. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հռոմի բանակցային փուլը դարձեալ պիտի քննարկէ դաշտային կացութիւնն ու զինադադարի ամրապնդումը, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան առօրեայ օդային ու ցամաքային յարձակումներու շարունակման լոյսին տակ»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Հռոմի ժողովները պիտի կեդրոնանան ձեւաւորման վրայ Ուաշինկթընի մէջ համաձայնեցուած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու համար մասնագիտացած աշխատանքային խումբերու, որոնք, քննարկուող նիւթերէն կախեալ, կրնան պահանջել իրաւաբանական կամ թեքնիք մասնագէտներ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հռոմի ժողովը պիտի ըլլայ ջրբաժան մը` փորձարկելու համաձայնութեան գործադրութեան լրջութեան տարողութիւնը: Պէյրութ բանակցութիւններուն մասնակցելէ առաջ պայման դրաւ, որ Իսրայէլ հեռանայ փորձառական երկու շրջաններէն, ինչպէս նաեւ ամերիկեան հովանաւորութեան մակարդակը մնայ նոյնը»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Համաձայնութեան մեկնարկման ձախողումը Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի կողմէ էր: Վերջինս Լիբանանը անակնկալի մատնեց առաջարկելով փորձառական շրջաններ, ուր իր ուժերը զինուորական ներկայութիւն չունին, իսկ լիբանանեան բանակը կը պնդէ, որ փորձառական շրջաններու քարտէսը նախ եւ առաջ սկսի բռնագրաւուած շրջաններէն»:
. ՇԻԻ երկեակէն աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Այսպէս կոչուած փորձառական հեռացման հարցին մէջ առաջարկուածը շատ վտանգաւոր է: Հըզպալլան այս հարցին շուրջ որեւէ համակարգում կամ ուղղակի բանակցութիւններուն եւ շրջագծային համաձայնութեան առնչուած որեւէ բան կը մերժէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին. «Ուաշինկթըն լիբանանեան բանակին աջակցութեան համար Լիբանան պիտի ուղարկէ մասնագիտական խումբ մը, որ որեւէ մարտական գործողութեան պիտի չմասնակցի, այլ լիբանանեան բանակին յանձնուելիք շրջաններուն Հըզպալլայէն զերծ ըլլալը պիտի ստուգէ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Հռոմի բանակցութիւններուն պիտի չմասնակցի, ու լիբանանեան եւ իսրայէլեան բանակցային պատուիրակութիւններուն կողքին ամերիկեան մասնակցութիւնը պիտի սահմանափակուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարով մը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ամերիկացի պաշտօնատար Տան Հոլըր Հռոմի ժողովին ընթացքին պիտի ներկայացնէ Ուաշինկթընը` նկատի ունենալով, որ ան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Լիբանան-Իսրայէլ թղթածրարին դիւանագիտական առօրեայ համակարգումի պատասխանատուն է»:
. ԱՅՆ Թինէի աղբիւրները «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանի ճակատումի շրջագիծէն դուրս մնալու կարողութիւնը զերոյական չէ, սակայն անիկա կախեալ կը մնայ շրջանային զարգացումներու ընթացքէն, որովհետեւ Լիբանան այլեւս պարզապէս դէպքերէն ազդուող չէ, այլ բանակցութեան կամ մագլցումի որեւէ հաւասարակշռութեան մէկ մասը»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ կողմէ ընդունուած է եւրոպական առաջարկ մը, որ կը նախատեսէ բարգաւաճման քաղաքացիական հաստատութիւններու ուղեկցութեամբ զինուորական ուժեր, որոնք լիբանանեան բանակին պիտի աջակցին եւ փոխարինեն ՖԻՆԻՒԼ-ը, եւ անոնց առաքելութիւնը պիտի տեւէ երեք տարի»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Կիպրոս Իսրայէլի հետ իր լաւ յարաբերութիւններէն օգտուելով մեծ ջանք կը թափէ Լիբանանին օգնելու: Նիկոսիա կը փորձէ Նեթանիահուն համոզել յաւելեալ ճկունութիւն ցուցաբերելու, ինչ որ Հըզպալլայի կողմէ պետութեան վրայ վերահսկողութեան հաստատման ճամբան կը փակէ»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Իսրայէլ առիթի կը սպասէ եւ Միացեալ Նահանգներու ու Իրանի միջեւ մերթ ընդ մերթ տեղի ունեցող հարուածներու ընթացքին կը հետեւի Ալի Թահեր բարձունքին դէմ լայնածաւալ գործողութիւն մը շղթայազերծելու համար, բան մը, որ Նեթանիահուին առիթ կ՛ընծայէ արձանագրելու զինուորական ձեռքբերում մը, որ ընտրութիւններուն նախօրեակին կրնայ իբրեւ յաղթանակ ներկայացնել:
«Այդպիսի գործողութիւն մը կը նշանակէ մագլցումի վերադարձ, ուստի հրթիռները պիտի տեղան Թել Աւիւի վրայ: Հըզպալլան պատգամ մը յղեց, թէ Ալի Թահերի մէջ գործողութեան մը նկատմամբ լուռ պիտի չմնայ»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Ամերիկեան պատուիրակութիւնը բանակի հրամանատարին, սպայակոյտի պետին եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնին հետ ընդլայնուած ժողովներ գումարեց: Քննարկումը կեդրոնացաւ գետնի վրայ գործադրութեան մեքանիզմներուն եւ այն խոչընդոտներուն վրայ, որոնք ծրագիրի գործնական գործադրութեան անցում կատարելու արգելք կը հանդիսանան»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ամերիկեան կողմի ճամբով թշնամիին ներկայացուցած վերջին առաջարկը կը նախատեսէ, որ փորձառական տարածքները առաջին փուլին բաղկացած ըլլան երկու տարածքէ, առաջինը կը վերաբերի Լիթանի գետէն հիւսիս գտնուող Զաութար Ղարպիէին եւ Զաութար Շարքիէին, ինչպէս նաեւ Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող Ղանտուրիէի, Ֆրունի, Քալաուէյհի եւ Պըրժ Քալաուէյհի»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Կան նշաններ, որ Իսրայէլը պատրաստ է դուրս գալու` հաշուի առնելով Նեթանիահուի յայտարարութիւնները հարաւային Լիբանանի մէջ մնալու եւ անոր նախապայմանը, որ Հըզպալլայի մարտիկները նախ դուրս գան նշանակուած տարածքներէն, մինչդեռ Լիբանան կը պահանջէ, որ Իսրայէլը բանակի մուտքէն առաջ դուրս գայ»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Լիբանանեան բանակը ամերիկեան պատուիրակութեան ներկայացուց այլ մօտեցում մը, որ հիմնուած է իրողութիւններու, փաստաթուղթերու եւ տուեալներու վրայ, եւ բացատրեց իսրայէլեան խախտումներուն բնոյթն ու տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ այն, ինչ որ ծրագիրի գործադրութիւնը կը խոչընդոտէ»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Ամերիկեան պատուիրակութիւնը լիբանանեան կողմին փոխանցեց Իսրայէլի այն պնդումը, թէ ծրագիրին ծիրին մէջ իրմէ պահանջուածը կը գործադրէ, մինչ Լիբանան, ըստ իսրայէլեան կողմին, չի յարգեր շրջագծային համաձայնութեան յօդուածներն ու չի գործադրեր գետնի վրայ նախատեսուած քայլերը»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնութեան պատասխանատուներուն տրուած վերջին ցուցմունքը այն է, որ Հըզպալլայէն որեւէ ապահովական կամ զինուորական պատասխանատուի հետ ժողովէ հրաժարին, ինչպէս նաեւ դադրին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի օգնական Ահմետ Պաալպեքիի հետ հաղորդակցելէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն Պէյրութի մէջ ազդու կողմերու յայտնեց, որ զինուորական, ապահովական ու արդարադատական մարմիններու մէջ գործող շիի անձնաւորութիւններու անուանացանկ մը կը սերտէ` պատժամիջոցներ հաստատելու համար»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ մտահոգութեամբ կը դիտէ շրջանային տեղաշարժերու տարողութիւնը“ Լիբանանի սահմաններու ապագային վերաբերեալ չյայտարարուած բանակցութիւններէն մինչեւ անվտանգութեան կարգաւորումներու մասին հետզհետէ աւելի յաճախակի խօսակցութիւնները, հարցեր, որոնք բանակը կը դնեն դժուար եւ զգայուն կացութեան մէջ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութեան հետ ընդլայնուած հանդիպումէն ետք նախագահ Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Ժահժահի միջեւ գումարուեցաւ շուրջ քառորդ ժամ տեւողութեամբ դռնփակ հանդիպում մը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Սիւննի երեսփոխանները, մասնաւորաբար անոնք, որոնք Աքքարէն, Թրիփոլիէն եւ Տըննիէէն են, կը շեշտեն, որ իսլամական կալանաւորուածները համաներման մէջ ներառուած ըլլան, որովհետեւ անոնց դատավարութիւնները երկար տարիներ տեւեցին»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Մթնոլորտը դրական ուղղութեամբ կ՛ընթանայ եւ յարմար կը թուի հաւասարակշռուած արդարութեան խորագիրի տակ համաներման օրէնքի վաւերացման համար, եւ վճռումը կը թուի կախեալ ըլլալ քննարկումներու արդիւնքէն եւ նախկին տարակարծութիւնները շրջանցելու կարողութենէն, եթէ լուծումը խորհրդարանական լայն աջակցութիւն վայելէ»:
. ՊԱՆԴՈԿՆԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահը «Ախպար» օրաթերթին. «Ներկայ կացութեան պատկերը մութ է: Շաբթուան կիսուն պանդոկներուն մէջ ամրագրումները 5-էն 8 առ հարիւրի միջեւ է, իսկ շաբաթ օր առաւելագոյնը 20 առ հարիւրի կը բարձրանայ, երբ բնականոն պայմաններով տարիներու ընթացքին 80 առ հարիւր կ՛ըլլար»:
. ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ թռիչքներու կարգաւորման մարմինի պետը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Օդակայանին մէջ աշխատանքը անցեալ տարուան բաղդատմամբ շատ լաւ է: Անցեալ տարուան առաջին 9 ամիսներուն ընթացքին ճամբորդներուն թիւը 22400 էր, իսկ այս տարի ատիկա բարձրացաւ 23700-ի»:


