. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան կը յայտնէ, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն այս շաբաթ Հռոմ պիտի մեկնի վարելու համար բանակցութիւններ, որոնք մասնաւորաբար պիտի կեդրոնանան երկրի հարաւին մէջ այս տարուան աւարտին ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք միջազգային ուժերու ապագային վրայ:
. ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատէն աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն մեծ յոյս կը կապէ Հռոմ այցելութեան, ուր Իսրայէլի հետ բանակցութիւններուն մէջ Լիբանանին աջակցութիւն, զինուորական մագլցումի դադրեցման երաշխիքներ եւ լիբանանեան բանակին եւրոպական մեծ աջակցութիւն պիտի խնդրէ»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Հաւանական կը նկատուի, որ Իսրայէլ փորձէ 27 հոկտեմբերի ընտրութիւններէն առաջ, թէկուզ զինուորական բարձր գին վճարելով, մուտք գործել Ալի Թահեր` հիմնուելով իր զինանոցի եւ թեքնիք առաւելութեան վրայ, որովհետեւ Նեթանիահուն Ալի Թահերի մէջ յաղթանակի լուսանկարի կարիք ունի»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլայի Ալի Թահերի դիրքը լիբանանեան բանակին յանձնելու նախաձեռնութեան պատասխանը առաւելաբար ժխտական էր, որովհետեւ կուսակցութիւնը տակաւին կառչած կը մնայ այդ առաջարկը մերժելուն»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Իսրայէլացին Ալի Թահեր բլուրը շրջափակեց, իսկ Հըզպալլան կը փորձէ այդտեղ մուտք գործել կարիքները ապահովելու համար»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ աղբիւր մը «Մուտուն»-ին. «Այն, ինչ որ այսօր կը տեսնենք, կապուած է երկու ազդակներու. առաջինը` Իսլամապատի համաձայնութիւնն ու անոր իբրեւ արդիւնք մագլցումի դադրեցումն է, իսկ երկրորդը Ուաշինկթընի բանակցութիւններու հոլովոյթն է, եւ այն, ինչ որ կը կոչուի փորձնական շրջաններ, որոնք ի յայտ եկան, թէ իսրայէլեան խուսանաւում մըն էին»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ աղբիւր մը «Մուտուն»-ին. «Կուսակցութիւնը պէտք է իր թայմինկը այնպէս մը ընտրէ, որ իսրայէլացիին չօգնէ ազատօրէն գործել, մանաւանդ լոյսին տակ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու ներկայ ձախողութեան, որ իսրայէլացիին կ՛արտօնէ ներկայ բացը շահագործել եւ հարաւային Լիբանանի մէջ հարուածներ ու շարժումներ կատարել»:
. ԳԵՐԻՇԽԱՆԱԿԱՆ քաղաքական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Պաշտօնական Լիբանանը կը բաւարարուի այս սեւ տեսարանը որակելով եւ դատապարտելով իսրայէլեան բանակի արարքները ամէն անգամ, որ մանուկ մը, տարեց մը կամ ընտանիք մը կը սպաննուի, եւ այս տգեղ իրողութեան վրայ որեւէ փոփոխութիւն չի յառաջանար»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն տակաւին հարաւային Լիբանանի մէջ շարունակուող մագլցումին կը վերաբերի իբրեւ պատերազմը վերսկսելու իսրայէլեան որոշումի մակարդակը չունեցող տեղայնական բախումներ` մեկնելով ամերիկեան գնահատումէն, թէ համապարփակ ճակատումի դիմելը արգիլող որոշումը տակաւին ուժի մէջ է»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Զօր. Հայքալ-զօր. Քլիրֆիլտ հանդիպումը վերջնական համաձայնութեան չյանգեցաւ, այլ` համակարգման կապերը բաց պահելու եւ ստուգման մեքանիզմի քննարկումը շարունակելու շուրջ փոխըմբռնման` նկատի ունենալով, որ թղթածրարը տակաւին թեքնիք փուլի մէջ է, եւ չէ հասունցած այն ձեւաչափը, որ կարելի է որդեգրել»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Կը սպասուի, որ իրաքեան կառավարութիւնը, որուն առնչակից նախարարներուն մեծամասնութիւնը ներկայ էր Լիբանանի հետ բանակցութիւններուն, շուտով հրապարակէ Լիբանանը Պասրա-Պանիաս գիծին կապելու հրամանագիրը, իսկ լիբանանեան կառավարութիւնը իր կարգին պիտի հրապարակէ գործադրութեան հրամանագիրը»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյր յայտարարեց, թէ Տնտեսական խորհուրդները 26 եւ 27 օգոստոսին պիտի հիւրընկալեն էմիրաթական տնտեսական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին առեւտուրի նախարար դոկտ. Թանի Պըն Համատ Զայուտիի: Ան աւելցուց, որ պատուիրակութիւնը կը ներառէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մեծագոյն տնտեսական ղեկավարներն ու գործարարները:


