Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Քաղաքացիներուն Թղթածրարը` Բարձր Կրակի Վրայ

December 25, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարարական քառանդամ յանձնախումբը` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Մինչ անպաշտօն աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները այսօր պիտի ուղղուին նախագահական պալատ եւ բողոքի նստացոյցով մը փակեն Պաապտայի ճամբան, առեւանգեալներուն թղթածրարը հետապնդելու նպատակով շիի համայնքի գերագոյն խորհուրդին կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ երէկ յայտնեց, որ առեւանգեալներու հարազատներուն կողմէ դէպի նախագահական պալատ առնուելիք քայլերը հետեւանք են իրենց հարազատներուն հարցին նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումին:

Շէյխ Զղէյպ յայտնեց, որ առեւանգեալներուն ընտանիքներուն քայլը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի անձին դէմ չէ, այլ նախագահական պալատին:

Իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ շէյխ Զղէյպ կոչ ուղղեց թրքական արտադրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու, որովհետեւ հիմնականին մէջ Թուրքիան պատասխանատու է առեւանգուած լիբանանցիներուն տունդարձին:

Առեւանգեալներուն հարազատներուն կողմէ ուղղուած սպառնալիքներուն շրջագիծին մէջ Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատունը կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ ապրող թուրք քաղաքացիներուն զգուշանալու, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն` այս հանգրուանին Լիբանան չուղղուելու:

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա պատասխանատու չէ լիբանանցիներուն առեւանգումին:

Միւս կողմէ, Ազազի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին պատասխանատու նախարարական յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, արդարութեան նախարար Շեքիպ Քըրթպաուի եւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, գումարեց իր նիստը, որ տասը օր առաջ ճշդուած էր:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցան լիբանանեան-թրքական երկկողմանի հեազասահ յարաբերութիւններն ու զանոնք պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Նիստէն ետք Ժրայսաթի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը թրքական պետութենէն բացի ոչ մէկ այլ պետութեան հետ պիտի գործակցի` ազատ արձակելու համար լիբանանցի առեւանգեալները:

Իր կարգին, Մարուան Շարպել նշեց, որ քաղաքական որոշ իրադարձութիւններու պատճառով լիբանանցի առեւանգեալները ազատ արձակելու թուականները շրջուած են:

Նախարար Մանսուր ընդգծեց Պէյրութ-Անգարա ամրապնդուած յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ լիբանանցի առեւանգեալներուն տունդարձին առումով Թուրքիա հիմնական դերակատարութիւն ունի:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ուահապ. «Սուրիոյ Աֆղանացումը Լուրջ Մտահոգութիւն Է Մեզի Համար»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.