Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 20, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Արաղչիի եւ նախագահ Աունի միջեւ հաղորդակցութիւնը Լիբանանի եւ Թեհրանի միջեւ յարաբերութիւններու «ապասառեցման» սկիզբը կը նկատուի: Լիբանան Ծոցի շրջանէն եւ արաբական երկիրներէ յորդորներ ստացաւ իրանցիներուն հետ կապը վերականգնելու»:

. ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ յայտարարեց. «Ամերիկան պէտք է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնէ, որպէսզի դադրեցնէ Լիբանանի մէջ իր թշնամական արարքները»:

«Լիբանանեան բանակին աջակցութիւն տրամադրելու միջազգային խորհրդաժողովի գումարման համար աշխատանքը կը շարունակուի», աւելցուց ան:

. ԻՍՐԱՅԷԼԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի հակադարձելով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հարց տուաւ. «Ֆրանսան իր բոլոր տեղեկութիւնները Հըզպալլայէ՞ն կը ստանայ»` աւելցնելով, որ Իսրայէլ կը յարձակի, երբ յարձակումի ենթարկուի:

«Զինադադար պիտի գոյանայ, երբ Հըզպալլան կրակելէ եւ սպաննելէ դադրի», ըսաւ Հաքըպի:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Բանակցութեան նիստի 22 յունիսէն 23 յունիս յետաձգումը տեղի ունեցաւ իսրայէլեան խնդրանքով` պատուիրակութիւններու Ուաշինկթըն հասնելուն ուշացման պատճառով: Առաջին նիստին պիտի մասնակցին զինուորական ու դիւանագիտական պատուիրակութիւնները, երկրորդ նիստին` միայն զինուորականը, իսկ երրորդին` միայն դիւանագիտականը»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Բանակցութիւններուն ընթացքին նախկին նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկուի, որովհետեւ Ուաշինկթըն կը ջանայ հրապարակել շրջագծային համաձայնութիւն մը` կազմակերպելու համար հոլովոյթը, եւ աստիճանական հեռացման ու Հըզպալլայի զինաթափման իրար կապուածութիւնը ընդգծելու համար»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Մտադրութիւններու հռչակագիրը պէտք է վերատեսութեան եւ վերադասաւորման ենթարկուի. անիկա այլեւս իր ներկայ տեսքով յարմար չէ եւ մեծ բարեփոխումներու պէտք է ենթարկուի: Որպէսզի բանակցութիւնները թշնամական վիճակի դադրեցման համաձայնութեան հասնին, նախ պէտք է իրականացուին լիբանանեան փաստաթուղթին մէջ նախագահ Աունի կողմէ նշուած հինգ կէտերը, եւ փորձառական գօտիներու հարցը պէտք է վերաքննարկել»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Պետութիւնը եւ մասնաւորաբար նախագահական պալատը կը շարունակեն ուղղակի բանակցութիւններ վարել, եւ նախագահ Ժոզեֆ Աունը յանձնառու է անոնց եւ կը պատրաստուի յաջորդ եռօրեայ բանակցութիւններուն, որոնք երեքշաբթի, 23 յունիսէն մինչեւ հինգշաբթի, 25 յունիս պիտի տեւեն: Ան գնահատման շարք մը հանդիպումներ ունեցած է, մասնաւորաբար մտադրութիւններու հռչակագիրի փաստաթուղթին շուրջ, որուն վերաբերեալ ան դիտարկումներ գրած է` զանոնք երեքշաբթի օր ամերիկացի միջնորդին յանձնելու համար»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթ. «Այսօրուան բանակցութիւններու ջնջումը անակնկալ մը չէ: Իրան փորձեց Լիբանանի վերաբերեալ յօդուածներու իր մեկնաբանութիւնը մնացեալ կողմերուն պարտադրել»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Անիթա Անանտին յայտնեց. «Լիբանան կը շարունակէ հետեւիլ բանակցութեան ընտրանքին, սակայն Իրան-Միացեալ Նահանգներ հոլովոյթէն անկախ հոլովոյթի մէջ` հասնելու համար համապարփակ լուծումի մը, որ կը պահպանէ իր գերիշխանութիւնն ու կայունութիւնը»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 38000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.312.000 լ.ո.-ի եւ 2.330.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 41000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.964.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.224.000 լ.ո.:

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքը Դիմեց Սահմանադրական Դատարան

Յաջորդը

Պըրրի. «Զինադադարին Նկատմամբ Հըզպալլայի Յանձնառութիւնը Կախեալ Է Զինադադարին Նկատմամբ Իսրայէլի Ամբողջական Եւ Համապարփակ Յանձնառութենէն»

RelatedPosts

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը

September 29, 2026
Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»
Լիբանանեան

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.