. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց երկուշաբթի, 14 սեպտեմբերին եւ երեքշաբթի, 15 սեպտեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին լիագումար նիստի` կառավարութեան գործունէութեան քննարկման համար: Աւելի ուշ, Պըրրի թուականները բարեփոխելով նիստերը նշանակեց 15 եւ 16 սեպտեմբերին:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Գերիներու յանձնման երկրորդ փուլ չկայ»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Աւանդական իմաստով իսրայէլեան հեռացման մասին չենք խօսիր, այլ հարաւային Լիբանանի մէջ խորքը աւելի նուազ, աւելի հաստատ դիրքերով, հսկողութեամբ եւ շարունակուող կրակային ուժով տեղակայման վերադասաւորման փորձի մասին»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Մինչեւ հիմա ստացուած տուեալները կը վկայեն իսրայէլեան ուժերու վերաբաշխման եւ տեղակայման խորութեան ճշգրտման մասին, եւ ոչ թէ` Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի տարածքին մէջ իր զինուորական ներկայութենէն հրաժարելու մասին»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նախագահին կողմէ ամերիկացիներուն հետ աշխուժ հաղորդակցութիւններուն զուգահեռ, Նապաթիէն ականատես եղաւ բանակի լայնածաւալ տեղակայման` նախագահին եւ բանակի հրամանատարին որոշումով ձեռնարկուած քայլով մը, որուն նպատակն է քաղաքին խնայել ճակատագիրը հարաւային Լիբանանի շարք մը տարածքներու, որոնք աւերուեցան»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակը արդէն իսկ Նապաթիէ քաղաքին մէջ ներկայ էր, եւ երէկ անոր թաղամասերուն մէջ իր պարեկային աշխատանքը աշխուժացուց` քաղաքին սպառնացող վտանգներու մասին տարաձայնութիւններէ ետք բնակչութիւնը հանգստացնելու համար»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Հըզպալլան շահագրգիռներուն տեղեկացուց, թէ Նեթանիահուին իր ընտրական հաշիւներուն համար ուզածը պիտի չտայ անոր ուզած պահուն, եւ զինուորական գետնի վրայ իր լռութիւնը դիտաւորեալ է»:
. ՇԻԻՆԵՐՈՒ իսլամական գերագոյն խորհուրդին մօտիկ աղբիւրներ, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու դեսպան Իսայի այցելութեան, «Մուտուն»-ին. «Ամերիկեան փորձ մըն է` Լիբանանի պետութեան հեղինակութիւնը ամրագրելու ապագայ որեւէ բանակցային հոլովոյթի կամ կարգաւորման մէջ` առանց բացառելու անոր քաղաքական եւ դիւանագիտական երկխօսութեան ուղի բանալը»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը սկսաւ «Օժերօ»-ի պաշտօնեաներու սենտիքայէն բացատրութիւն պահանջել, թէ դէպի մագլցո՞ւմ կ՛ուղղուի, թէ՞ դէպի գործադուլի յայտարարութիւն»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «պետական անվտանգութեան մտահոգութիւնը կապուած չէր հեռահաղորդակցութեան ցանցի կամ անոր կառոյցներու դէմ ուղղուած անվտանգութեան սպառնալիքին հետ, այլ կեդրոնացած էր «Օժերօ»-ի աշխատակիցներու միութեան իրավիճակի սրման եւ գործադուլի ուղղութեամբ երթալու մտադրութիւններուն վրայ»:


