Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուն Իսայի Հետ Քննարկեց Ուաշինկթըն Սպասուող Իր Այցելութիւնը

July 10, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսան եւ անոր հետ քննարկած իր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրով Միացեալ Նահանգներ պաշտօնական այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ներկայ կացութիւնները:

Աուն հանդիպումի ընթացքին անհրաժեշտ նկատած է հարաւային Լիբանանի մէջ զինադադարի ամրապնդումը, թշնամական արարքներու դադրեցման համար Իսրայէլի վրայ ճնշումի գործադրութիւնը, եւ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ բանակցութիւններու աւարտին յայտարարուած շրջագծային բանաձեւի բովանդակութեան յարգումը:

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ անհրաժեշտ նկատած է, որ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ ռմբակոծումը, իսրայէլեան ուժերուն կողմէ բռնագրաւուած գիւղաքաղաքներու եւ գիւղերու մէջ ականահարումները եւ հողի հաւասարեցումները դադրին:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանը այցելութենէն ետք յայտնեց. «Նախագահ Աունի Ուաշինկթըն այցելութիւնը, մանաւանդ ներկայ պահուն յատուկ կարեւորութիւն ունի եւ կ՛արտացոլէ Թրամփի Լիբանանի նկատմամբ հետաքրքրութեան տարողութիւնը, այստեղ անվտանգութիւն ու կայունութիւն հաստատելու եւ անոր ժողովուրդի տառապանքներուն վերջ տալու համար տարած անոր աշխատանքը»:

Պատասխանելով Հռոմի մէջ 14-15 յուլիսին սպասուող ժողովին մասին հարցումի մը` Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ըսաւ, թէ Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի բանակցութիւններուն Իտալիոյ մայրաքաղաք տեղափոխումին պատճառը միայն թեքնիք է եւ կապ ունի դեսպաններուն ու պատուիրակութիւններուն տեղափոխումը դիւրացնելու հետ: Ան մատնանշեց, որ Հռոմի ժողովը թեքնիք եւ գործադիր բնոյթ ունի, ինչպէս նշուած է շրջագիծին մէջ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Ուաշինկթընի մէջ համաձայնեցուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու համար ձեւաւորումը մասնագիտացած աշխատանքային խումբերու, որոնք կրնան քննարկուող նիւթերէն կախեալ իրաւաբանական կամ թեքնիք մասնագէտներ պահանջել:

«Այն, ինչ որ Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենայ, Ուաշինկթընի մէջ համաձայնեցուածին շարունակութիւնն է», ըսաւ Իսա` նշելով. «Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ կամ այլուր շարք մը ժողովներ պիտի գումարուին` համաձայնեցուած փուլերու համաձայն գործադրութեան հետեւելու համար», յայտնեց դեսպանը:

Ինչ կը վերաբերի Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն մէջ ճշդուած փորձառական շրջաններուն մէջ աշխատանքի սկսման ժամկէտին, Միացեալ Նահանգներու դեսպանը բացատրեց, թէ փորձառական շրջաններուն վերաբերեալ համաձայնեցուածի գործադրութեան համար պատրաստութիւնները կը շարունակուին, եւ ամերիկեան զինուորական պատուիրակութիւն մը քանի մը օրէն Պէյրութ պիտի հասնի` համակարգում կատարելու եւ գետնի վրայ գործադրութեան մեքանիզմը ճշդելու, որովհետեւ անհրաժեշտ է, որ որոշուած շրջաններէն իսրայէլեան ուժերու հեռացումէն ետք որեւէ բաց չստեղծուի, եւ համակարգումի ժողովներու արդիւնքին լոյսին տակ գետնի վրայ գործադրութեան սկսման ժամկէտը կը ճշդուի:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ եռակողմ շրջագիծի գործադրութիւնը, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի փորձառական շրջաններէն իսրայէլեան հեռացումի սկսման` իբրեւ այդ շրջաններուն մէջ լիբանանեան բանակի տեղակայման նախաքայլ:

Իսա նաեւ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ անդրադարձաւ ընդհանուր կացութեան եւ քաղաքական ու ապահովական զարգացումներուն:

Պըրրի վերստին հետաքրքրուեցաւ զինադադարի ամրապնդումով, Իսրայէլի կողմէ զինադադարի յարգումով եւ Լիբանանէն դէպի միջազգային սահմաններ հեռանալու քայլերով:

Նախորդը

Թրամփ. «Սուրիոյ Նախագահը Ինծի Տուաւ Հըզպալլայի Վերաբերեալ Խոստում Մը, Որ Պիտի Չբացայայտեմ»

Յաջորդը

Հարաւային Չինաստանի Մէջ Ողողումներու Պատճառով 39 Զոհ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.