Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

December 25, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Բագրատունի եւ Պըրրի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր  ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ տօնական օրերու սեմին Պըրրիի հետ հանդիպումը զիրենք կ՛առաջնորդէ լաւատեսութեան:

«Խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեցինք զանազան հարցեր, յատկապէս ընտրական օրէնքին, երկրին կայունութեան եւ տնտեսական կացութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Այս լաւատեսութիւնը թարգմանուեցաւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու պատասխանատուներէն մէկուն կողմէ Պըրրիի հետ արձանագրուած հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ, որուն ընթացքին խորհրդարանի նախագահին փոխանցուեցաւ, թէ ընդդիմութիւնը համաձայն է ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբին աշխատանքները շարունակել: Եւ ըստ այնմ որոշուեցաւ Հայկական Ս. Ծնունդէն ետք վերսկսիլ ընտրական յանձնախումբի նիստերուն», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը` իբրեւ Լիբանանի մէջ հիմնական համայնք, կրցած է անցնիլ դէպի  լաւատեսութիւն եւ կը փափաքի յանգիլ արդար ընտրական օրէնքի մը, ուր իւրաքանչիւր համայնքի եւ քաղաքական կողմի արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովուի: «Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան տօներուն առիթով լիբանանցիներուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն յաւելեալ միասնականութիւն, փոխըմբռնում եւ անկեղծութիւն կը մաղթեմ», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Աունի, երեսփոխան Միշել Մըրի, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ շարք մը նախարարներու եւ երեսփոխաններու հետ` անոնց փոխանցելով իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները` Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:

Նախորդը

Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Որոշեցին Վերադառնալ Ընտրական Օրէնքի Խորհրդարանական Սեղմ Յանձնախումբի Նիստերուն

Յաջորդը

«Բազմաթիւ Սուրիահայեր Ընտրութիւններէն Ետք Հայաստանի Մէջ Գործի Պիտի Սկսին» Յայտարարեց Հրանուշ Յակոբեան

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.