Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 3, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Կազայի մէջ Համաս շարժումին հետ զէնքի յանձնման վերաբերեալ Կազայի մէջ կնքուած համաձայնութեան բնորդը կրնայ Լիբանանի մէջ կիրարկուիլ»:

-Աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Հռոմ-2»-ն պիտի քննարկէ լիբանանեան բանակին տեղակայման ստուգման յատուկ մեքանիզմ մը` հաստատելու համար անոնց վրայ անոր վերահսկողութիւնն ու Հըզպալլայի պատկանող զինեալ խմբաւորումներ այդտեղ մուտք չգործելը»:

. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «լիբանանեան կողմը պիտի պահանջէ, որ փորձնական շրջանը ըլլայ Դեղին գիծի ծիրին մէջ, որպէսզի իսրայէլեան կողմը կարենայ ստուգել, որ Հըզպալլան չի վերադառնար այն շրջաններ, որոնք դատարկուած են, մինչ տարակարծութիւններ կան ՖԻՆԻՒԼ-ի շրջանի վերահսկողութիւնը ստանձնելիք ուժին շուրջ»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունին բռնագրաւուած շարք մը շրջաններ, որոնցմէ մէկ քանին կարելի է ընտրել երկրորդ փուլին համար, եւ Լիբանան կը յուսայ փորձնական հեռացման շրջանները լաւ կշռոյթով ընդլայնել»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Հռոմի մէջ երեքշաբթի օր բանակցութիւններու 7-րդ փուլի կարեւորութիւնը այն է, որ նախագահներ Աունի եւ Թրամփի միջեւ Լիբանան-Միացեալ Նահանգներ վեհաժողովէն եւ անոր ընթացքին գոյացած համաձայնութենէն ու ամերիկեան խոստումներէն ետք տեղի կ՛ունենայ»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակցային պատուիրակութիւնը աւելի լայն ներկայացուցչութիւն պիտի ունենայ` քաղաքական ու զինուորական խումբերու անդամներուն կողքին աւելցնելով ներկայացուցիչներ տարածքի եւ տնտեսութեան փորձագէտներու` քննարկելու համար ցամաքային սահմանագծման ու վերաշինութեան թղթածրարները»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կրնայ Շքիֆի շրջանին մէջ պայթումին տարողութիւնն ու իր ետին ձգած վնասները օգտագործել` մերժելու համար Իսրայէլի կողմէ բանակցութիւններուն զուգահեռ միակողմանի կատարուած իրողութիւններու պարտադրումը»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Շքիֆի պայթումը, հաւանաբար, ստուէրի տակ առնէ Հռոմի մէջ կայանալիք բանակցութիւնները, որովհետեւ Իսրայէլ պիտի փորձէ զայն ներկայացնել իբրեւ բնորդ այն բանի, ինչ որ ան կը նկատէ որեւէ հեռացման նախապայման` զինուորական ենթակառոյցներու կազմաքանդումը եւ անոնց վերագործարկման անկարելիութեան ստուգումը»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Լիբանան չունի այլընտրանք բացի յոյս դնելէն շրջագծային համաձայնագիրին վրայ` ամերիկեան երաշխիքներով եւ Թրամփի աջակցութեամբ, երբ Հըզպալլան փորձեց զինուորական լուծումը, որ երկիրը ներքաշեց մարդկային ու նիւթական բարձր գին ունեցող աղէտի մէջ»:

.ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ Իսրայէլ խուսանաւելու եւ ձգձգելու փորձեր կատարէ, փորձնական հեռացումին երկրորդ փուլի սկիզբը ուշացնելու կամ տարբեր պատրուակներով խոչընդոտներ ստեղծելու»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլ աշխատանք կը տանի ընտրելու չբռնագրաւուած եւ Նապաթիէի մօտ դիրքի մը մէջ փորձնական այլ շրջան մը, որ լիբանանեան բանակը կը նկատէ բանակցութեան խորագիրին տակ իսրայէլեան զինուորական ազդեցութիւնը ընդլայնելու փորձ մը, եւ այդ բոլորը պարզապէս խորամանկ մարտավարութիւն է»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակը իր բոլոր պարտաւորութիւնները կատարեց` առաջին փուլի ծիրին մէջ տեղակայուելով, եւ ընթացաւ համաձայնութեան յօդուածներուն ուղիով, մինչ իսրայէլեան կողմը տակաւին կը խոչընդոտէ եւ ժամանակ կը վատնէ ի շահ իրեն, ինչպէս նաեւ կը մերժէ հեռացումը յարգել»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Լիբանանը առաջարկ ստացաւ, որ փոխանցուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիին, Հըզպալլայի զէնքերու եւ այն մասին եթէ ի՛նչ կրնայ կուսակցութիւնը ընդունիլ զանոնք յանձնելու դիմաց»:

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ շրջանակները «Մուտուն»-ին. «Կը հերքենք, թէ Հըզպալլայի հետ զէնքին վերաբերեալ որեւէ ձեւաչափ քննարկուած ըլլայ, եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրին նոյնիսկ նման բան պիտի չներկայացնէ եւ որեւէ պատրաստակամութիւն պիտի չցուցաբերէ զայն քննարկելու, քանի դեռ իսրայէլեան բռնագրաւումը կը շարունակուի»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ասաս»-ին. «Հըզպալլան նախագահ Աունի հետ ամբողջական խզում յայտարարեց եւ հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ ներկայ փուլի կառավարման մէջ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի գործելաոճին նկատմամբ, Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը դրուեցաւ Պըրրիի Պաապտայի պալատ այցելութեան մթնոլորտին ու նպատակին մթնոլորտին մէջ, երբ ժամադրութիւնը ճշդուեցաւ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հանդիպումէն ետք, իշխանութեան եռեակին մօտ ամրապնդուեցաւ այն համոզումը, թէ Իսրայէլը հարաւէն, մասնաւորաբար փորձնական փուլի մէջ ընդգրկուած տարածքներէն հեռացման գործադրութիւնը յետաձգելու եւ դանդաղեցնելու քաղաքականութիւն կը կիրարկէ»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Սիւննի երեսփոխանները համաձայնութիւն գոյացուցին համաներման մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու համար միասնական նախագիծի շուրջ համաձայնեցուած յօդուածներու, որոնց մեծ մասը համաձայնեցուած էր Սալամի հետ հանդիպման ժամանակ, եւ անիկա պիտի ներկայացուի խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին Միացեալ Նահանգներու մէջ կայանալիք ներդրումային խորհրդաժողովի համար, որ ամերիկեան մեծ ընկերութիւններն ու հաստատութիւնները պիտի համախմբէ լիբանանեան կառավարութեան ներկայացուցիչներու հետ` գոյութիւն ունեցող ներդրումային կարելիութիւնները ներկայացնելու համար»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Անհաւանական կը նկատեմ, որ Հըզպալլան Իրանի թիկունք կանգնելու համար մագլցումի դիմէ, որովհետեւ ներկայ պայմանները նախկինէն տարբեր են, եւ կուսակցութիւնը չի կրնար տեղահանութեան նոր ալիքներու տոկալ եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ տարակարծութեան մէջ մտնել»:

. ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան աղբիւրները «Տիար» օրաթերթին. «Ներածուող պենզինով բեռցուած նաւերուն թիւը շաբաթական 2-էն 3-ի բարձրացուեցաւ, ինչպէս նաեւ վառելանիւթի կայաններուն օրական տրամադրուած պենզինի քանակը` 10 միլիոն լիթրի, հակառակ այն իրողութեան, որ տեղական շուկայի առօրեայ կարիքը 8 միլիոն լիթր է»:

Նախորդը

«Հայրենիքը Պահպանող Տղամարդիկ»

Յաջորդը

Ֆատլալլա. «Բոլոր Միջոցներով Եւ Մեթոտներով Պիտի Աշխատինք Այս Հողը Ազատագրելու Համար»

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.