Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ գրասենեակը կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ` հայամէտ ծերակուտական Ճոն Քերիի թեկնածութիւնը երկրի յաջորդ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին առաջադրելու մասին որոշումը` յիշեցնելով, որ Քերի շուրջ երեք տասնամեակներէ ի վեր աջակցած է ամերիկահայ համայնքին` Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցերուն մէջ:
Օպամա հայամէտ ծերակուտականին թեկնածութիւնը առաջադրած է երկրի յաջորդ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին, իսկ հայամէտ ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտես կը նկատուի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին Քերին փոխարինելու թեկնածու:
«Մենք կ՛ակնկալենք ծերակուտական Քերիի հետ նոր` արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին տիրանալէն ետք կառուցողական աշխատանքը շարունակել», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեան` ընդգծելով, որ Քերին կը ձգտի վերջ տալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգները լռեցնելու Թուրքիոյ փորձին, կը փորձէ ամրապնդել Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւնները եւ կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման:
«Ծերակուտական Քերին առաջին անգամ Ծերակոյտ մուտք գործած է 1984-ին: 2009-ին ան յաջողութեամբ փոխարինած է գործող փոխնախագահ Ճօ Պայտընը` իբրեւ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ:
«Ան տարիներ շարունակ պայքարած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար` համահովանաւորելով բազմաթիւ բանաձեւեր, Միացեալ Նահանգներէն պահանջած չաջակցիլ Թուրքիոյ` տակաւին անպատժելի այդ յանցագործութեան ժխտման հարցին մէջ:
«Իբրեւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ` ան ճնշում գործադրած է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Ֆրենսիս Ռիքարտոնէի վրայ` Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստանի շրջափակման, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական առկախուած յարաբերութիւններու հարցերուն մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ յիշեցում կը կատարուի, որ այս տարի Քերի դատապարտած է Իլհամ Ալիեւի կողմէ հայազգի սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացնահարելով սպաննած Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելը: Ան Ալիեւի այդ քայլը որակած էր իբրեւ սադրանք, որ պիտի վնասէ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան ու կայունութեան:
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահի թեկնածու Ռոպըրթ Մենենտես նոյնպէս աչքի ինկած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ հայկական կողմի շահերու պաշտպանութեամբ: Ան ծերակուտական Պարպարա Պոքսըրի հետ ջանքեր ի գործ դրած է Մեթիու Պրայզայի Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին վրայ նշանակումը կանխարգիլելու հարցին մէջ:


