Ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեան Տիգրան Մարտիրոսեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ 2013 տարիէն մեծ ակնկալութիւններ ունի, սակայն… խոստումներ չի տար:
«Դժբախտաբար, այս տարին այդքան ալ յաջող չէր: Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու համար չմասնակցեցայ Եւրոպայի ախոյեանութեան: Սակայն, կատարած փորձերուս ընթացքին վիրաւորուելով, անոնցմէ ոչ մէկուն ալ կրցայ մասնակցիլ: Այսուհանդերձ ընդհանուր առմամբ հայ մարզիկներուն համար տարին յաջող էր», ըսաւ Մարտիրոսեան:
Աշխարհի ախոյեանը այժմ ուսումնամարզական հաւաքներ կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ: Ան 2013-ին պիտի մասնակցի Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան:
1988-ին Գիւմրիի մէջ ծնած Մարտիրոսեան, 2010-ին հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան, իսկ Փեքինի ողիմպիական խաղերուն հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր:


