Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրին մէջ տիրող ընդհանուր եւ մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի կացութեան` հարաւային շարք մը գիւղաքաղաքներու ու գիւղերու վրայ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակման լոյսին տակ:
Քննարկումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքացիները հանգստացնելու համար լիբանանեան բանակին բռնագրաւումի տակ չեղող գիւղերուն մէջ իր տեղակայումը ամրապնդելու քայլերուն, ինչպէս նաեւ պետական վարչութիւններու աշխատանքներու վերականգնման:
Նախագահն ու վարչապետը նաեւ քննարկեցին վաղը Պաապտայի պալատին մէջ գումարուելիք նախարարաց խորհուրդի նիստի օրակարգին եւ 2027 թուականի պետական ամավարկի քննարկման հոլովոյթին, որ սկսաւ վարչապետարանին մէջ կառավարութեան գումարած ժողովի նիստերով:
Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ սեպտեմբերի երրորդ շաբթուան ընթացքին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակից լիբանանեան պատուիրակութեան գլխաւորման պատրաստութիւններուն:


