Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 18, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իսրայէլեան ընտրութիւններէն մեզ բաժնող օրերը, Պենիամին Նեթանիահուի Ալի Թահերի ճակատամարտը վճռելու ճամբով բարոյական ձեռքբերում արձանագրելու վրայ պնդելուն լոյսին տակ, ապահովական եւ զինուորական մակարդակներու վրայ չափազանց դժուար պիտի ըլլան»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայան. «Իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի Լիբանանի մէջ քանի մը օրուան վրայ երկարող կռիւի վերականգնման կարելիութեան:

Պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ իսրայէլեան բանակը պիտի չհրաժարի հարաւային Լիբանանի մէջ Ալի Թահեր բարձունքներէն:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանի նկատմամբ Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը ունի գործնական բնոյթ, որ կը կեդրոնանայ պետութեան դերակատարութեան վրայ, պահպանելով յստակ նպատակ մը` Հըզպալլայի զինուորական ենթակառոյցի կազմաքանդումը»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Ուաշինկթըն կ՛ուզէ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ կռիւը կրճատել` կեդրոնանալու համար Իրանի վրայ, մինչ Թել Աւիւ կը փորձէ զինուորական ձեռքբերումները պահպանել»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Կարելի չէ անտեսել, որ լիբանանեան թատերաբեմի վրայ Թուրքիոյ քայլերը համակարգուած են ամերիկացիներուն, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի հետ:

«Անգարան կ՛աշխատի մէկէ աւելի գիծերու վրայ. առաջինը` լիբանանեան պետութեան հետ` ամրապնդելու անոր դիրքերը իսրայէլեան յարձակումներուն դէմ, երկրորդը` լիբանանեան բանակին հետ, որովհետեւ Թուրքիան իր պատրաստակամութիւնը կ՛արտայայտէ լրացուցիչ օգնութիւն ցուցաբերելու եւ անոր կարողութիւնները բարելաւելու, երրորդը` բազմակողմանի օգնութիւն առաջարկելով, ներառեալ բժշկական մակարդակի վրայ, սնունդ, տեղահանուած անձերու համար ապաստան եւ վերակառուցման օգնութիւն: Այս ծիրին մէջ Լիբանան պիտի այցելեն օժանդակութեան թրքական կազմակերպութիւններ, եւ նախապատրաստական աշխատանքներ կ՛ընթանան Թուրքիոյ նախագահի որդիին` Պիլալ Էրտողանի այցելութեան համար:

«Չորրորդը` Հըզպալլայի հետ` փորձելով զայն համոզել զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու` Իսրայէլի լիակատար հեռացման եւ պատերազմն ու յարձակումները չշարունակելու երաշխիքներու դիմաց: Ասիկա նաեւ կը ներառէ լուրջ եւ վերջնական համաձայնութիւններու ձեռքբերում` կանխարգիլելու, որ Հըզպալլան Սուրիոյ համար որեւէ սպառնալիք ներկայացնէ, հաւասարութեան, տնտեսական եւ ներդրումային համարկման վրայ հիմնուած Սուրիա-Լիբանան յարաբերութիւններու ամրապնդման դիմաց` «արգաւանդ մահիկ»-ի ներկայացած առիթներէն օգտուելու համար:

«Այս հարցերու հիմնական մասը պիտի քննարկուի թրքական հետախուզութեան պետ Իպրահիմ Քալընի Լիբանան կատարելիք յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քասեմ Հաշեմ «Սաութ Քուլ Լուպնան»-ին. «Այն, ինչ որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենայ, կարելի չէ զինադադար նկատել: Պահանջուածը յարձակումներու համապարփակ դադրեցումն եւ բռնագրաւուած հողերէն Իսրայէլի հեռացումն է, իսկ զէնքի թղթածրարը ներքին հարց մըն է, որ համախոհութեամբ կը լուծուի»:

. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն հրապարակեց քանի մը օր առաջ խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած թիւ 68 օրէնքը, որ Լիբանանի մէջ մահապատիժը կը ջնջէ:

. «ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ ԱՐԱՊԻԱ». «Նախագահ Աուն 20 օգոստոսին Հռոմի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Լեւոն ԺԴ. պապին հետ:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Հատաս»-ին. «Հըզպալլան մինչեւ հիմա Իրանէն Իսրայէլի վրայ գործողութիւններ շղթայազերծելու «կանաչ լոյս» չստացաւ»:

 

 

Նախորդը

Իրան – Միացեալ Նահանգներ Վերջնական Համաձայնութեան Հասնելու 60-Օրեայ Պայմանաժամը Վերջ Գտաւ

Յաջորդը

Պայտուն. «Հարաւցիներուն Համար Գաղթակայաններ Չենք Ուզեր, Այլ Իրենց Գիւղեր Վերադարձը»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.