Նախագահ Աուն. «Մեր Հոլովոյթը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Հոլովոյթէն Անջատելու Մեր Գերիշխանական Որոշումը Խնդիր Է Ոմանց Համար»
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շեշտեց. «Շրջագծային բանաձեւը Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բռնագրաւումի շարունակումը չ՛օրինականացներ, այլ կը նախատեսէ լիբանանեան բանակին կարելիութիւն տալ ընդլայնելու իր վերահսկողութիւնը լիբանանեան ամբողջ տարածքին վրայ»: «Մեր հոլովոյթը Իրան-Միացեալ Նահանգներ հոլովոյթէն անջատելու մեր գերիշխանական որոշումը խնդիր է ոմանց համար, որոնք վարժուած են մեզի իշխող եւ մեր տեղ որոշում տուող հոգատարութեան տակ ըլլալու», նշեց նախագահը: «Ուժը պատերազմ մղելու կամ անոր...




















