Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԹՐԱՄՓ կ՛ուզեմ, որ Լիբանանը աւելի լաւ կեանք ունենայ: Աւելի լաւ է, որ Իսրայէլ Հըզպալլային ճշգրիտ հարուածներ հասցնէ, եւ Միացեալ Նահանգները կրնան անոր օգնել, կամ կրնանք Սուրիան մղել, որ այդ մէկը ընէ, որովհետեւ լաւ աշխատանք կը կատարէ»: . ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ինք չ՛ուզեր, որ Լիբանան Իրանի հետ կարճատեւ համաձայնութեան մը մէկ...

Թրամփ. «Լիբանանեան Թղթածրարը  Որոշ Չափով Տարբեր Է,  Սակայն Իրանին Կապուած Է»

Թրամփ. «Լիբանանեան Թղթածրարը Որոշ Չափով Տարբեր Է, Սակայն Իրանին Կապուած Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Լիբանանեան թղթածրարը որոշ չափով տարբեր է, սակայն Իրանին կապուած է: Կը կարծեմ` Լիբանանի հարցով բաներ տեղի պիտի ունենան, եւ կը կարծեմ, որ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի»: Թրամփ նշեց, որ խօսած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Հըզպալլայի հետ, «եւ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող այս հակամարտութեան մէջ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ»: «Անջրպետէն կը հետեւինք իրանեան հիւլէական դիրքերուն, եւ անոնց...

Աուն. «Իրան Լիբանանը Միացեալ Նահանգներու Հետ  Բանակցութիւններուն Մէջ Իբրեւ  Սակարկութեան Խաղաքարտ Կ՛օգտագործէ»

Աուն. «Իրան Լիբանանը Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Իբրեւ Սակարկութեան Խաղաքարտ Կ՛օգտագործէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Սի.Էն.Էն.»-ի աւագ լրագրող Քրիսթիան Ամանփուրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Իրան Լիբանանը Միացեալ Նահանգներու հետ իր բանակցութիւններուն մէջ իբրեւ սակարկութեան խաղաքարտ կ՛օգտագործէ»` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Լիբանանի ժողովուրդը չի ներկայացներ: «Լիբանանի ժողովուրդը քու ժողովուրդդ չէ», ըսաւ ան: Աուն նշեց, որ լիբանանցի ամբողջ ժողովուրդին զաւակները, ներառեալ շիիները «յոգնեցան» Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի պատերազմէն, եւ «ճիշդ...

Սալամ. «Լիբանանը Ոչ Ոքի Սեղանին Վրայ  Խաղաքարտ Մըն Է, Իսկ Հարաւը Ոչ Ոքի Համար  Պահեստային Ճակատ Մըն Է»

Սալամ. «Լիբանանը Ոչ Ոքի Սեղանին Վրայ Խաղաքարտ Մըն Է, Իսկ Հարաւը Ոչ Ոքի Համար Պահեստային Ճակատ Մըն Է»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ նուիրատու երկիրներու դեսպաններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութեան յայտարարեց. «Բանակցութեան ուղին ընտրեցինք, որովհետեւ Լիբանանի եւ անոր բնակչութեան համար նուազագոյն գինը ունեցող, Իսրայէլի հեռացումն ու մարդոց իրենց բնակութեան վայրեր վերադառնալու ամէնէն կարճ ուղին է»: Ան ըսաւ. «Զինադադարը մերժել պարզապէս եւ յստակօրէն կը նշանակէ, թէ պատերազմը կը շարունակուի, ուստի եւ մարդասիրական տագնապը կը շարունակուի, աւելի՛ն`...

Ռիտայի. «Լիբանան Որեւէ Համաձայնութեան  Կամ Զինադադարի Անբաժանելի Մաս Պիտի Ըլլայ»

Ռիտայի. «Լիբանան Որեւէ Համաձայնութեան Կամ Զինադադարի Անբաժանելի Մաս Պիտի Ըլլայ»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդատու Մոհսեն Ռիտայի իրանեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այն պետութիւնը, որ իր դաշնակիցներուն չ՛աջակցիր, իր հաւաստիութիւնը կը կորսնցնէ»: «Հըզպալլան վերջին պատերազմի ընթացքին իր անդամներու կեանքերը զոհեց եւ անիկա մեր դաշնակիցն է, ուստի անոր կ՛աջակցինք եւ հաստատօրէն կը կանգնինք մեր յանձնառութեան վրայ», նշեց Ռիտայի: «Թշնամին ուզեց Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնել` բանակցութիւններուն մէջ մեր վրայ...

Պըրրի. «Իսրայէլեան Հեռացումը  Պէտք Է Տեղի Ունենայ. Որեւէ Գիծ Մեզ  Չի Հետաքրքրեր, Եւ Եթէ Պնդեն Մնալ, Դիմադրութեամբ Պիտի Դիմակայուին»

Պըրրի. «Համաձայն Եմ Իր Բռնագրաւած Շրջաններէն Իսրայէլի Հեռացումին Զուգահեռ Լիթանի Գետի Հարաւէն Հըզպալլայի Հեռացման»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ ուղղակի բանակցութիւններու ընթացքին գոյացած զինադադարի համաձայնութիւնը որակեց «խառնածին»` նշելով. «Կարելի էր բնագիրին սկիզբը դրական ընկալել, եթէ այդտեղ միայն ցամաքի, ծովու եւ օդի վրայ զինադադար նշուէր, եւ առանց այլեւայլի, առանց կանգուն մնացածը քանդելու, սակայն ականուեցաւ, եւ անոր վրայ աւելցուեցաւ Հըզպալլայի կողմէ ամբողջական զինադադար եւ անոր բոլոր զինեալներու Լիթանիի հարաւէն հեռացում»: «Կարելի էր, որ գոյացած...

Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժած Է  Լիբանանի Մէջ Ամերիկեան Ուժերու Մասնակցութիւնը  Սահմանափակող Բանաձեւի Նախագիծը

Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժած Է Լիբանանի Մէջ Ամերիկեան Ուժերու Մասնակցութիւնը Սահմանափակող Բանաձեւի Նախագիծը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը մերժած է բանաձեւի նախագիծ մը, որուն նպատակը Լիբանանի հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի քայլերը սահմանափակելն էր: Դեմոկրատական քոնկրեսական Ռաշիտա Թալիպի կողմէ ներկայացուած նախագիծը չէ որդեգրուած Դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավարներուն կողմէ մերժուելուն պատճառով: Նախագիծը կոչ կ՛ուղղէր` նախագիծի որդեգրումէն ետք 7 օրուան ընթացքին ամերիկեան զինեալ ուժերը հեռացնելու Լիբանանէն, սակայն մերժուեցաւ 324 դէմ, 92 թեր եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Այն, ինչ որ բանակցութիւններէն բխեցաւ, կուսակցութիւնը չի շահագրգռեր: Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններու շարունակման դիմաց կուսակցութեան կողմէ հակադարձութիւնը պիտի շարունակուի, այլուր տեղի ունեցող որեւէ փոխըմռնումներէ կամ բանակցութենէ անկախ»: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայան. «Իսրայէլեան ապահովական եւ քաղաքական հարցերով նախարարաց սեղմ խորհուրդի նախարարները Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան նկատմամբ վերապահութիւն կը յայտնեն»: . ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ....

Լիբանան-Իսրայէլ Միացեալ Հաղորդագրութիւն.  Ուաշինկթընի Մէջ Համաձայնութիւն` Հըզպալլայի Կողմէ  Կրակոցի Դադրեցումով Եւ Լիթանիի Հարաւէն Հեռանալով  Պայմանաւորուած Զինադադարի Շուրջ

Լիբանան-Իսրայէլ Միացեալ Հաղորդագրութիւն. Ուաշինկթընի Մէջ Համաձայնութիւն` Հըզպալլայի Կողմէ Կրակոցի Դադրեցումով Եւ Լիթանիի Հարաւէն Հեռանալով Պայմանաւորուած Զինադադարի Շուրջ

Միացեալ Նահանգները 2 եւ 3 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ ուղղակի բանակցութիւններէ ետք Լիբանանի եւ Իսրայէլի հետ միացեալ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարեցին. «Երկու կողմերը գոյացուցին համաձայնութիւն զինադադար հաստատելու` պայմանով, որ Հըզպալլան իր կրակոցը դադրեցնէ, եւ անոր բոլոր անդամները տարհանուին Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող տարածքէն»: «Երկու կողմերը, իբրեւ համապարփակ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համաձայնագիրի հասնելու ուղղուած քայլ, ամերիկեան առաջնորդութեամբ, համաձայնեցան արագացնել ստեղծումը փորձառական գօտիներու,...

Լըքորնիւ. «Եւրոպական Երկիրները Պէտք Է Լիբանանի  Անվտանգութեան Պաշտպանութեան Մէջ Մեզի Օգնեն»

Լըքորնիւ. «Եւրոպական Երկիրները Պէտք Է Լիբանանի Անվտանգութեան Պաշտպանութեան Մէջ Մեզի Օգնեն»

Ֆրանսայի վարչապետ Սեպասթիան Լըքորնիւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ, անդրադառնալով 2026-ին ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտին ու ապահովական բացի մը ստեղծման մտավախութեան, յայտնեց. «Ֆրանսան այժմէն սեղանի վրայ կը դնէ զինուորական միջոցներու առաջարկ մը, որ նոր լիազօրութեան պատկերացումի մշակումը կ՛արտօնէ: Անջատման ո՞ւժ կ՛ըլլայ: Չեմ գիտեր: Ամէն պարագայի պէտք է ճշդել»: «Ապահովական բացէն խուսափեցանք: Ֆրանսան իրողապէս այս առաջարկը ներկայացուց եւ շարք...

Շէյխ Քասեմ. «Կը Մերժենք  Իսրայէլի Հետ Բանակցութիւնները»

Քասեմ. «Միայն Յարձակումի Ամբողջական Դադրեցումով Շահագրգռուած Ենք, Եւ Ոչ Ոքի Յանձնառութիւն Տուինք Յարձակումին Չդիմադրելու»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ուաշինկթընեան յայտարարութիւնը լիբանանցի ժողովուրդի մէկ մասի բնաջնջման եւ մնացեալը ստրկացնելու ճամբու քարտէս է»: «Այնքան ատեն որ մեր գիւղերը անապահով են, կը ռմբակոծուին, կը քանդուին, եւ մեր ժողովուրդը կը սպաննուի, բնակեցման վայրերը ապահով պիտի չըլլան, եւ մեր հզօրութիւնն ու ուժը պիտի տեսնեն», ըսաւ ան: «Նախանձախնդիր ենք յարձակումին դէմ ազգային միասնականութեան,...

Խորհրդարանին Մէջ Ժողով Մը Քննարկեց Միջազգային  Մարդասիրական Իրաւունքի Ազգային Յանձնախումբին  Կողմէ Լիբանանի Վրայ Իսրայէլի Յարձակումներու  Վերաբերեալ Փաստագրական Աշխատանքը

Խորհրդարանին Մէջ Ժողով Մը Քննարկեց Միջազգային Մարդասիրական Իրաւունքի Ազգային Յանձնախումբին Կողմէ Լիբանանի Վրայ Իսրայէլի Յարձակումներու Վերաբերեալ Փաստագրական Աշխատանքը

Խորհրդարանի դիւանին, մարդու իրաւունքներու խորհրդարանական յանձնախումբին եւ արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական յանձնախումբին մասնակցութեամբ խորհրդարանին մէջ գումարուեցաւ ժողով մը` մասնակցութեամբ երկու յանձնախումբերու նախագահներ Միշէլ Մուսայի եւ Ֆատի Ալամէի: Նշենք, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի` իբրեւ խորհրդարանի դիւանի անդամ եւ արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական յանձնախումբի քարտուղար մասնակցեցաւ նշեալ ժողովին: Ժողովի ընթացքին փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի ժողովականներուն ներկայացուց միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ազգային յանձնախումբի կողմէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Սէուտական Արաբիան անցնող օրերուն Ուաշինկթընի հետ համակարգաբար աշխուժ դերակատարութիւն ունեցաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները յաջողցնելուն ու զինադադարը ամրապնդելուն մէջ` նկատի ունենալով, որ անիկա պատերազմին վերջ տալու եւ նոր փուլի դուռ բանալու նախաքայլ է»: . ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Ասաս»-ին. «Առաջարկուող միջազգային ուժին համար տակաւին իրաւական շրջագիծ եւ ամերիկեան-իսրայէլեան հաւանութիւն գոյութիւն չունի, մինչ Ֆրանսան, Իտալիան, Գերմանիան եւ Սպանիան ճնշում...

Ուաշինկթըն. «Լիբանան-Իսրայէլ  Բանակցութիւնները Դէպի Համապարփակ  Համաձայնութիւն Կը Յառաջանան»

Ուաշինկթըն. «Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները Դէպի Համապարփակ Համաձայնութիւն Կը Յառաջանան»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 2 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ քաղաքական հոլովոյթի բանակցութիւններու առաջին օրուան աւարտին յայտարարեց. «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ քաղաքական եւ ապահովական հոլովոյթներու շարունակուող յառաջընթաց կայ, եւ աշխատանք կը տանինք շրջանցելու անցնող 20 տարիներու ձախողութիւնները»: «Բանակցութիւնները կը յառաջանան դէպի համապարփակ համաձայնութիւն, որուն նպատակը Լիբանանի գերիշխանութեան վերականգնումն ու Իսրայէլի անվտանգութեան երաշխաւորումն է», նշեց նախարարութիւնը: Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան...

Թրամփ. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ  Շարունակուող Հակամարտութիւնը  Չիս Կ՛անհանգստացնէ»

Թրամփ. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ Շարունակուող Հակամարտութիւնը Չիս Կ՛անհանգստացնէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթէն Միրետա Տեւինի «Փատ Ֆորս Ուան» յայտագիրին հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ երկուշաբթի օր Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին զինք «շատ խենթ» կոչած է, սակայն շեշտեց, որ «միասնաբար չափազանց լաւ աշխատած են»: «Լիբանանի հետ կռիւը շարունակելէն անհանգստացած էի», ըսաւ Թրամփ: Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց, որ յարձակումները Միացեալ Նահանգներ-Իրան...

Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Բոլորէն Կը Պահանջէ  Ամբողջական Յանձնառութիւն Ազգային  Պատասխանատուութեան Նկատմամբ Եւ Լիբանանի  Գերագոյն Շահերը Ամէն Բանէ Վեր Դասել»

Նախագահ Աուն Դատապարտեց Քուէյթի Եւ Պահրէյնի Վրայ Կատարուած Իրանեան Յարձակումները

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն դատապարտեց Քուէյթի եւ Պահրէյնի վրայ կատարուած իրանեան յարձակումներն ու Քուէյթի միջազգային օդակայանի թիրախաւորումը` զանոնք նկատելով երկու եղբայրական երկիրներու գերիշխանութեան ոտնահարում եւ միջազգային օրէնքներու սկզբունքներու խախտում: Նախագահ Աուն զօրակցութիւն յայտնեց Քուէյթին եւ Պահրէյնին` կոչ ուղղելով շրջանը զերծ կացուցելու այս յարձակումներու հետեւանքներէն` մագլցումը թուլացնելու համար: Նշենք, որ Իրանի յարձակումէն ետք Քուէյթի օդակայանը վնասներ կրեց եւ ժամանակաւոր կերպով փակուեցաւ:...

Վահէ Մելքոնեան Անգլերէն Հրապարակախօսութեան  Մրցումին Պիտի Ներկայացնէ Լիբանանը

Վահէ Մելքոնեան Անգլերէն Հրապարակախօսութեան Մրցումին Պիտի Ներկայացնէ Լիբանանը

Անգլիախօսներու ընկերակցութեան Լիբանանի մասնաճիւղը անցեալ շաբաթ կատարեց իր անգլերէն հրապարակախօսութեան 22-րդ մրցումը` այս տարուան միջազգային հրապարակախօսութեան մրցումին Լիբանանի ներկայացուցիչը ընտրելու համար: Մրցումը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, ուր մրցեցան լիբանանեան տարբեր համալսարաններէ տասը ուսանողներ: Մրցումին յաղթանակ արձանագրեց Հայկազեան համալսարանէն Վահէ Մելքոնեանը, որ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ յուլիսին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք հեղինակաւոր բրիտանական մրցումին` 90 երկիրներէ ուսանողներու կողքին: Լիբանանի ամերիկեան...

Պայրագտարեան. «Նպատակս Պարկեշտ  Մարմնակրթութեան Եւ Օրէնքի Կիրարկման Համար  Աշխատիլն Է»

Պայրագտարեան. «Նպատակս Պարկեշտ Մարմնակրթութեան Եւ Օրէնքի Կիրարկման Համար Աշխատիլն Է»

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի «Սերայի զրոյցներ» յայտագիրին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախարարութեան երիտասարդութեան թղթածրարին նկատմամբ մօտեցումը վերջին շրջանին արմատական փոփոխութեան ենթարկուեցաւ. անիկա սկաուտութեան եւ երիտասարդական միութիւններու նման աւանդական շրջագիծերով չսահմանափակուեցաւ, այլ ընդլայնուելով ներառեց համալսարաններն ու անկախ երիտասարդները` փորձերով երիտասարդ սերունդին հետ ուղղակի աւելի համապարփակ յարաբերութիւն ստեղծել»: «Այս նոր մօտեցման հիմնական նպատակն է նախարարութիւնը վերածել...

Արտաքին Յարաբերութիւններու  Խորհրդարանական  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Չինաստանի Դեսպանին Հետ

Արտաքին Յարաբերութիւններու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Չինաստանի Դեսպանին Հետ

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, որուն անդամ է Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, երէկ կէսօրէ առաջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպանին հետ: Յանձնախումբի նախագահ Ֆատի Ալամէ հանդիպումի աւարտին յայտնեց, որ այս հանդիպումը առաջինն է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու դեսպաններուն հետ տեսակցութիւններու շարքին, անոր նպատակը դեսպանները դնելն է մթնոլորտին մէջ Լիբանանի գտնուած դժուար կացութեան եւ այն պայմաններուն, որոնց մէջ...

Իսրայէլեան Մագլցումին Նկատմամբ Միջազգային Արձագանգներ

Իսրայէլեան Մագլցումին Նկատմամբ Միջազգային Արձագանգներ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց. «Ոչինչ կ՛արդարացնէ հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայիս ընթացող մեծ մագլցումը»` աւելցնելով. «Անհրաժեշտ է, որ կռիւը յաւիտեանս դադրի»: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իւեթ Քուփըր նշեց. «Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական մագլցումը պատճառ դարձաւ քաղաքայիններու սպանութեան եւ տեղահանման, ենթակառոյցներու քանդման եւ դիւանագիտութեան տարածքի սահմանափակման, եւ այս վիճակը պէտք է վերջ գտնէ»: «Հըզպալլան պէտք է վերջ տայ Իսրայէլի վրայ իր...

Page 33 of 985 1 … 32 33 34 … 985

Արխիւներ