Նախ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Օքապ Սաքըր խստիւ դատապարտեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ սփռուած արձանագրութիւնները, որոնք կեղծուած են եւ մեծ զեղծարարութեան մը համազօր կը նկատուին, որովհետեւ անհիմն են:
Սաքըր հաստատեց, որ այդ արձանագրութիւնները զեղծարարութիւն կը նկատուին: Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին սանձելու այս հարցով շարունակուող զեղծարարութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա սովորական զեղծարարութիւն մը չէ, այլ կը սպառնայ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններուն եւ կը նպատակադրէ Լիբանանի մէջ սիւննի-շիի սադրանքներ նախապատրաստել:


