Լիբանանեան

Սալամ-Էրտողան Հանդիպում

Սալամ-Էրտողան Հանդիպում

Վարչապետ Սալամ ուրբաթ օր այցելեց Պոլիս, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Սալամ յայտարարեց. «Բարեկամ պետութիւններու հետ բարձրագոյն աստիճանի խորհրդակցութիւն եւ համակարգում պահանջող շրջանային զգայուն փուլի ընթացքին, Թուրքիոյ հանրապետութիւն պաշտօնական այցելութեանս ծիրին մէջ ընդառաջեցի Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Պոլսոյ մէջ իր կեցութեան վայրին մէջ աշխատանքային ընթրիքի հրաւէրին»: Վարչապետը նշեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան...

Ժահժահ. «Եթէ Հըզպալլան Ինքզինք Չլուծարէ,  Երբեմն Պետութիւնը Ստիպուած  Կ՛ըլլայ Ուժ Կիրարկելու»

Ժահժահ. «Եթէ Հըզպալլան Ինքզինք Չլուծարէ, Երբեմն Պետութիւնը Ստիպուած Կ՛ըլլայ Ուժ Կիրարկելու»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն լիովին հաւատարիմ է շրջագծային համաձայնագիրին եւ բանակցային հոլովոյթին վերաբերեալ իր ընտրութեան` նշելով, որ խնդիրը համաձայնագիրին դէմ արտայայտուող ձայներուն մէջ չէ, այլ «որոշ քաղաքական արժեչափերէն շեղելու մէջ, եւ հետեւաբար, ան, որ համաձայնութիւնը կը քննադատէ, պէտք է անոր այլընտրանք մը ներկայացնէ»: Ան ըսաւ,...

Քպէյսի. «Ուղղակի Բանակցութիւններուն Միջոցով  Իսրայէլի Զիջում Կատարելը Լիբանանին Օգուտ Չունի»

Քպէյսի. «Ուղղակի Բանակցութիւններուն Միջոցով Իսրայէլի Զիջում Կատարելը Լիբանանին Օգուտ Չունի»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի «երկրին մէջ գտնուող ոմանց կոչ ուղղեց` միասնական դիրքորոշում որդեգրելու»: «Իսրայէլ մեր երկրին դէմ կատաղի պատերազմ կը մղէ, եւ ասիկա կը պահանջէ միասնական ներքին դիրքորոշում, որ հեռու է սակարկութիւններէն, տարակարծութիւններէն եւ զիջումներէն», ըսաւ երեսփոխանը: «Այս հայրենիքը պետութեան ոեւէ մէկուն անարդարանալի զիջումներ կատարելուն չի տոկար», յայտնեց ան: «Տարակարծութիւնները մէկդի ձգեցէք, եւ իբրեւ լիբանանցիներ, կուսակցութիւններ,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հռոմի բանակցային փուլը դարձեալ պիտի քննարկէ դաշտային կացութիւնն ու զինադադարի ամրապնդումը, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան առօրեայ օդային ու ցամաքային յարձակումներու շարունակման լոյսին տակ»: . «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Հռոմի ժողովները պիտի կեդրոնանան ձեւաւորման վրայ Ուաշինկթընի մէջ համաձայնեցուած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու համար մասնագիտացած աշխատանքային խումբերու, որոնք, քննարկուող նիւթերէն կախեալ, կրնան պահանջել իրաւաբանական կամ թեքնիք մասնագէտներ»: ....

Աուն. «Բանակցելու Որոշումէն  Ետադարձ Պիտի Չկատարեմ»

Աուն. «Բանակցելու Որոշումէն Ետադարձ Պիտի Չկատարեմ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ անոր ընկերակցող Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութեան յայտնեց, որ համոզումէ մղուած իր պարտաւորութիւնը կը կատարէ եւ զայն կատարելու համար անձնական շահ չունի: «Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններուն վերաբերեալ քննադատութիւններուն, անոնք պատասխանի արժանի չեն, որովհետեւ Լիբանանը 1949 թուականէն ի վեր մէկէ աւելի անգամներ Իսրայէլի հետ ուղղակի կերպով բանակցած...

Անդրադառնալով Ամերիկեան  Պատուիրակութեան Այցելութեան`  Պըրրի. «Իրենց Խոստացածին Հակառակով  Վերադարձան Մեզի, Ուստի Հարցերը Դարձեալ  Դէպի Բարդացում Կ՛ուղղուին»

Անդրադառնալով Հըզպալլայի Վերաբերեալ Սուրիոյ Խոստումի Մասին Թրամփի Խօսքին` Պըրրի. «Սուրիան Այդ Մէկը Չ՛ուզեր»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն խօսքին, թէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ իրեն Հըզպալլայի հարցով օգնելու խոստում տուած է, «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց. «Սուրիան այդ մէկը չ՛ուզեր»` շեշտելով, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին «բոլոր հարցերը չափազանց յստակ կերպով արծարծուեցան»: «Վերջ ի վերջոյ պէտք է վերադառնալ Իրան-Միացեալ Նահանգներ փոխըմբռնման յուշագիրին մէջ...

«Առաջին Փորձառական Շրջաններու  Մեկնարկը` Քանի Մը Օրէն»  Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

«Առաջին Փորձառական Շրջաններու Մեկնարկը` Քանի Մը Օրէն» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջագծային համաձայնութեան գործադրութիւնը մուտք գործած է գործնական փուլ: Ան ըսած է, թէ Հռոմի ժողովը դռնփակ պիտի ըլլայ, եւ անոր նպատակը երկու կառավարութիւններուն կարելիութիւն տալն է թղթածրարները փոխանցելու առնչակից թեքնիք խումբին, որ համաձայնութեան մէջ նշուած բոլոր հարցերու կարգաւորումը պիտի ստանձնէ: Պաշտօնատարը նշած է, որ առաջին փորձառական շրջաններու մեկնարկը...

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Ժահժահ. «Նախագահ Աունը Մտադիր Է  Շրջագծային Համաձայնութեան Գործադրութեան Գծով  Մինչեւ Վերջ Երթալու»

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Ժահժահ. «Նախագահ Աունը Մտադիր Է Շրջագծային Համաձայնութեան Գործադրութեան Գծով Մինչեւ Վերջ Երթալու»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն կ՛ընկերակցէր Հզօր Հանրապետութիւնը խորհրդարանական պլոքէն պատուիրակութիւն մը: Ժահժահ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Լիբանանը անորոշութեան մէջ չի կրնար մնալ` շեշտելով, որ պետութեան կայացումը կը պահանջէ պետութեան մէջ մէկ բանակի եւ մէկ զէնքի գոյութիւնը: Մեկնաբանելով այն խօսքը, թէ «պետութիւնը միակողմանի որոշումներ կու տայ», ան ըսաւ. «Այդպէս...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան.  «Իշխանութիւնները Լիբանանը Հասցուցին  Նոր Ու Իբրեւ Գերիշխան, Ազատ Ու Անկախ Պետութիւն  Գոյութեան Համար Չափազանց Վտանգաւոր Փուլի»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոք. «Այս Անիծեալ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Մէկ Կողմէ Պարտադրուած Է Եւ Կարելի Չէ Զայն Գործադրել»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը նշեց. «Շատ յստակ դարձած է, որ Լիբանանի իշխանութիւններուն թշնամիին հետ ստորագրած շրջագծային համաձայնութիւնը, որ ապօրինի է, անօրինական է եւ կը հակասէ սահմանադրութեան ու Ազգային ուխտին, կը բախի լիբանանցիներու մեծամասնութիւնը ներկայացնող անդրհամայնքային ազգային ընդդիմութեան, որովհետեւ անիկա նուաստացման եւ ամօթի համաձայնագիր մըն է, որ լուրջ վնաս հասցուցած է Լիբանանի ռազմավարական եւ կենսական շահերուն, զայն դարձուցած է սիոնական թշնամիի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Հանրապետութեան նախագահը Ուաշինկթընի մէջ գոյացած համաձայնութեան գործադրութեան խոչընդոտումը չի բացառեր, սակայն առնչակիցներուն փոխանցեց, թէ գործադրութեան երաշխաւորը նախագահ Թրամփն ու Միացեալ Նահանգներն են»: . ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն տագնապի կառավարման փուլէն անցաւ շրջագծային համաձայնութեան բանաձեւի բոլոր յօդուածներով գործադրութեան ուժեղ մղում տալու փուլ, մեկնելով յստակ սկզբունքէ մը` պետութեան իշխանութեան տարածման ու զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելուն դիմաց...

Աուն Իսայի Հետ Քննարկեց Ուաշինկթըն  Սպասուող Իր Այցելութիւնը

Աուն Իսայի Հետ Քննարկեց Ուաշինկթըն Սպասուող Իր Այցելութիւնը

Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսան եւ անոր հետ քննարկած իր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրով Միացեալ Նահանգներ պաշտօնական այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ներկայ կացութիւնները: Աուն հանդիպումի ընթացքին անհրաժեշտ նկատած է հարաւային Լիբանանի մէջ զինադադարի ամրապնդումը, թշնամական արարքներու դադրեցման համար Իսրայէլի վրայ ճնշումի գործադրութիւնը, եւ...

Թրամփ. «Սուրիոյ Նախագահը Ինծի Տուաւ  Հըզպալլայի Վերաբերեալ Խոստում Մը,  Որ Պիտի Չբացայայտեմ»

Թրամփ. «Սուրիոյ Նախագահը Ինծի Տուաւ Հըզպալլայի Վերաբերեալ Խոստում Մը, Որ Պիտի Չբացայայտեմ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ  յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ իրեն Հըզպալլայի վերաբերեալ խոստում մը տուած է: Թրամփ Թուրքիայէն Ուաշինկթըն վերադարձի ընթացքին նախագահական օդանաւին վրայ լրագրողի մը «Շարհը կուսակցութեան հետ գործ ունենալու հարցին մէջ օգնութեան վերաբերեալ որեւէ խոստում տուա՞ւ» հարցումին պատասխանելով ըսաւ. «Այո՛, այդ մէկը ըրաւ»: «Ան հոյակապ աշխատանք կը կատարէ: Ան Սուրիան միաւորեց: Պիտի չբացայայտեմ ինծի ինչ ըսաւ,...

Քաց. «Լիբանան Մնալու Համար  Արտօնութեան Կարիք Չունինք»

Քաց. «Լիբանան Մնալու Համար Արտօնութեան Կարիք Չունինք»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց նշեց. «Լիբանան մուտք գործելու համար ոչ մէկ կողմէն հրաման առինք, եւ այդտեղ մնալու համար արտօնութեան կարիք չունինք»: «Լիբանանի ապահովական շրջանին մէջ պիտի մնանք եւ այդտեղ պիտի գործենք, մինչեւ որ Հըզպալլան ամբողջ Լիբանանի մէջ զինաթափուի», ըսաւ Քաց: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն, Քաց այդպիսով կը պատասխանէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ յայտնած էր, որ կը...

Պըրրի. «Խորհրդարանը Իր Բոլոր Երեսփոխաններով  Կը Կանգնի Պահ Դրուած Գումարներու  Ելեւմտական Բացի Օրէնքին Ճամբով Ամբողջական  Վերադարձը Ապահովելու Ետին»

Պըրրի. «Խորհրդարանը Իր Բոլոր Երեսփոխաններով Կը Կանգնի Պահ Դրուած Գումարներու Ելեւմտական Բացի Օրէնքին Ճամբով Ամբողջական Վերադարձը Ապահովելու Ետին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց Միջազգային դրամական ֆոնտի դիտարկումներուն համապատասխանող նոր տեսքով վերադարձուած դրամատուներու վերադասաւորման առնչուած օրինագիծն ու օրէնքները աւարտին հասցնելու խորհրդարանի մտադրութիւնը: Ան Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու, ինչպէս նաեւ Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Զուիցերիոյ եւ Եւրոպական Միութեան դեսպանները ընդունելուն ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանը իր բոլոր երեսփոխաններով կը կանգնի պահ դրուած գումարներու ելեւմտական բացի օրէնքին ճամբով ամբողջական վերադարձը ապահովելու ետին, եւ ատիկա...

Շէյխ Քասեմ. «Կառչած Կը Մնանք Իրան-Միացեալ  Նահանգներ Փոխըմբռնման Հոլովոյթին,  Եւ Իրանի Հետ Պիտի Մնանք Մարտի Դաշտին Մէջ»

Շէյխ Քասեմ. «Կառչած Կը Մնանք Իրան-Միացեալ Նահանգներ Փոխըմբռնման Հոլովոյթին, Եւ Իրանի Հետ Պիտի Մնանք Մարտի Դաշտին Մէջ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց. «Կառչած կը մնանք Իրան-Միացեալ Նահանգներ փոխըմբռնման հոլովոյթին, Իրանի հետ պիտի մնանք մարտի դաշտին մէջ, եւ պիտի չընկրկինք»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին եւ ըսաւ. «Պէտք է բոլորս աշխատինք Լիբանանէն ամերիկեան հոգատարութիւնը վերցնելու համար»: «Մենք կառչած ենք այս ընտրանքին, որովհետեւ ան իր օգտաշատութիւնը փաստեց, եւ մեզի համար յաւելեալ ուժ է: Առանց Իրանին Դիմադրութեան դիմադրողականութենէն ետք...

Կոստանեան-Շուքէյր Հանդիպում

Կոստանեան-Շուքէյր Հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան հանդիպում ունեցած է Լիբանանի նախագահի աշխատակազմի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շուքէյրի հետ: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Հանդիպումի ընթացքին Շուքէյր շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Լիբանանին ցուցաբերուող շարունակական աջակցութեան, ներառեալ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման համար: Բարձր գնահատելով երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները` Կոստանեան վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը` շարունակելու աջակցիլ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԿԻՊՐՈՍԻ նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես Նիկոսիոյ մէջ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Կիպրոս հետաքրքրուած է ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտին յաջորդող փուլը քննարկելու համար Լիբանանի հետ Ֆրանսայի մասնակցութեամբ բջիջի մը ստեղծման հարցով: . ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւնը Իրան-Միացեալ Նահանգներ փոխըմբռնման յուշագիրի Լիբանանին վերաբերող բաժինը դարձուց ոչ անհրաժեշտ»: . «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն...

Ուաշինկթընի Մէջ Լիբանանի Դեսպանատուն.  «Սպիտակ Տունը Նախագահ Աունին 21 Յուլիսին  Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու  Պաշտօնական Հրաւէր Յղեց»

Ուաշինկթընի Մէջ Լիբանանի Դեսպանատուն. «Սպիտակ Տունը Նախագահ Աունին 21 Յուլիսին Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու Պաշտօնական Հրաւէր Յղեց»

Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը յայտարարեց, թէ Սպիտակ տունը հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին պաշտօնական հրաւէր յղած է 21 յուլիսին Ուաշինկթըն այցելելու եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպում ունենալու: Դեսպանատունը նշեց, որ այս հրաւէրը Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ երկարատեւ գործընկերութիւնը կ՛արտացոլացնէ եւ երկու նախագահներուն կարելիութիւն կու տայ քննարկելու հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, որոնց շարքին` երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանային անվտանգութիւնը եւ...

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Նախագահական պալատը յայտարարեց, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունած է վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ անոր հետ անդրադարձած երկրի ընդհանուր կացութեան ու հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն` կեդրոնանալով զինադադարի ամրապնդման եւ փորձառական շրջաններէն իսրայէլեան հեռացման արագացման անհրաժեշտութեան վրայ: Անոնք նաեւ անդրադարձած են կառավարութեան` իսրայէլեան հեռացումէն ետք վնասուած շրջաններ բնակչութեան վերադարձը դիւրացնելու համար ճամբաները բանալու, աւերակները վերցնելու եւ ենթակառոյցները վերականգնելու պատրաստութիւններուն:...

Վատեֆուլ. «Լիբանան Պէտք Է Հըզպալլայի Դէմ Եւ Իր Հողերէն Իսրայէլի Որեւէ Վտանգի  Չենթարկուիլը Երաշխտաւորէ»

Վատեֆուլ. «Լիբանան Պէտք Է Հըզպալլայի Դէմ Եւ Իր Հողերէն Իսրայէլի Որեւէ Վտանգի Չենթարկուիլը Երաշխտաւորէ»

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ Լիբանանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց Հըզպալլայի դէմ դնելու եւ երկրի հարաւին վրայ պետութեան վերահսկողութիւնը վերականգնելու: Վատեֆուլ, որ նախապէս զօրակցած էր Իսրայէլի հարաւային Լիբանան ներխուժման, բարձր գնահատեց Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ամերիկեան միջնորդութեամբ գոյացած փոխըմբռնման յուշագիրը: Գերմանական դիւանագիտութեան պետը Երուսաղէմի մէջ իր իսրայէլացի պաշտօնակից Կիտէոն Սահերի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց. «Լիբանան պէտք է վճռակամութիւն...

Page 24 of 985 1 … 23 24 25 … 985

Արխիւներ