Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Փենթակոնի մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ քննարկուած զինուորական հոլովոյթին զուգահեռ քաղաքական հոլովոյթի մեկնարկման երէկ եւ այսօր գումարուող փուլը միայն զինադադարի ամրապնդմամբ չի սահմանափակուիր, այլ անոր խորքը քաղաքական ամբողջական ու փուլային հոլովոյթի մեկնարկման փորձն է»: . ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Յստակ դարձաւ, թէ գոյութիւն ունի մագլցում կատարելու եւ ետդարձ չկատարելու իսրայէլեան որոշում մը,...

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան  Յարձակումները Կը Շարունակուին

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները Կը Շարունակուին

Լիբանանեան իշխանութիւնները երէկ յայտարարեցին, որ առնուազն 9 հոգի սպաննուած են եւ 5 ուրիշներ, ներառեալ երկու զինուորներ վիրաւորուած` հարաւային Լիբանանի շարք մը շրջաններու վրայ կատարուած իսրայէլեան օդային յարձակումներուն պատճառով: Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը տեղեկացուց, որ երկու զինուորները վիրաւորուած են, երբ Հապպուշ-Տէյր Զահրանի ճամբուն վրայ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի մը կողմէ յարձակումի ենթարկուած են: Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերը յայտարարեցին, որ Սայտա գաւառի Մարուանիէ գիւղին...

Լիբանանի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան  Խորհուրդի Արտակարգ Նիստ

Լիբանանի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Արտակարգ Նիստ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Ֆրանսայի պահանջով գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ խաղաղութեան գործողութիւններու յանձնակատարի տեղակալ Մարթա Ամա Աքիա Փոփի յայտնեց, որ Իսրայէլի լիբանանեան հողերուն մէջ դէպի հիւսիս յառաջանալը եւ անոր ուժերուն «Կապոյտ գիծ»-էն անդին գտնուիլը Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի բացայայտ խախտումներ են` զգուշացնելով, որ կացութիւնը մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ: Ան Ապահովութեան խորհուրդին կոչ...

Հոգեւոր Վեհաժողով Տիւրզի Համայնքի  Կեդրոնատեղիին Մէջ

Հոգեւոր Վեհաժողով Տիւրզի Համայնքի Կեդրոնատեղիին Մէջ

Երէկ տիւրզի համայնքի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր վեհաժողով մը` մասնակցութեամբ բոլոր համայնքներու հոգեւոր պետերը: Այլ հոգեւոր պետերու կարգին, յիշեալ վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը եւ Շահէ արք. Փանոսեան: Վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Լիբանանցիները կը կազմեն ազգային մէկ ընտանիք, որ միաւորուած է հասարակաց ճակատագիրով, եւ անոնք բոլորը առնչակից են...

Ժոմպլաթ. «Հըզպալլայի Բռնի Ուժով  Զինաթափումը Անկարելի Է»

Ժոմպլաթ. «Հըզպալլայի Բռնի Ուժով Զինաթափումը Անկարելի Է»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլեան ներկայ պատերազմները իրենց ուղղակի նպատակները շրջանցելով կը ներառեն ականահարումը շրջանային համակարգին, որ ստեղծուեցաւ Սայքս-Փիքօ համաձայնութենէն ետք»: «Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ կը կիրարկէ կանոնաւոր քանդումի ձեւեր, որոնք մինչեւ հիմա յանգեցան 60 գիւղերու հողի հաւասարեցման եւ տեղահանումին երկու միլիոն լիբանանցիներու, որոնց կ՛արգիլուի տուն վերադառնալ», նշեց ան:...

Պըրրի. «Միացեալ Նահանգներու  Նախագահ Տանըլտ Թրամփէն Բացի Ոչ Ոք  Կրնայ Իսկական Զինադադար Կնքել»

Պըրրի. «Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփէն Բացի Ոչ Ոք Կրնայ Իսկական Զինադադար Կնքել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն բացի ոչ ոք կրնայ իսկական զինադադար կնքել, եւ ան ատոր միակ ուղին է»: Պըրրի շեշտեց, որ Հըզպալլան դրական տրամադրուած է իսկական զինադադարի մը նկատմամբ, եւ միայն Թրամփ կրնայ Իսրայէլը մղել զայն յարգելու: «Մեր կարիք ունեցածը զինադադարն է, ատոր շուրջ համաձայնութիւնը Իրանէն անջատ ըլլայ կամ անոր կապուած»,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակցային պատուիրակութենէն աղբիւր մը «Էլ.Պի.Սի.»-ին. «Բանակցութիւնները այս շաբաթ դրական պիտի ըլլան, եւ կը յուսանք, որ Ռուպիոն այսօրուան նիստին ներկայ ըլլայ, սակայն ատիկա տակաւին հաստատ չէ»: . ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ «Ժատիտ»-ի թղթակից. «Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններու շարունակութիւնն ու իսրայէլեան ուժերու հեռացումը հետագայ բանակցութիւններուն կապելը այսօր Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններուն մէջ մեծագոյն տարակարծութեան կէտերը պիտի ըլլան»: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Թրամփ...

Քաց. «Եթէ Հիւսիսային Իսրայէլի Մէջ  Հանդարտութիւն Չի Տիրեր, Պէյրութի Մէջ  Եւս Հանդարտութիւն Պիտի Չտիրէ»

Քաց. «Եթէ Հիւսիսային Իսրայէլի Մէջ Հանդարտութիւն Չի Տիրեր, Պէյրութի Մէջ Եւս Հանդարտութիւն Պիտի Չտիրէ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ առաւօտեան յայտարարեց. «Հըզպալլայի կողմէ Լիբանանի մէջ զինադադարի իրերայաջորդ խախտումներէն եւ մեր քաղաքներուն ու քաղաքացիներուն վրայ յարձակումներէն ետք, պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի հետ գործակցաբար իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուի Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու մէջ թիրախներ յարձակումի ենթարկելու»: Քաց իր կարգին նշեց. «Ես եւ Նեթանիահուն իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուինք Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու մէջ թիրախներ յարձակումի ենթարկելու»: Այս յայտարարութենէն անմիջապէս...

Իսրայէլեան Բանակը Վերագրաւեց  Շքիֆի Ամրոցը

Իսրայէլեան Բանակը Վերագրաւեց Շքիֆի Ամրոցը

Իսրայէլեան բանակը 2000 թուականին Հարաւային Լիբանանէն հեռանալէն 26 տարի ետք վերագրաւեց Նապաթիէի Առնուն շրջանին մէջ գտնուող Շքիֆի ամրոցը, եւ անոր վրայ բարձրացուց Իսրայէլի դրօշը: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարեց. «Հարաւային Լիբանանի Շքիֆի բարձունքներուն եւ Սլուքի հովիտի շրջանին մէջ լայնածաւալ գործողութեան ձեռնարկեցինք: «Գործողութեան նպատակը հարաւային Լիբանանի վրայ վերահսկողութեան ամրապնդման եւ Գալիլիոյ ու Մթըլլէ գիւղին դէմ ուղղակի սպառնալիքի վերացման ծիրին մէջ...

«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն

Փենթակոն. «Լիբանանեան Եւ Իսրայէլեան Պատուիրակութիւններու Բանակցութիւններուն Արդիւնքները Պիտի Նպաստեն Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ղեկավարած Քաղաքական Հոլովոյթին»

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, թէ պատերազմի նախարարութեան քաղաքական հարցերու յանձնակատարը հիւրընկալած է լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւնները` սկսելու համար ապահովական հոլովոյթ մը, որուն նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններուն աջակցիլն է: Փենթակոն նշեց, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւնները ձեռնարկած են զինուորական «արդիւնաւէտ» բանակցութիւններու, որոնք կեդրոնացած են շրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան շրջագիծերու կառուցման վրայ: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ բանակցութիւններուն արդիւնքները պիտի նպաստեն...

Փարիզ Լիբանանի Հարցով Ապահովութեան  Խորհուրդի Արտակարգ Ժողով Պահանջեց

Փարիզ Լիբանանի Հարցով Ապահովութեան Խորհուրդի Արտակարգ Ժողով Պահանջեց

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրօ յայտարարեց. «Լիբանանի հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ պահանջեցի, որովհետեւ եթէ Իսրայէլի, ինչպէս որեւէ այլ երկրի, պաշտպանութեան եւ Հըզպալլայի յարձակումներէն ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը կը ճանչնանք, ոչինչ կ՛արդարացնէ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններու ընդարձակումն ու լիբանանեան հողերէն լայնածաւալ տարածքներու բռնագրաւումը»: Պարրօ «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Իսրայէլ մեծ սխալ կը գործէ, որովհետեւ լիբանանեան...

Սալամ. «Ոչ Ոք Լիբանանի Տեղ Կը Բանակցի, Եւ Մեր Պահանջները Ծանօթ Են»

Սալամ. «Բանակցութիւնները Անձնատուութիւն Չեն, Այլ Մեր Երկրին Համար Նուազագոյն Գինը Ունեցող Ընտրանքը»

Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր վարչապետարանին մէջ խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Այն, ինչ որ տեսանք, պարզապէս իսրայէլեան բռնագրաւումի ընդլայնում եւ շրջանցում չէ, որովհետեւ Իսրայէլ որոշ դիրքեր չի թիրախաւորեր, այլ ամբողջական քանդման քաղաքականութիւն կը կիրարկէ»: «Այն, ինչ որ Իսրայէլ կը կատարէ, միայն Լիբանանի գերիշխանութեան ոտնահարում չէ, այլ պատմութեան ջնջման գործողութիւն», նշեց վարչապետը: «Հարաւային Լիբանանի մեր բնակիչներուն կ՛ըսենք, թէ ձեր ցաւը...

Պայրագտարեան Այցելեց  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Պայրագտարեան Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան այցելեց Արամ Ա. վեհափառին` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան կղերականներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը Վատիկանէն անոր վերադարձին առիթով: Պայրագտարեան վեհափառ հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց քառօրեայ այցելութեան ընթացքին Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար անոր թափած ջանքերուն համար, որոնք Վատիկանի մէջ լոյս տեսնող բոլոր օրաթերթերու ուշադրութեան կեդրոնը դարձան:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Զինուորական բանակցութիւնները ձախողեցան զինադադարի հասնիլ կամ Իսրայէլը «Դեղին գիծ»-ը շրջանցող իր ցամաքային գործողութիւններէն ետդարձ կատարել մղելու վերաբերեալ որեւէ բեկում յառաջացնել, որովհետեւ Իսրայէլը կառչած կը մնայ այն պնդումին, թէ Հըզպալլան իր թշնամական արարքները կը շարունակէ»: . ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Փենթակոնի ժողովին մէջ տիրած մթնոլորտը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր եւ բանակցութիւններու 2 ու 3 յունիսի փուլի ընթացքին շօշափելի...

Շէյխ Քասեմ. «Կը Մերժենք  Իսրայէլի Հետ Բանակցութիւնները»

Շէյխ Քասեմ. «Զէնքը Մեր Ձեռքը Պիտի Մնայ, Մինչեւ Որ Լիբանանեան Պետութիւնը Կարենայ Իր Պարտականութիւնը Կատարել»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ յայտնեց. «Զինաթափումը Լիբանանի պաշտպանական կարողութեան խլում է` ճամբան հարթելով բնաջնջումին, եւ ատիկա չենք կրնար ընդունիլ: Զէնքը մեր ձեռքը պիտի մնայ, մինչեւ որ լիբանանեան պետութիւնը կարենայ իր պարտականութիւնը կատարել, եւ ամէն ոք, որ մեր դէմ կը կանգնի, անոր դէմ պիտի կանգնինք, ինչպէս Իսրայէլի դէմ կը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.»-ին. «Լիբանան տակաւին մինչեւ հիմա իրանեան-ամերիկեան համաձայնութեան պարագային լիբանանեան ճակատին վրայ զարգացումներու վերաբերեալ որեւէ տուեալ չստացաւ, սակայն կ՛ողջունէ որեւէ համաձայնութիւն, որ Լիբանանի մէջ պատերազմի ամբողջական դադրեցման եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող գործողութիւններու դադրեցման կը յանգեցնէ»: . «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Այն Թինէի այցելուները, մէջբերելով խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի յայտարարութիւնները, կը նշեն. «Ամալ շարժումէն պաշտօնատարներու դէմ ամերիկեան քայլերը զարմանալի են:...

Ուաշինկթըն «Խաղաղութեան Հոլովոյթը  Խոչընդոտելնուն» Համար 9 Լիբանանցիներու Դէմ  Պատժամիջոցներ Հաստատեց

Ուաշինկթըն «Խաղաղութեան Հոլովոյթը Խոչընդոտելնուն» Համար 9 Լիբանանցիներու Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատեց

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը հաղորդեց, որ նախարարութեան օտար դրամատնային հաշիւներու հսկողութեան գրասենեակը պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ ներառած է Լիբանանէն 9 անձեր` «Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու եւ Հըզպալլայի զինաթափումը խոչընդոտելու յանցանքով»` աւելցնելով. «Հըզպալլայի համակիր այս պաշտօնատարները կը ներառեն անհատներ, որոնք ներթափանցած են Լիբանանի մէջ խորհրդարանի, բանակի եւ ապահովական մարմիններու մէջ, ուր աշխատանք կը տանին պահպանելու լիբանանեան պետութեան գլխաւոր հաստատութիւններուն վրայ Իրանի...

Դիմադրութեան Եւ Ազատագրութեան  Տօնին Առիթով Իր Ուղերձին Մէջ.  Հայքալ. «Բանակը Պիտի Շարունակէ Մնալ  Անառիկ Պատնէշը Ընդդէմ Ներքին Կայունութեան  Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութեան  Քայքայման Սադրանքներուն»

Դիմադրութեան Եւ Ազատագրութեան Տօնին Առիթով Իր Ուղերձին Մէջ. Հայքալ. «Բանակը Պիտի Շարունակէ Մնալ Անառիկ Պատնէշը Ընդդէմ Ներքին Կայունութեան Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութեան Քայքայման Սադրանքներուն»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով բանակայիններուն յղած իր ուղերձին մէջ յայտնեց. «Մեր հայրենիքի դիմագրաւած ճակատագրական մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ կը նշենք Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնը` հայրենասիրական փուլ մը, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ ձգեց լուսաւոր հետք մը, որովհետեւ կը մարմնաւորէ լիբանանցիներուն իրենց հողին, գերիշխանութեան ու ազգային արժանապատուութեան կառչածութիւնը ընդդէմ իսրայէլեան բռնագրաւումին»: «Կառչած մնացէ՛ք ձեր առաքելութեան եւ...

Լեւոն ԺԴ. Պապը Արտօնեց Էլիաս Հուայեք  Պատրիարքի Երանացումը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Արտօնեց Էլիաս Հուայեք Պատրիարքի Երանացումը

Լեւոն ԺԴ. պապը արտօնեց հրապարակումը սուրբերու դատերու բաժանմունքին կողմէ երեք հրամանագիրներու, որոնցմէ մէկը կը վերաբերի մարոնիներու Էլիաս Հուայեք պատրիարքի երանելի հռչակման` հիմնուելով 1965 թուականին լիբանանեան բանակէն տիւրզի սպայի մը` Նայեֆ Ապու Ասիի հետ տեղի ունեցած հրաշքին վրայ: Հուայեք 1899 թուականին ընտրուած է մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարք եւ մահացած է Պքերքէի մէջ 1931 թուականին: Ան ծանօթ է «Մեծն Լիբանանի հայրը» տիտղոսով եւ...

Ժոմպլաթ. «Վեց Անդամներէ Բաղկացած  Զինուորական Յանձնախումբի Մասին Խօսակցութիւնը  Յօրինուածք Մըն Է, Որուն Կարիքը Չունինք»

Ժոմպլաթ. «Վեց Անդամներէ Բաղկացած Զինուորական Յանձնախումբի Մասին Խօսակցութիւնը Յօրինուածք Մըն Է, Որուն Կարիքը Չունինք»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտարարեց. «Քաղաքական յանձնախումբին կողքին բանակցելու համար վեց անդամներէ բաղկացած զինուորական յանձնախումբի մը մասին կը խօսուի, ինչ որ, իմ կարծիքովս, յօրինուածք մըն է, որուն կարիքը չունինք, որովհետեւ կը վստահինք զինուորական հաստատութեան եւ այն սկզբունքներուն, որոնք հիմնուած են զինադադարի համաձայնութեան, միջազգային որոշումներուն եւ Թաէֆի համաձայնութեան կառչածութեան վրայ»:    

Page 34 of 985 1 … 33 34 35 … 985

Արխիւներ