռացումներու գործադրութեան համար, եւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարը Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին խոստացաւ անհրաժեշտ հաղորդակցութիւնները կատարել»:
. ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավարի քաղաքական եւ ընտրական հարցերով օգնական Սերժ Տաղեր «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին. «Հանրապետութեան նախագահին մեր այցելութեան ընթացքին ան ըսաւ, թէ մեր ստորագրածը համաձայնագիր չէ, այլ «շրջագիծ», որմէ կը սկսինք եւ եթէ անիկա բարեփոխման կարիք ունի, այդ մէկը կը կատարենք»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի Ուաշինկթըն այցելութեան եւ նախագահ Թրամփի հետ հանդիպումի թուականը չճշդուեցաւ, եւ հաւանական է, որ տեղի ունենայ յուլիսի կիսուն կամ աւարտէն առաջ»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Սպասման վիճակը անոր պարունակած վտանգներով միասին պիտի շարունակուի մինչեւ Նեթանիահուի Ուաշինկթըն այցելութիւնն ու Թրամփի հետ հանդիպումը»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «կը զգուշացնենք Նեթանիահուի ձգտումներէն, եւ անոր վերջին յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, թէ ան իր գրաւը դրած է լարուածութեան եւ պատերազմի շարունակման վրայ, եւ իր ընտրապայքարը Լիբանանի մէջ կը մղէ»:
. ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթի տեղեկութեան, «Շրջագծային համաձայնութեան շուրջ տարակարծութենէն ետք, նախագահ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի միջեւ հաղորդակցութիւն տեղի չէ ունեցած, սակայն անոնց միջեւ «ծաղկեփունջերու» փոխանակումներ կան, ինչ որ վերջերս ի յայտ եկաւ Պըրրիի կողմէ քաղաքացիական խաղաղութեան պաշտպանութեան վրայ շեշտելէն ետք»:
. ՇԻԻ երկեակէն ականաւոր աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան կը մերժեն շրջագծային համաձայնութիւնը, անոր նկատմամբ դիրքորոշման շուրջ ամբողջովին համաձայն են եւ զայն կը նկատեն մեռելածին ու բնոյթով անվաւեր»:
. ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւն. «Իրանի արտաքին գործոց նախարար Արաղչի Իրանի գերագոյն հոգեւոր նախկին պետին վերջին հրաժեշտի արարողութեան մասնակցող Հըզպալլայի պատուիրակութեան յայտնեց, որ Թեհրան Լիբանանի մէջ պատերազմին ու բռնագրաւումին վերջ տալու հարցը լրջութեամբ կը հետապնդէ»:


